3.9.16

Ի խնդիր հայերէններու մերձեցման

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

«Ազդակ»-ի 22 օգոստոս 2016-ի թիւով, էջ 5, կը գտնենք ընդարձակ յօդուած մը` «Դարձեալ արեւմտահայերէնի համակարգում «ու» ձայնաւորը տառի կարգավիճակին արժանացնելու մասին» յօդուածը, զոր  ստորագրած է հայրենի տաղանդաւոր լեզուաբան  Անժել Ներսէսի Քիւրքճեանը: Քիւրքճեանի` հարցին նուիրուած առաջին յօդուածը չէ այս, թող որ այս յօդուածը ինքնին նոր չէ: Ան տարբեր առիթներով ալ արտայայտուած է նոյն իրողութեան  մասին:
Յօդուածի ամբողջ միտք բանին այն է, թէ ինչո՛ւ արեւմտահայերէն ձեռնարկներու, դասագիրքերու, դպրոցներու մէջ «ու» երկտառ պարզ ձայնաւորը  մեր պաշտօնական այբուբենին մէջ չենք մուծեր, ինչպէս մուծած են իրենք` արեւելահայ  ձեռնարկները, դասագիրքերն ու դպրոցները: Այլ խօսքով` ինչո՛ւ այբուբենի ուսուցման վերջին` չենք ըսեր…  փ, ք, ու, օ, ֆ, ճիշդ ինչպէս արեւելահայերը իրենք կ’ըսեն ու կը գրեն:
Յօդուածագիրը համոզուած է, որ այս «ու»-ի մուծումը արեւմտահայերէնի այբուբենին մէջ մեծապէս պիտի սատարէ «մեր երկու գրական հայերէններու մերձեցման ճիգերուն»:
Ահա ասոնք են այն հիմնական կէտերը, որոնց վրայ կառուցած է Քիւրքճեան իր ծաւալուն ու շահեկան յօդուածը, որ այլապէս յագեցած է  գիտական ու պատմական բարձրորակ յղումներով եւ ինքնին կը կազմէ մտաւորական  աշխատութեան  տիպար մը: Միւս կողմէ` ան մանրամասնօրէն սերտած է նաեւ հայերէնի պատմական հնչիւնափոխութեան զանազան  հարցեր, որոնք շատ բան չեն ըսեր արեւմտահայ ընթերցողին:

