Ա.
Աւարտին հասաւ Հրանդ Տինք Հիմնարկի, Իսթանպուլի Պողազիչի համալսարանի եւ Մալաթիահայերու Միութեան («Մալաթիահայտէր») համագործակցութեամբ կազմակերպուած եռօրեայ գիտաժողովը (2-3 Նոյեմբեր 2013, Իսթանպուլ, Պողազիչի համալսարան), որ իբրեւ «խորհրդաժողով» բնորոշուած էր: Ու այս բնորոշումը շատ աւելի գործնական էր, որովհետեւ, թէեւ ձեռնարկը համալսարանի մը յարկին տակ տեղի ունեցաւ, գիտական զեկուցումներուն քովն ի վեր ան տեղ մը ունէր խորհրդակցական բնոյթ: Բուն գիտաժողովէն, այսինքն տարբեր նիւթերու ուսումնասիրութեանց ներկայացումէն առաջ, ողջոյնի պաշտօնական խօսքերէն ետք տեղի ունեցած սկիզբի զրոյցը, ինչպէս նաեւ վերջին օրուան կլոր սեղանը պարզ իմաստներ կրնային ունենալ, իբրեւ աշխատելաձեւեր, որոնք գուցէ ամէն գիտաժողովի ալ օրակարգին կարելի է գտնել: Հոս, սակայն, ուրիշ կարեւոր հանգամանք մը կը տեսնեմ: Գիտաժողովին սկիզբն ու վերջը կը կենային այս զրոյցները, կը պատէին բուն մարմինը ձեռնարկութեան, ինչ որ կրնայ նշանակել, թէ իսլամաց(ու)ած Հայերուն վերաբերող այս նիւթը, գիտական վերլուծումէն առաջ եւ վերջ ունի զրուցային բաժին մը, ուր ան նախ կը խմորուի ու ապա գիտութենէն անդին կը թեւակոխէ, այսպէս բանալով տարածուն ոլորտ մը: Զրոյցը անհրաժեշտօրէն կը բացուի, որովհետեւ իսլամացուած Հայերուն մասին ուսումնասիրութիւններ կը պակսին: Անոնց գոյութեան, պատմութեան ու ներկային մասին աղբիւրները եւ քաղաքական պայմանները պակասաւոր են ու կրնային շատ աւելի հարուստ ըլլալ, եթէ պայմանները թոյլատու ըլլային ու հետաքրքրութիւնը քաջալերուէր: Անտեսումն ու լռութիւնը իբրեւ լուծում միշտ խափանարար են:
2005 թուականին նո՛յն (նո՞յն) Իսթանպուլին մէջ ահագին հարց ստեղծած էր հայութեան նուիրուած գիտաժողով մը, առաջինը իր տեսակին ու նիւթին մէջ, ու՝ Մայիսէն Սեպտեմբեր յետաձգուած, Պողազիչի պետական համալսարանէն Պիլկի անձնական համալսարան փոխադրուած, բողոքարար ցուցարարներու ներկայութեան արժանացած: Ու հիմա, ութ տարի ետք, առանց որեւէ հարցի (արդեօ՞ք՝ չենք գիտեր), գոնէ՝ առանց ցուցարարներու, «ցեղասպանութիւն» բառին ալ առատ օգտագործումով առօք-փառօք տեղի կ’ունենայ այս գիտաժողովը: Ութ տարուան մէջ բա՞ն կը փոխուի: Թէ՞ հարիւրամեակի ժամանակային մօտեցման թրքական պատրաստութեանց մաս կը կազմէ այս գիտաժողովն ալ...: Ա՞յս է ձեր ուզածը. հրամմեցէ՛ք, եկէ՛ք, խօսեցէ՛ք՝ - ըսել կ’ուզեն, կ’երեւի, պատասխանատու վերնական մարմիններ, - միայն թէ պաշտօնական ճանաչում մի՛ պահանջէք: Ասիկա քունի դեղ մըն է ձեզի համար: Ատոր պատասխանը հետեւեալն է՝ Մեր ուզածը, պահանջքին բովանդակութենէն առաջ, քաղաքական կեցուածքի վերին ու վերջնական յստակութիւնն է: Մնացեալը՝ երկրորդականօրէն կարեւոր է: Բայց թողունք այս հասարակ ենթադրութիւնները, հասարակացումներու պահանջները: