ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Յուլիս
29-30ին, Երեւանի մէջ, տեղի ունեցաւ «Արեւմտահայերէնի եւ
արեւելահայերէնի մերձեցման խնդիրները» խորագրեալ գիտաժողովը,
Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի նախագահութեան
նիստերու դահլիճին մէջ, կազմակերպութեամբ՝ Սփիւռքի նախարարութեան
եւ Հայաստանի Ազգային Ակադեմիայի «Հրաչեայ Աճառեան» լեզուի
հիմնարկի։
Գիտաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին Հայաստանէն
եւ Սփիւռքէն լեզուագէտներ, մտաւորականներ, թիւով 30է աւելի
մասնագէտներ, որոնց ամէնօրեայ մտասեւեռման առարկան է հայերէնը՝
իբրեւ լեզուագիտութիւն, մշակութային ժառանգութիւն, ուսուցման
նիւթ, ազգային ինքնութեան համարկումի կալուած, իբրեւ
Հայաստան-Սփիւռք մերձեցման քաղաքական ազդակ։ Ներկայ էին նաեւ ազատ
ունկնդիր-մասնակիցներ, ուսուցիչներ, թարգմանիչներ…
Թէեւ
գիտաժողովին հիմնական խորագիրը հայերէնի երկու լեզուաճիւղերու
մերձեցումն էր, սակայն ան ունէր ուսումնասիրութեան աւելի լայն
շրջագիծ, երեք նիւթերու շուրջ՝
- արեւմտահայերէնի պաշտպանութիւնը,
- մերձեցման խնդիրներ,
- ընդհանրապէս հայերէնի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներ։
Նախատեսուած
էին հինգ նիստեր, որոնք պիտի քննարկէին վերոնշեալ վերնագիրներուն
տակ հայերէն լեզուի դիմագրաւած խնդիրները եւ որոնէին լուծումներ։
Չորեքշաբթի
Յուլիս 29ի առաւօտուն, բացումը կատարեց Սփիւռքի նախարարուհի
Հրանոյշ Յակոբեան հետեւեալ խօսքերով. «Համոզուած եմ, որ մայրենի
լեզուի երկու ճիւղերին նուիրուած այս գիտաժողովն իր նպաստը կը բերի
մեր լեզուի միասնական զարգացման ու գործառութեան, պահպանութեան,
կանոնարկման ու գիտական ուսումնասիրութեան, անաղարտութեան
պահպանութեան, ուսուցման խնդիրներին վերաբերող
նախաձեռնութիւնների, ծրագրերի, գործողութիւնների առաջադրման ու
իրագործման համար։
Մօտ 100 տարի է, որ Հայոց լեզուի ուղղագրութիւնը, դրա երկու ճիւղերի խնդիրները դարձել են քննարկումների առարկայ։
Հասկանալի
է, որ խօսքը վերաբերում է նաեւ Հայոց լեզուին, որը նոյնպէս
եղեռնահարուեց։ Ցեղասպանութեան պատճառած անդառնալի վնասներից
են նաեւ մեր լեզուական կորուստները, որոնց յաղթահարման ուղղութեամբ
շատ անելիքներ ունենք։
Անդառնալի կորստի մատնուեցին տասնեակ
արեւմտահայ բարբառներ, իր պատմական հայրենիքից եւ բնականոն
զարգացման հնարաւորութիւնից զրկուեց գրական արեւմտահայերէնը, որը
ծուէն-ծուէն եղած գոյամարտ է մղում աշխարհի չորս ծագերում։ Այն մեծ
աջակցութեան կարիք ունի, քանզի Սփիւռքում արեւմտահայերէնն ունի