***
Բարեմիտ արեւմտահայը առաջին նուագ պիտի հարց տայ, թէ ինչո՛ւ Մեսրոպ ինք  «ու»-ն չմուծեց  իր իսկ կազմած այբուբենական տախտակին մէջ, որ իրմէ ետք ալ եւ մինչեւ 1922  չմտաւ հայերէնի այբուբենական ցանկին մէջ: Այս առթիւ Քիւրքճեան կը հիմնուի դոկտ. փրոֆ. հմուտ գրաբարագէտ Աշոտ Աբրահամեանի այն տեսակէտին վրայ, թէ «ու»-ն Մեսրոպի օրով պարզ ձայնաւոր մը չէր, ինչպէս է ան ներկայիս, այլ երկբարբառ մըն էր, որ կ’արտասանուէր «Ոու» կամ «Օու», իսկ Մաշտոց երկբարբառները չէ մուծած իր այբուբենական տախտակին մէջ: Նոյն  տեսակէտը արտայայտած են ուրիշներ ալ, յիշենք  օրինակ Մանուկ Աբեղեանը: Բայց… ահա այս կէտին վրայ երկու վերապահութիւններ ունի Քիւրքճեան. մէկը Աշոտ Աբրահամեանի այն տատանումն է, այն կասկածն է, որ թերեւս բոլորովին  ալ  ստոյգ  չէ վերը բերուած վարկածը: Երկրորդ` նոյնիսկ,- կ’ըսէ յօդուածագիրը,- եթէ ան Մեսրոպի յղացումով երկբարբառ էր, ապա պէտք է ենթադրել, թէ շատ շուտ, հէնց  5-րդ դարուն իսկ արդէն դադրեցաւ երկբարբառ ըլլալէ ու միաբարբառացաւ, դարձաւ «ու» երկտառ պարզ ձայնաւոր` մեր միւս հինգ ձայնաւորներուն պէս` ա, ե, ը, ի, ո:
Թող թոյլատրուի մեզի կասկածիլ, թէ  Մեսրոպ «ու»-ն  յղացած ըլլայ իբրեւ երկբարբառ: Մեսրոպի ճանչցած եւ իւրացուցած առաջին այբուբենն ու լեզուն  իր հայրենի Հացեկաց գիւղին մէջ յունականն էր, եւ Մեսրոպ  գրաբանական շատ հարցերու մէջ հիմնուած է յունարէնի վրայ: Արդ, 5-րդ դարու յունարէնը նմանապէս «Ու» կ’արտասանէր իր ov  երկտառը, որ կազմուած էր օմիգրոն-ուփսիլոնով:  Ուրեմն բոլորովին բնական հակումով մը ինք եւս  հայերէնի «ու»-ն յղացաւ ու կերտեց  երկտառ: Սակայն  պատմական անցքերու հեռաւորութիւնը, տուեալներու ու տեղեկութիւններու սակաւութիւնը մեր ձեռքերը կը կապեն, ուստի աւելի հեռու չեմ ուզեր երթալ:
Քիւրքճեան աւելի  պահանջկոտ կը դառնայ, երբ կ’ակնկալէ, որ գէթ ներկայիս  այդ «ու»-ն, որուն պարզ ձայնաւորական բնոյթը այլեւս վիճելի չէ, մտնէ արեւմտահայերէնի այբուբենին մէջ, ինչպէս այդ ըրին  արեւելահայերը մօտ դար մը առաջ:
Արդ, այբուբեն մը յղանալու երկու մեթոտ կայ.
ա) տառային հիմունքով,
բ)  հնչիւնական հիմունքով:
Առաջինը այբուբենական ցանկին մէջ կ’անցընէ միայն այն նշանագիրները, որոնք իբրեւ ատաղձ կը ծառայեն լեզուի բոլոր հնչիւններու արտաբերումին: Առ այս` հայերէնի այբուբենը հազարամեակներ շարունակ պէտք չէ տեսած  «ու»-ն անցընել իր կազմին մէջ, այլ գոհացած է «ո» եւ «ւ» տառերու ներկայութեամբ, որոնց միացումով կը կազմուէր «ու» երկտառ պարզ ձայնաւորը:
Երկրորդը Աբեղեանինն  է, որ կ’ըսէ` քանի կայ հնչիւնը, ապա պէտք է այբուբենի մէջ երեւի այդ հնչիւնը արտայայտող նշանագիրը. առ այս` ան աւելցուցած է «ու»`  համապատասխան հնչիւնին փոխարէն:
Ասոնք շատ վերացական ու տեսական  հարցեր են, որոնք բացարձակ արժէքներ չեն  ներկայացներ, եւ լեզուի իւրացման, պահպանման ու գոյատեւման մէջ որեւէ վճռական դերակատարութիւն չունին:
Ի պաշտպանութիւն առաջինին, որ արեւմտահայերուս ընտրութիւնն է, կարելի է ըսել`  յունարէնը, յատկապէս արդի յունարէնը, որեւէ ատեն չէ մտածած իր ov-ն անցընել յունական այբուբենին մէջ: Վերջին հաշուով մենք պապէն աւելի պապական չենք կրնար ըլլալ. յոյները աշխարհին այբուբեն ու քաղաքակրթութիւն տուին, եւ ահա նման բան չեն ըրած: «Ou» երկտառ պարզ ձայնաւորը ունի ֆրանսերէնը եւս, եւ ոչ մէկ ակադեմիա մինչեւ հիմա առաջարկած է զայն մուծել ֆրանսերէնի այբուբենին մէջ:
Ուրեմն ծովը չտեսած` բոպիկնալու պէտք չունինք:

***
Քիւրքճեանի եւ արեւմտահայերէնի հնչիւնաբանութեամբ հետաքրքրուող հայրենի այլ  լեզուաբաններու ուշադրութենէն միշտ ալ վրիպած է ուրիշ իրողութիւն մը, որ է «իւ» ձայնաւորը: Զարմանալիօրէն ոչ մէկ արեւելահայ  արտայայտուած է ասոր մասին: Արդ, մեր իրականութեան մէջ «իւ»-ն լիարժէք պարզ ձայնաւոր մըն է մնացեալ վեցին պէս` ա, ե, ի, ը, ո, ու, երբ զայն  կ’արտասանենք հիւր, ձիւն, միւս եւ նման բազմատասնեակ բառերու մէջ:  Ոչ ոք կրնայ հերքել այս իրողութիւնը, մանաւանդ թող ոչ ոք ըսէ, թէ սա ինչ որ բարբառային արտասանութիւն է, որ գոյութիւն չէ ունեցած հայերէնի մէջ եւ այլն: Ասոնք անհիմն բարբաջանքներ են. այդ ձայնաւորը յառաջացած է  արեւմտահայերէնի մէջ, բնաւ կարեւոր չէ, թէ ինչպէս, եւ անքակտելիօրէն մաս կը կազմէ մեր բարբառին, որ չի կրնար հրաժարիլ անկէ, եթէ իրապէս չենք ուզեր կեղծ արեւմտահայերէն մը խօսիլ, ինչպէս ոմանք կը ծեքծեքեն` հիուր, ձիուն, միուս  արտասանելով: Շնորհիւ «իւ»-ին արեւմտահայերէնը կը դառնայ  հայերէնի այն տարբերակը, որ օժտուած է առաւելագոյն թիւով ձայնաւորներով:
Ուրեմն, եթէ «ու»-ն պիտի մուծենք մեր այբուբենին մէջ, ապա պէտք պիտի ըլլայ մուծել «իւ»-ն եւս: Հարցը կարծեմ սկսաւ ճապաղիլ, եւ նման բան մը Քիւրքճեան եւս պիտի չմաղթէր:

