Showing posts with label հայացումն. Show all posts
Showing posts with label հայացումն. Show all posts

8.2.13

Սեքսից մինչեւ հաճոյքաճխտիկ, կամ ժամանակակից հայերէնի պատկերը

ԱՐՄԱՆ ԹԱԴՈՍԵԱՆ

Դիմագիրքին մէջ կատարուած այս գրառումը կը բխի միեւնոյն սկզբունքէն, որ աւելի քան հարիւրամեակէ մը կը շարունակէ պարբերաբար իր գլուխը ցցել հայ իրականութեան մէջ. այսինքն՝ «կուլտուրա» կամ «ֆիլոլոգիական» բառերը չեն կրնար հայերէն թարգմանուիլ «մշակոյթ» կամ «բանասիրական» բառերով (Վահան Տէրեան)։ Բնականաբար, ամէն տեսակ հայացում կարելի չէ ընդունիլ որպէս վերջին խօսք, եթէ տրամաբանութեան կամ ճաշակի դէմ կը գործէ (վկա՛յ՝ «երկարախմորակլորածակ»ի անփառունակ ճակատագիրը)։ Ոչ ալ կարելի է հայացնել ամէն ինչ անխտիր։ Բայց ասիկա չի նշանակեր, որ ամէն մէկ հայացում պէտք է մէկ կողմ նետել՝ որպէս թէ «տխմարագոյն համարժէք»։ Հեղինակը թերեւս պարտաւոր էր իր ութը տողնոց ներածականին մէջ գոնէ մաքսիմում բառին հայերէնը գործածել. կամ արդեօք «առաւելագոյնս» բառը նոյնպէս տխմարներու ստեղծո՞ւմն է։
Հեղինակին քով-քովի բերած բառերուն աղբիւրներուն ծանօթ չեն, նոյնիսկ՝ յիշեալ հայացումներէն մէկ քանիին երբեք չենք հանդիպած ցարդ։ Որպէս «զուարճանքին» մեր մասնակցութիւնը, այդ հայացումներուն կցած ենք (ընդգծումով) մեզի ծանօթ հայերէն ձեւերը, որոնց հանդիպած ենք մամուլի կամ հեղինակաւոր բառարաններու մէջ։ Երբեմն պարզապէս կցած ենք մեր դիտողութիւնները։ Երբ որեւէ բառ (ներառեալ հեղինակին մէջբերումը) մեզի ծանօթ չէ, բաց ձգած ենք։
ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