հայապահպանական կարեւորագոյն գործառոյթ։ Մայրենին, իրաւամբ,
տունն է Հայի աշխարհի չորս ծագերում։
Անուրանալի են
լեզուապահպանութեան առումով Սփիւռքի կառոյցների ջանքերը։ Բարձր
գնահատանքի է արժանի յատկապէս հայ եկեղեցու աջակցութիւնն այդ
հարցում։ Հայաստանում եւս աշխատանքներ են ծաւալուել
արեւմտահայերէնի ուսումնասիրման, ուսուցման, դասագրքերի եւ
ուսումնական այլ նիւթերի ստեղծման ասպարէզում։ ՀՀ կառավարութիւնը,
ի դէմս Սփիւռքի նախարարութեան, համագործակցում է գիտութիւնների
ազգային ակադեմիայի, ԲՈՒՀ-ական հաստատութիւնների [ԲՈՒՀ =
Բարձրագոյն Ուսման Հաստատութիւններ], գիտամշակութային տարբեր
կազմակերպութիւնների հետ՝ արեւմտահայերէնի կիրառման ոլորտների
ընդլայնման, արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի մերձեցման,
հայրենազրկուած եւ կորստի մատնուած բարբառների նշխարները
հաւաքելու եւ ի մի բերելու համար։
Մենք պարտաւոր ենք
արեւմտահայերէնը պահպանել, մեր լեզուն անաղարտ պահել եւ ապահովել
հայերէնի միասնական զարգացումը՝ իբրեւ ազգային միասնութեան
պահպանման եւ պետականութեան զարգացման կարեւորագոյն գործօն»։
Ան
աւարտեց իր խօսքը ամփոփելով գիտաժողովին նպատակը. «Յարգելի
բարեկամներ, նախաձեռնելով այս համաժողովը՝ մենք լիայոյս ենք, որ
առաջադրուած խնդրով մտահոգ գիտնականներդ, մտաւորականներդ,
մանկավարժներդ հանդէս կը գաք իրավիճակի վերլուծութիւններով,
դիտարկումներով, առաջարկութիւններով, որոնք կը նպաստեն
լեզուապահպանութեանն աջակցելու համալիր ծրագրի մշակմանը,
Սփիւռքի հետ գիտակրթական կապերի ամրապնդմանը, արեւմտահայերէնի
դասաւանդման, ուսուցիչների վերապատրաստման ծրագրերի եւ
մեթոդների բարեփոխմանը, Հայաստանի Հանրապետութիւնում
արեւմտահայերէնի դասաւանդման որակական նոր մակարդակի ձեռքբերմանը,
հայերէնի երկու ճիւղերի համընթաց ու միասնական զարգացման,
փոխհարստացման ուղիների մշակմանը”։
Նախարարուհիէն ետք բարի
գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ Գիտութիւններու Ազգային
Ակադեմիայի նախագահ՝ Ռատիկ Մարտիրոսեանի փոխարէն՝ ԳԱԱ
Հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի
ակադեմիկոս-քարտուղար Եուրի Սուվարեան, որ յատկապէս ընդգծեց
լեզուի երկու ճիւղերու կանոնակարգման եւ բառամթերքի հարստացման
կարեւորութիւնը: Յատկանշական էր իր նշումը թէ՝ «առաջիկայում
գործելու է հայերէնի բարձրագոյն խորհուրդը, որն իր հերթին կը
նպաստի այդ խնդիրների լուծմանը։ Առկայ խնդիրները լուծելու
նպատակով ՀՀ ԳԱԱ Աճառեանի անուան լեզուի ինստիտուտում ստեղծուել եւ
գործում է արեւմտահայերէնի բաժին»։
Օրուան առաջին ելոյթը ունեցաւ
