«Ա.»
ՔԱԿ-ի արգելափակեալ ղեկավար Ապտիւլլահ Օճալանի նամակը, ուղղուած` հայ ժողովուրդին, պարզագոյն բանաձեւումով խառն ուղերձներ (mixed messages) կը փոխանցէ ընթերցողին:
Նախ կարելի չէ անտեսել այն երեւոյթը, որ միեւնոյն կուսակցութեան ղեկավարներէն Պեսէ Հոզաթ հայկական լոպին մեղադրած էր Թուրքիոյ ուրուական պետութիւններէն մէկը ըլլալու յանցանքով, որուն հերքումի ձեւով մեկնաբանուեցաւ Օճալանի նամակը: Խառն ուղերձի տրամաբանութեան մէջ կ՚իյնայ սկսելու համար նամակի այն բաժինը, ուր քիւրտ ղեկավարը հայ ժողովուրդին համեստաբար կ՛առաջարկէր, որ առանց ցեղապաշտ-ազգային թակարդներու մէջ իյնալու շարունակէ իր պայքարը` հեռու մնալով «մեր ժողովուրդները տակաւին դարեր շարունակ իրարու թշնամացնել նպատակադրող միջազգային դրամատէր ուժերու եւ լոպիներու չարամտութենէն»: Եւ եթէ նամակի բովանդակութեան բնութագիրը ընդհանուր առումով խառն պատգամներով կարելի է բնորոշել, ապա այստեղ արդէն գրեթէ միանշանակ կը դառնայ հայութեան պայքարը ապալոպիիստականացնելու (*) կոչը: