ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
Ամենէն գեղեցիկ ու հետաքրքրական երեւոյթներէն մէկն է՝ որոշ բան մը փնտռելու ատեն, բոլորովին ուրիշ աշխարհ բացող մանրուք մը գտնել։ Ինչպէս յայտնի է, «հայերէն» անհրաժարելի բառերու շարքին կը պատկանի կենգուրու բառը, որ անշուշտ պէտք է մեր բառապաշարին մաս կազմէ քանի որ... «միջազգային» բառ է, իմա՛՝ ռուսերէնէ кенгуруի (kenguru) ընդօրինակութիւնը, եւ եթէ բոլոր լեզուներուն մէջ այդ բառը կը գործածուի իր տարբերակներով (օր. անգլ. kangaroo, սպ. canguro), մենք ո՞ր արտի ցորենն ենք, որ սեփական բառ ստեղծենք։
Արդ, կենգուրուն ունի «նացիոնալիստական» մոլուցքէ ծնած համապատասխան հայերէն բառը՝ ագեվազ (ագի՝ պոչ, եւ վազ բառերէն), որ անշուշտ ընդունելի չէ լեզուական «ինտերնացիոնալիզմ»ի եւ ստրկա-պատճէնային թարգմանութեան ջատագովներուն համար, քանի որ կենգուրուները իրենց պոչով չեն վազեր (իսկ թիթեռնիկները... «թռչող կարագ» չեն, բայց անգլերէն butterfly բառը ո՛չ ոք խնդրոյ առարկայ կը դարձնէ)։ Այսօր, ի հարկէ, միայն «պուրիստ» եւ լեզուական «էվոլիւցիա»յէ չհասկցող արեւմտահայերը կը գործածեն «ագեվազ» բառը։ Ճիշդ է, որ արեւելահայերէն «Վիքիփետիա»ն ունի ագեվազ բառ-յօդուածը, սակայն, հոս չորս անգամ «ագեվազ» գրուելէ ետք, այնուհետեւ 30 անգամ «կենգուրու» գործածուած է՝ այսօրուան տուեալներով։ (Ըստ երեւոյթին, երկրորդ գրիչ մը եղած է, որ առաջինին գրածէն լուր ունեցած չէ)։ Դարձեալ այսօրուան տուեալներով, ըստ Googleի, կենգուրու բառը յիշատակուած է 153.000 անգամ համացանցի մէջ, ագեվազը՝ 4.200)։
Արդ, 1878ին Էջմիածնի «Արարատ» ամսագիրը հրատարակած է Շաֆհաուզեն անունով գերմանացի հեղինակի մը «Վայրենիների վիճակը» ուսումնասիրութեան թարգմանութիւնը, ուր կը հանդիպինք հետեւեալ նախադասութեան.
«Նոր Հոլլանդայի մի քանի տեղերում կթափառին մարդկային ամենաթշուառ հատուկտոր ցեղեր--կմախքացած էակներ, խորշոմած եւ կապկանման երեսներով եւ կիսափակ աչքերով։ Այս կեղտոտ եւ վերջին աստիճանի անմաքուր մարդերը, որ զրահաւորուած են նիզակներով՝ որոց ծայրը անցուցած է ձկի փուշ կամ սրած փայտի կտոր մի, եւ ծառի կեղեւէ վահաններով մանր խմբեակներով տեղէ տեղ կփոխադրուին, մինչեւ իսկ ագեվազ որսալ կարող չեն (...)» (թիւ ԺԱ., էջ 392-393. ընդգծումը մերն է. Վ.Մ.)։
Թարգմանիչը «ագեվազ» բառին քով աստղանիշ դրած է, տողատակի գրելով «կենգուրու (кенгуру)» եւ ամփոփ բացատրութիւն մը տալով, թէ ի՞նչ է այս կենդանին։
Իսկ ո՞վ է արեւմտահայերէնի ու արեւելահայերէն տարրերով խառն այս լեզուով թարգմանող հեղինակը։ Ոչ այլ ոք, քան 21ամեայ... ապագայ նշանաւոր բանասէր ու բառարանագիր Ստեփանոս Մալխասեանցը, որ Ախալցխայի ծնունդ էր, ինչ որ կը բացատրէ խառն լեզուի գործածութիւնը այդ վաղ շրջանին։
Ի դէպ, Մալխասեանց իր երիտասարդութեան «մեղք»էն՝ հայերէն հարազատ բառէն կը թուի հրաժարած ըլլալ կեանքի վերջալոյսին, քանի որ իր քառահատոր բառարանին մէջ ի զուր պիտի փնտռէք «ագեվազ» բառը, որ չկայ Սիմոն Գաբամաճեանի հայերէն բառարանին մէջ (1910), բայց ներկայ է Զաքարիա Փափազեանի հայերէն-անգերէն բառարանին մէջ (1905)։ Մալխասեանց, սակայն, կենգուրու բառը չէ գործածած, այլ՝ կանգուռու («Աւստրալիայի Kangaroo կղզու անունից»)։
Առնուազն՝ փորձած է ռուսերէնի ստրուկ հետեւորդը չըլլալ։
No comments:
Post a Comment