Հայաստանի Ազգային Ակադեմայի «Հրաչեայ Աճառեան» լեզուի
հիմնարկութեան նախագահ՝ Վիկտոր Կատվալեան, «Հայոց լեզուի առջեւ
ծառացած մարտահրաւէրները ցեղասպանութիւնից 100 տարի անց»
խորագրեալ զեկուցումով։ Ան անդրադարձաւ ցեղասպանութեան եւ
խորհրդային շրջանին՝ Ազէրպայճանի մէջ հայկական բարբառներու
կորուստին՝ լեզուի զարգացման ու երկու ճիւղերու մերձեցման
հասցուցած վնասներուն: Մասնաւորապէս շեշտեց՝ “Գիտաժողովի նպատակը
գրական լեզուի մէկ միասնական տարբերակ ունենալը չէ, այլ զարգացման
միասնական հեռանկարի եւ փոխհամաձայնեցուած կանոնակարգումն է
եւ փոխհարստացման ուղիների մշակումը եւ դրանց գործադրումը”:
Երկրորդ
խօսք առնողը եղաւ սուրիահայ լեզուաբան, մանկավարժ,
արեւմտահայերէնի դասագիրքերու հեղինակ, եւ այժմ Երեւանի Պետական
Համալսարանի դասախօս Յակոբ Չոլաքեան: Ան հանդէս եկաւ «Գրական
հայերէնի երկու ճիւղերու մերձեցման խնդիրները սփիւռքահայ դպրոցի
համապատասխան փորձի լոյսին տակ» զեկուցումով: Յ. Չոլաքեան ի միջի
այլոց առաջարկեց Հայաստանի դպրոցներու ծրագրին մէջ կանուխէն
ընդգրկել արեւմտահայ գրողներու գրականութիւնը՝ դասական
ուղղագրութեամբ, որպէսզի երախաները մատղաշ տարիքին ծանօթանան
արեւմտահայերէնին եւ դասական ուղղագրութեան։
Աւստրիոյ
գիտութիւններու ակադեմիայի գիտաշխատող Հրաչ Մարտիրոսեան
զեկուցեց «Խոհեր արդի հայերէնի խնդիրների շուրջ» թեմայով: Ան
անդրադարձաւ հայերէնի սովետական ուղղագրութեան գործադրութեան
պատճառով լեզուի արմատներու շտեմարանի նուազումի հարցին, այդ
երեւոյթը այնքան ալ վնասակար չնկատելով, պատճառաբանելով՝ որ
նախադասութիւնը կը բնորոշէ բառին իմաստը, ուրեմն, անհրաժեշտ չէ
տարբեր արմատներով զանազանել նմանաձայն արմատները։ Եւ
«Յարութիւն» ֆիլմին վրայ հիմնուելով ան անտեղի
նորաբանութիւններու եւ փոխառութիւններու առընչուող խնդիրներու
անդրադարձաւ:
Հ. Մարտիրոսեան, իբր եւրոպական միջավայրի
մէջ ծառայող երիտասարդ գիտաշխատող, սովետական դպրոցի միակ
կարծրատիպ ներկայացուցիչն էր այս համագումարին ընթացքին։ Իսկ
Լեւոն Եզեկեան, նոյն դպրոցի տարեց միակ անձնաւորութիւնն էր, որ իր
խօսքը ըսելէ ետք շուտով հեռացաւ դահլիճէն։
Գիտաժողովը
ընթացաւ շատ դրական մթնոլորտի մէջ։ Նոյնիսկ վերոնշեալ երկու
ներկայացուցիչներու ներկայութիւնը անհրաժեշտ էր, կարծիքներու եւ
դիրքորոշումներու, ճակատներու ամբողջական պատկեր մը ունենալու
համար։
Եղան հետաքրքրական բազմաթիւ զեկուցումներ։ Կարելի
չէ մէկ առ մէկ բոլորին անդրադառնալ։ Առ ի տեղեկութիւն նշենք որ
Ֆրանսայէն սոյն գիտաժողովին մասնակցեցան՝ Յակոբ Պալեան՝ «Փոքրիկ