***
Ինչպէս վերը նշեցի, Քիւրքճեան  մեծ յոյսեր կապած է իր առաջարկած բարենորոգութեան` արդի գրական հայերէններու մերձեցման տեսակէտէ: Արդ, եթէ «ու» երկտառը մուծենք մեր այբուբենին մէջ, ապա ենթադրելի է, թէ մեր երկու  գրականներու մերձեցման տեսակէտէ բացարձակապէս ոչինչ պիտի փոխուի: Գործնական ոչ մէկ արդիւնք պիտի տայ ան: Այլ հարց է, թէ մեր երկու գրականները մերձենալու  կարիք ունի՞ն. ես չեմ պատկերացներ, որ  արեւելահայ մը եւ արեւմտահայ մը քով-քովի գան եւ հաղորդակցելու դժուարութիւն ունենան: Վերջին հաշուով ո՞ւր է այդ դժուարութիւնը:
Եթէ Քիւրքճեանի ակնկալութիւնները աւելի անդին կ’երթան` արտասանական, բառային, իմաստաբանական, ձեւաբանական, շարահիւսական եւ այլն, ապա   տարբերութիւններու ոչ մէկ նոյնացում կրնայ պատահիլ այնքան ատեն, որ մենք անջատ կ’ապրինք: Որպէսզի արեւմտահայը յաջողի ըսել «քաղաքից», «տղաների», «խօսեցի» եւ այլն, ապա պայման է, որ ան հայրենիք վերադառնայ եւ խառնուի իր հողին ու անոր ժողովուրդին:
Սակայն կան հոգեբանական մերձեցումի հարցեր, որոնց չակնարկուիր, եւ որոնք իրենց  լուծումը չեն ստանար դժբախտաբար: Ասոնք` ուղղագրութեան  եւ օտարաբանութեան հարցերն են:
Ահա 94 տարիէ  ի վեր մենք կ’ապրինք երկփեղկուած ուղղագրութեամբ մը, հոն ուր 15 դար գոյատեւեցինք միասնական ուղղագրութեամբ: Ոչ մէկ ժողովուրդ կրնայ յաւակնիլ  կրել այն պատիւը, որ նման ուղղագրութիւն մը շնորհած ըլլայ իր զաւակներուն:  Այսօր աշխարհի վրայ չկայ ուղղագրութիւն մը, որ 15-դարեայ  վաղեմութիւն ունենայ: Ամէն արեւելահայ ու յատկապէս հայրենի իշխանութիւնները պէտք է գիտնան,- լաւ գիտեն,- թէ այս իրողութիւնը որքան ցնցած է արեւմտահայութիւնը ու կը շարունակէ ցնցել: Ան բաց վէրք մըն է, որ յարատեւ կը կոտտայ: Բայց ահա այս կացութեան լուծումի ոչ մէկ նշոյլ կը տեսնենք հորիզոնին վրայ: Անցնող 25 տարիներուն ազգային, մշակութային,  քաղաքական, տնտեսական եւ այլ կարգի ինչ-ինչ հանդիպումներ ու համագումարներ ունեցան Հայաստանն ու սփիւռքը, սակայն ոչ մէկ բառ արտասանուեցաւ ուղղագրութեան մասին:  Իսկ տարրական տրամաբանութիւնն ու կենցաղավարութիւնը կը պահանջեն, որ նախաձեռնութիւնը գար աղէտը գործող կողմէն:  Այդ նախաձեռնութիւնը չեկաւ:
Յաջորդ երեւոյթը, որ կը զայրացնէ արեւմտահայը կամ սփիւռքը` սանձարձակ օտարաբանութիւնն է: Արեւելահայը դժուար կը պատկերացնէ, հաւանաբար, թէ որքան խոր կը վիրաւորէ մեր ազգային արժանապատուութիւնը, երբ խղճի ու մտքի ամենայն հանգստութեամբ  մեր ամենատարրական բառերը աղբանոց կը թափէ ու տեղը կը դնէ օտարաբանութիւն մը: Ամէնքս ալ պահ մը օտարաբանութեան կը դիմենք, սակայն աբորտ չենք ըսեր վիժումի փոխարէն, բուսոլ` կողմնացոյցի փոխարէն, իմիջ` պատկերի կամ կերպարի փոխարէն ու այսպիսի հարիւրաւոր ու հազարաւոր  այլանդակութիւններ ու խենեշութիւններ, որոնց դէմ ոչ մէկ պայքար կը տեսնենք: Մինչդեռ պէտք է պատժել բոլոր անոնք, որոնք գէթ գրաւոր խօսքի մէջ օտար բառ կը գործածեն` շեղելով  Եզրաբանմական կոմիտէի վերջին տեղեկագիրէն, որուն բանաձեւումները  կատարեց Սերգէյ Աբրահամեանը: Արդի քաղաքակիրթ աշխարհի ոչ մէկ երկրին մէջ օտարաբանութիւնը այնքան ախտագին ներկայութիւն մըն է, որքան Հայաստանի մէջ, արեւելահայուն բանաւոր ու գրաւոր խօսքին մէջ:
Գոյութիւն ունի օտարաբանութեան աւելի նուաստացուցիչ ու քողածածուկ տեսակ մը, որ է  օտար ու խորթ բառերու ու ոճերու  կոյր ու մեքենական թարգմանութիւնն ու  կիրարկութիւնը: Ասոր անմիջական աղբիւրն ու ներշնչարանը ռուսերէնն է անշուշտ: Ասոնք այնքան հեզասահ եւ գաղտագողի կը թափանցեն արեւելահաերէնի մէջ, եւ ինչ որ աւելի վհատեցուցիչ է, անկէ ալ` արեւմտահայերէնի մէջ:  Կը թափանցեն, որովհետեւ արեւմտահայ լրագրողն ու գրողը այնքան հմտութիւն չունին, որ կարենան զանազանել  նմանները ու խուսափիլ անոնցմէ: Եւ այսպէսով կ’աղաւաղի արեւելահայերէնը  ու իրեն հետ ալ` արեւմտահայերէնը:
Ի վերջ բանիս` տողերս գրողը շատ լաւ ծանօթ է այն բոլոր դժուարութիւններուն, զորս կը դիմագրաւեն  հայրենի իշխանութիւնն ու ժողովուրդը, սակայն կան բաներ, որոնց յետաձգումը մահացու է: Եւ պէտք է մտածել այդ ուղղութեամբ եւս:

«Ազդակ», 27 Օգոստոս 2016

No comments:

Post a Comment