Showing posts with label Արա Սարաֆեան. Show all posts
Showing posts with label Արա Սարաֆեան. Show all posts

19.12.16

Հարցազրոյց պատմաբան, Լոնտոնի «Կոմիտաս» հիմնարկի հիմնադիր-տնօրէն Արա Սարաֆեանի հետ

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

«Նոր Յառաջ» - Դուք հրատարակչական հսկայական աշխատանք տարած էք՝ «Կոմիտաս» հիմնարկի ծիրէն ներս, նաեւ օրին հրատարակիչը եղած էք «Armenian Forum» եռամսեայ գիտական անգլիատառ հանդէսին։ Նկատի ունենալով որ նման գիտական աշխատութիւններու մասին լրատուութեան պակասը զգալի է հայկական լրատու դաշտին մէջ, կը խնդրենք որ մեզ լուսաբանէք ձեր կողմէ իրագործուող այս կարեւոր առաքելութեան մասին։ Ցարդ ի՞նչ աշխատանքներ տարուած են այս ուղղութեամբ եւ ի՞նչ պէտք է ընել որպէսզի մտաւորականութեան հետ մեր համայնքներու անդամներուն կապը վերահաստատուի եւ շարունակական ըլլայ։

28.10.13

Արա Սարաֆեան. «Պէտք է Թուրքիոյ մէջ ապահովենք Սփիւռքի ներկայութիւնը»

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
 
Հարցում - Լոնտոնի «Կոմիտաս» հիմնարկի տնօրէնն էք։ Ինչպէ՞ս հիմնուեցաւ «Կոմիտաս» հիմնարկը։
Արա Սարաֆեան - Միացեալ Նահանգներու մէջ աշակերտական խմբակ մը ունէինք եւ կ՚ուզէինք Սուրէն Աբրահամեանի յուշերը տպագրել եւ երբ գիրքը պատրաստուեցաւ հիմնեցինք «Կոմիտաս» հիմնարկը ու հրատարակեցինք հատորը։ Այնուհետեւ նկատի ունենալով հիմնարկի յաջողութիւնները իմ նախաձեռնութեամբ Ցեղասպանութեան վերաբերեալ վաւերագրական փաստաթուղթերու շարք մըն ալ հրատարակեցինք (Մորկընթաուի օրագրութիւնը, եւայլն) եւ կամաց-կամաց ընդարձակուեցաւ աշխատանքը։ Հրատարակած ենք օրինակ Մարկ Նշանեանի կամ Ռիթա Սիւլահեանի գործերը…։ Ժամանակի ընթացքին պզտիկ գումար մըն ալ ապահովելով կրցանք գոցել մեր ծախսերը։ Հիմնարկի կազմակերպչական կորիզը իմ հսկողութեամբ հոս՝ Լոնտոն կը գտնուի եւ պետութեան մօտ պատասխանատուն ես եմ։