քայլերով մերձեցման առաջարկներ», Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեան՝
«Արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի մերձեցման հարցի շուրջ
լուծումը երկու ուղղագրութիւններու միասնականացումով, դասականի
հիմքի վրայ», Արմինէ Գրիգորեան՝ «Արեւելահայերէնի եւ
արեւմտահայերէնի միատեղ եւ զուգահեռ շփումն ու զարգացումը», Ժիրայր
Չոլաքեան «Հայերէնը ֆրանսերէնի շուքին» խորագրեալ զեկոյցներով,
որոնց բոլորն ալ ամբողջութեամբ պիտի հրատարակուին յետագային։ Մինչ
այդ «Նոր Յառաջ» պիտի հրատարակէ կարգ մը շահեկան զեկուցումներ որոնք
կատարուեցան սոյն գիտաժողովին ընթացքին։
Գիտաժողովի երկրորդ
օրուան աւարտին իր եզրափակիչ խօսքին մէջ Սփիւռքի նախարարուհին
ըսաւ, որ լեզուի խնդիրը մեր ազգի գերխնդիրն է այսօր. եթէ լեզուն տկար
վիճակի մէջ է եւ խնդիրներ ունի, մենք ենք յանցաւորը։ Ուրիշ ոչ մէկ
ազգի, երկրի կամ աշխարհաքաղաքական երեւոյթ չենք կրնար մեղադրել,
քանի որ ասիկա մեր լեզուն է եւ մենք ենք անոր պահապանը։ Ան աւելցուց
որ “սա սկիզբ էր, թերեւս առաջին գործնական քայլն էր, որ արուեց Հայոց
լեզուի երկու ճիւղերի մերձեցման ուղղութեամբ։ Խնդրի լուծման
նպատակով յաջորդ քայլը պէտք է լինի երեք տարբեր յանձնախմբերի
ստեղծումը, որոնք՝ օգտագործելով տեղեկատուական արդի
հնարաւորութիւնները կ՚աշխատեն տարբեր եղանակներով, նիստեր կը
հրաւիրեն, կը կազմակերպեն քննարկումներ, կը հրապարակեն յօդուածներ
եւ կը ներկայացնեն կոնկրետ առաջարկներ ու խնդիրների լուծման
ուղիներ”։
Նախարարութիւնը արդէն որոշած է լեզուագիտական
տարեկան համաժողով կազմակերպել։ 2016ի համաժողովներու ծրագրին
մէջ արդէն ամրագրուած է այս նիւթով յաջորդ համաժողովին թուականը. ան
տեղի պիտի ունենայ Յուլիսին: Նախարարուհին նշեց, որ կարելի է
աւանդական դարձող համաժողովներէն մէկն ալ կազմակերպել Լիբանանի
մէջ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանաւորութեամբ։
Ամփոփելով
համաժողովը, Հրանոյշ Յակոբեան կանգ առաւ քանի մը կէտերու վրայ, որ
յառաջիկային բանաձեւի տեսքով պիտի որդեգրուի համաժողովին կողմէ։
Ըստ նախարարուհիին, պիտի ստեղծուին աշխատանքային երեք խումբեր,
ամէն մէկը որոշակի նպատակով։ Առաջինին աշխատանքը պիտի ըլլայ
արեւմտահայերէնի խնդիրներու ուսումնասիրութիւնը։ Ըստ
նախարարուհիին, պէտք է ստեղծել արեւմտահայերէնի զարգացման ծրագիր։
Աւելցուց թէ, համաժողովին զանազան տեսակէտներ հնչեցին, թէ ինչպէս
կարելի է զարգացնել արեւմտահայերէնը՝ մէկը ըսաւ, որ դասարաններ
բանանք դպրոցներու մէջ, ուրիշ մը՝ դասագիրքեր տպենք, ուրիշ մը ըսաւ
մասնագէտներ պատրաստենք, հեռատեսիլով հաղորդումներ ընենք… Բոլոր
առաջարկները ընդունելի են, կը մնայ ստեղծուելիք աշխատանքային
խումբին այդ ծրագիրը կազմելը եւ իրենց՝ նախարարութեան
ներկայացնելը։ Հրանոյշ Յակոբեան ընդգծեց, թէ կառավարութիւնը միշտ
պատրաստ է աջակցելու որեւէ մէկ հարցի, զոր կը ներկայացնէ Սփիւռքի
նախարարութիւնը:
Երկրորդ աշխատանքային խումբը պիտի զբաղի
հայերէնի երկու ճիւղերու մերձեցման հարցերով. «Մերձեցում ըսելով
նկատի ունինք թէ՛ բառամթերքի որդեգրում, թէ՛ որոշ
արտայայտութիւններ, որոնք կրնան արեւմտահայերէնէն արեւելահայերէն
թափանցելով թէ՛ հարստացնել լեզուն եւ թէ զայն մաքրել արդէն
ամրագրուած օտարաբանութիւններէ։ Պէտք է ստեղծել ելեկտրոնային ցանց,
որու մէջ աշխատին խումբերը եւ ամէն շաբաթ տեղեկատւութիւն կատարուի։
Երրորդ աշխատանքային խումբը պիտի զբաղի ուղղագրութեան հարցով։
Ուղղագրութեան քննարկման հարցը այլեւս արգելք չէ Հայաստանի պետական
մարմիններուն համար, որոնք պատրաստ են լսելու եւ ընդունելու
հիմնաւորուած ու խելամիտ առաջարկներ, իսկ այդ առաջարկները պիտի ծնին
նման համաժողովներու արդիւնքով. պետութիւնը պատրաստ է աջակցելու
դասական ուղղագրութեան հիմքի վրայ կատարուող ծրագրերուն», աւելցուց
նախարարուհին:
Ան ընդգծեց, որ հարկ չէ մեծաթիւ մարդիկ ընդգրկել
աշխատանքային խումբերուն մէջ, այլ՝ ամէն մէկ խումբի մէջ պէտք է ըլլան
չորս-հինգ մասնագէտ՝ Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն։ Այդ աշխատանքային
խումբերը քննարկումներ կը կատարեն եւ առաջարկներ կը ներկայացնեն,
որոնց ալ ընթացք կը տրուի քաղաքական որոշման հիման վրայ։ Ըստ
նախարարուհիին, այսօր փաստ է, որ մեր լեզուն երկփեղկուած է։ Ինչ ալ
ըսեն, այս մէկը փաստ է։ Թէ նախապէս ինչ եղած է մեր լեզուն, պէտք է մէկ
կողմ ձգենք եւ այսօր խօսինք հրապարակի վրայ եղող մեր լեզուի մասին։
Երկու հայերէններն ալ պէտք է համաչափ զարգանան. այնպիսի բան չկայ,
որ ըսենք այս մէկ հայերէնը գործածուող է, պաշտօնական լեզու է,
աւելի պիտի զարգանայ. այդպիսի բան չկայ, երկու հայերէններն ալ պէտք
է զարգանան։
Ան եզրափակեց ըսելով, թէ լեզուի հիմնական
կրողներն են Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը, Անթիլիասը, Պոլիսը,
Երուսաղէմը, Մխիթարեանները, որպէս կեդրոններ։ Լեզուով մտահոգ
կառոյցներու կարգին նշեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր
միութիւնը (ՀԲԸՄ), «Կիւլպէնկեան» հիմնադրամը, որոնք ալ կրնան
յառաջիկային դառնալ աջակից՝ հայերէնի պահպանման միտող ծրագրերուն
մէջ։ Ըսաւ, թէ համաժողովէն ետք ինք նամակներ պիտի ուղարկէ Ամենայն
Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա.
Կաթողիկոսին, եւ պիտի յայտնէ իրենց մտահոգութիւնները։
Հետաքրքրական
էր Գիտաժողովի նիստավարներէն Սփիւռքի փոխնախարար Սերժ Սրապիոնեանի
անդրադարձը՝ սոյն նախաձեռնութեան ստեղծած հետաքրքրութեան
աստիճանին մասին, նկատի ունենալով Հայաստանի անկախութենէն ի
վեր հայերէնի լեզուաճիւղերուն եւ յատկապէս՝ ուղղագրութեան հանդէպ
լեզուաբաններու կրքոտ վերաբերումը, հեռու գիտական ու ազգային
փոխշահաւէտ ռազմավարական մօտեցումներէ։ Ս. Սրապիոնեան հաստատեց
լեզուական հարցերով զբաղող հայաստանցի հիմնական մասնագէտներու
հետաքրքրութեան պակասը, ըսելով թէ կը սպասէին, որ հետաքրքրութենէն
կոտրէին դահլիճին դռները, բայց այդպէս չեղաւ։ Ուրեմն, ըստ
Սրապիոնեանի, կարելի է ենթադրել, թէ լեզուի մասին սովորաբար բարձր
ամպիոններէ խօսողները իրենք զիրենք գովազդելու նպատակ ունէին
եւ ոչ՝ լեզուի հարցեր լուծելու, այլապէս ներկայ կը գտնուէին նման
կարեւոր համաժողովի մը, որ ամբողջ հայութիւնը յուզող հարցեր կը
քննարկէ, այլ խօսքով՝ լեզուական ճակատագիր կը վճռէ։
Սերժ
Սրապիոնեան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց արտասահմանէն եկած
մասնագէտներուն, նշելով. «այս համաժողովէն սկիզբ պիտի առնէ
հայութեան լեզուական ճակատագրի հիմնական որոշ հարցերու
լուծումը»։
Գիտաժողովին ստեղծած հետաքրքրութեան վերաբերեալ այս
անդրադարձը կարեւոր էր։ Կարելի է ըսել, որ Սփիւռքի շահագրգիռ
կողմերէն ալ նոյնքան հետաքրքրութեան պակաս կը նկատուի։ Պարագան էր
աւանդական կուսակցութիւններու, համահայկական
կազմակերպութիւններու, որոնք թէ՛ Սփիւռքի եւ թէ Հայաստանի մէջ
ունին կառոյցներ, մասնաճիւղեր, որոնք կը վարեն դպրոցներ, ամէն օր
կ՚ապրին լեզուաճիւղերու բախումնալի տագնապը։ Պարագան էր նաեւ
Առաքելական եկեղեցւոյ՝ իր երկու կաթողիկոսութիւններով,
պատրիարքութիւններով, թեմերով, դպրեվանքերով, դարաւոր հայկական
մատենագիտական ծիսական աւանդութեամբ, որոնք նոյնպէս բացակայ էին,
լուռ։
Անշուշտ որոշ չափով ըմբռնելի է Սփիւռքի կարգ մը
հաստատութիւններու «հետաքրքրութեան պակասը», իբր հետեւանք
վերապահութեան, անվստահութեան կամ յուսալքութեան։ Հայաստանեան
կողմը անարդար կերպով այս նիւթով Սփիւռքի նախանձախնդրութիւնը
մեկնաբանած է իբր Հայաստանի Հանրապետութեան ուղղագրական
փոփոխութիւն պարտադրելու ճիգ: Ուրեմն, բացի մի քանի
մտաւորականներէ, ձեւով մը ամենուրէք «հետաքրքրութեան պակաս» մը
կը տիրէ այս կալուածին մէջ։
Նիւթը յոյժ կենսական ու
մասնագիտական ըլլալով հանդերձ, կ՚ենթադրէ լեզուագիտական
լայնամիտ եւ արդիական մշակոյթ, քաղաքական կամք ու որոշում։ Սփիւռքի
նախարարութեան եւ Գիտութեան Ազգային Ակադեմիայի նախաձեռնութեան
ետին կ՚ընդնշմարուի բարձր մակարդակի պետական քաղաքական
դիրքորոշման փոփոխութիւն, որ ուղղագրական խնդիրէն անդին կը
հետապնդէ աւանդական Սփիւռքի եւ նորաստեղծ գաղութներու հետ կրթական,
մշակութային եւ քաղաքական բազմադէմ յարաբերութիւններ ու
նպատակներ։
«Նոր Յառաջ», 29 Օգոստոս 2015
Հարգելի պրն Ժիրայր Չոլաքեան, զարմացած և վշտացած եմ ինձ ու իմ զեկուցումը ներկայացնող Ձեր տողերից։ Կփորձեմ շարադրել վերաբերմունքս։
ReplyDeleteԴուք գրում եք. «Հ. Մարտիրոսեան, իբր եւրոպական միջավայրի մէջ ծառայող երիտասարդ գիտաշխատող, սովետական դպրոցի միակ կարծրատիպ ներկայացուցիչն էր այս համագումարին ընթացքին։ Իսկ Լեւոն Եզեկեան, նոյն դպրոցի տարեց միակ անձնաւորութիւնն էր, որ իր խօսքը ըսելէ ետք շուտով հեռացաւ դահլիճէն»։
Սա նման է ճակատներ ձևավորելուն ու պիտակներ փակցնելուն։ Ինչու՞ «սովետական դպրոցի կարծրատիպ ներկայացուցիչ»։ Մի՞թե սովետական կարծրատիպերից ազատ որևէ մարդ չի կարող այն կարծիքն ունենալ, որ արևելահայերենի համար նպատակահարմար չէ (կամ՝ արդեն ուշ է) հին ուղղագրությանը վերադառնալը։ Ես իմ թերթոնի (handout) 14-րդ կետում ընդգծել եմ, որ այս պահին էական չեմ համարում «1922/1940 ուղղագրական ռեֆորմի նպատակահարմարության հարցը, քաղաքական աստառը, Մակինցյանի հեռահար նպատակը և այլն», գնահատականներ չեմ տալիս, այլ միայն մտահոգված եմ կոնկրետ ներկայով՝ հիմա այդ քայլի նպատակահարմար լինել-չլինելու հարցով, և այդ կապակցությամբ ձևակերպել եմ իմ տեսակետը՝ առանց պիտակավորելու հակադիր տեսակետը։ Մի՞թե չէիք կարող պարզապես չեզոք կերպով ներկայացնել իմ կարծիքը։ Եթե ես կարծում եմ, որ հին ուղղագրության վերադառնալը ուշ է և կվնասի մարդկանց գրագիտության վիճակը, ուրեմն պարտադիր պետք է պիտակավորվեմ որպես «սովետական դպրոցի կարծրատիպ ներկայացուցի՞չ»։ Ուրեմն՝ այդ պիտակից խուսափելու համար պարտադիր պետք է կողմնակից լինել հին ուղղագրության վերադարձի՞ն, չի կարելի՞ այլ կարծիք ունենալ, բայց՝ չպիտակավորվել։
Իմ մասին գրում եք. «Ան անդրադարձաւ հայերէնի սովետական ուղղագրութեան գործադրութեան պատճառով լեզուի արմատներու շտեմարանի նուազումի հարցին, այդ երեւոյթը այնքան ալ վնասակար չնկատելով, պատճառաբանելով՝ որ նախադասութիւնը կը բնորոշէ բառին իմաստը, ուրեմն, անհրաժեշտ չէ տարբեր արմատներով զանազանել նմանաձայն արմատները»։ Ես ոչ թե խոսել եմ բառամթերքի նվազման վնասակար չլինելու մասին, այլ՝ որ նվազում առհասարակ տեղի չի ունեցել. հնչյունական և/կամ ուղղագրական փոփոխությունների հետևանքով արմատներ չեն կորչում, այլ ընդամենը դառնում են համանուններ։ ՍԷՐ-ը ժամանակի ընթացքում հնչողությամբ նույնացել է կաթի ՍԵՐ-ին և նոր ուղղագրության համաձայն դարձել է նրան համանուն։ Բայց այդ բառը կա՛, ոչ մի տեղ էլ չի՛ անհետացել։ (Մանավանդ որ, ի դեպ, հոլովական հարացույցով էլ հստակ տարբերակվում է. սեռական հոլ. սիրո vs. սերի):
Տխուր է հետևյալ հատվածը.
«Գիտաժողովը ընթացաւ շատ դրական մթնոլորտի մէջ։ Նոյնիսկ վերոնշեալ երկու ներկայացուցիչներու ներկայութիւնը անհրաժեշտ էր, կարծիքներու եւ դիրքորոշումներու, ճակատներու ամբողջական պատկեր մը ունենալու համար»։
Տխուր է պրն Չոլաքյանի նկարագրության հետևյալ հատվածը.
ReplyDelete«Գիտաժողովը ընթացաւ շատ դրական մթնոլորտի մէջ։ Նոյնիսկ վերոնշեալ երկու ներկայացուցիչներու ներկայութիւնը անհրաժեշտ էր, կարծիքներու եւ դիրքորոշումներու, ճակատներու ամբողջական պատկեր մը ունենալու համար»։
Դե՝ փառք աստծո, էնքան դրական էր գիտաժողովի մթնոլորտը, որ նույնիսկ իմ ներկայությունը չխաթարեց այն։ :)
Շատ զարմանալի է հատկապես, որ պրն Չոլաքյանը գրում է, թե ես, «Յարութիւն» ֆիլմի վրա հիմնվելով, անդրադարձել եմ «անտեղի նորաբանութիւններու եւ փոխառութիւններու առընչուող խնդիրներու»։
Սա բացահայտ թյուրիմացություն է և նշանակում է, որ նա իմ զեկուցումը (ուշադիր) չի լսել և իմ թերթոնն էլ չի կարդացել (թեև ես այդ օրվա միակ մասնակիցն էի, որ համ թերթոններ էի ներկայացրել, համ էլ՝ powerpoint)։ Այլապես այդպիսի խոշոր շփոթ թույլ չէր տա։ Իմ զեկուցումը բաղկացած է երկու մասից. նախ «Յարութիւն» ֆիլմի վրա հիմնվելով քննում եմ ուղղագրության հարցը (տես թերթոնիս 2-17 կետերը), ապա Սահակյան 2014 ձեռնարկի օրինակով խոսում եմ լեզվական մաքրամոլության՝ անտեղի նորաբանությունների ևնի մասին (18-28): Նա, փաստորեն, այս երկուսը խառնել է իրար։
Նորմալ է, երբ մարդիկ ունեն տարբեր կարծիքներ։ Բայց նորմալ չէ, երբ դիմացինի կարծիքը պիտակավորվում է, և երբ այդ տարբերության համատեքստն ընդլայնվում է ու վերածվում առճակատման։ Այդ մտահոգությունս հստակ արտահայտել եմ զեկուցմանս 9-րդ և 13-րդ կետերում. քննվող ֆիլմում հին ուղղագրությանը վերադառնալուն դեմ մարդկանց վրա փակցվում են պիտակներ, օրինակ՝ «Հայության հակառակորդները… »։
Հատկապես ցուցադրական է վերջաբանը. «Մենք հաւատում ենք. քանի դեռ պետականօրէն այս խնդիրը լուծուած չէ, բոլոր ճշմարիտ հայերն իրենց պարտքը կը համարեն տարածել այս շարժանկարը»:
Այսինքն՝ ի՞նչ է ստացվում․ նա, ով հին ուղղագրության վերադարձին համաձայն չէ ու այս ֆիլմը տարածելն իր պարտքը չի համարի, ճշմարիտ հայ չէ՞: Փաստորեն՝ ազգային միասնության մտահոգության համատեքստում դիտարկվող խնդիրը բերում է հակառակ հետևանքի՝ վերածվում է մասնատման ու առճակատման։
Ահա այդ առճակատումը խորացնում է նաև պրն Չոլաքյանը՝ հակադիր տեսակետն ունեցող մարդուն կոչելով «սովետական դպրոցի կարծրատիպ ներկայացուցիչ»։ Իմ տեսակետը բացարձակապես չի հիմնվում խորհրդային գաղափարախոսության կամ այդ ժառանգության փայփայման ձգտման վրա. այն պարզապես իմ տեսակետն է։ Վերջ։
Հրաչ Մարտիրոսյան, Վիեննա-Լեյդեն