Հայաստանի
Ազգային Գրադարանի տնօրէն Տիգրան Զարգարեան «Արմէնփրէս» գործակալութեան
տեղեկացուց, որ իր ղեկավարած կառոյցի աշխատակիցները Իսթանպուլի մէջ
հայկական գիրքեր կը փնտռեն ու կը թուայնացնեն։ Տիգրան Զարգարեան վերջին
օրերուն ուշագրաւ յայտարարութիւններ ըրաւ Ազգային Գրադարանի
աշխատակիցներուն կողմէ Իսթանպուլի մէջ տարուած աշխատանքներուն շուրջ։ Ըստ
իրեն, անոնք ներկայիս Իսթանպուլի
քաղաքապետութեան «Աթաթիւրք» գրադարանէն ներս, Թաքսիմ, հայկական գիրքեր կը
փնտռեն, կը գտնեն եւ անոնց թուայնացումները կը կատարեն։ Ըստ Զարգարեանի, այս նիւթին մէջ «Հրանդ Տինք» հիմնարկը մեծ աջակցութիւն կը
ցուցաբերէ Ազգային Գրադարանին։
Blog for informed opinions / Կայքագիր իրազեկ կարծիքներու համար / Blog para opiniones informadas
Showing posts with label Իսթանպուլ. Show all posts
Showing posts with label Իսթանպուլ. Show all posts
18.12.18
31.1.16
Քանի մը տող Զարեհ Խրախունիի համար
ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
Երկրի հարաւ-արեւելեան բնակավայրերը կը ռմբակոծուին, պետութիւն կոչուող
ուժը իր ամբողջ կոշտութեամբ կը հալածէ քաղաքացիները, անթաղ մեռելներ
ոստիկանական կառքերուն կապուած գետինները կը քաշկռտուին, լաւագոյն
պարագային՝ անթաղ, կը մնան փողոցները։ Հուր ու ծուխ ամենուր։ Ոճրագործը
վերադարձած է դէպքի վայրը, հարիւրամեակ մը վերջ, նորէ՛ն։ Խօսքի ու խղճի
ազատութիւնը կը կաշկանդուի, լրագրողներ կը բանտարկուին։
29.12.13
Իսլամաց(ու)ած հայեր՝ հարցում եւ պատասխան («Իսլամաց(ու)ած հայեր» խորհրդաժողովի երկայնքին)
ԻՇԽԱՆ ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Ա.
2005 թուականին նո՛յն (նո՞յն) Իսթանպուլին մէջ ահագին հարց ստեղծած էր հայութեան նուիրուած գիտաժողով մը, առաջինը իր տեսակին ու նիւթին մէջ, ու՝ Մայիսէն Սեպտեմբեր յետաձգուած, Պողազիչի պետական համալսարանէն Պիլկի անձնական համալսարան փոխադրուած, բողոքարար ցուցարարներու ներկայութեան արժանացած: Ու հիմա, ութ տարի ետք, առանց որեւէ հարցի (արդեօ՞ք՝ չենք գիտեր), գոնէ՝ առանց ցուցարարներու, «ցեղասպանութիւն» բառին ալ առատ օգտագործումով առօք-փառօք տեղի կ’ունենայ այս գիտաժողովը: Ութ տարուան մէջ բա՞ն կը փոխուի: Թէ՞ հարիւրամեակի ժամանակային մօտեցման թրքական պատրաստութեանց մաս կը կազմէ այս գիտաժողովն ալ...: Ա՞յս է ձեր ուզածը. հրամմեցէ՛ք, եկէ՛ք, խօսեցէ՛ք՝ - ըսել կ’ուզեն, կ’երեւի, պատասխանատու վերնական մարմիններ, - միայն թէ պաշտօնական ճանաչում մի՛ պահանջէք: Ասիկա քունի դեղ մըն է ձեզի համար: Ատոր պատասխանը հետեւեալն է՝ Մեր ուզածը, պահանջքին բովանդակութենէն առաջ, քաղաքական կեցուածքի վերին ու վերջնական յստակութիւնն է: Մնացեալը՝ երկրորդականօրէն կարեւոր է: Բայց թողունք այս հասարակ ենթադրութիւնները, հասարակացումներու պահանջները:
4.12.12
Պտոյտ Ստամբուլում
ԱՆԻ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ
Գիւմրեցի Անոյին (Անահիտին) Ստամբուլի Կումկափի թաղամասում ճանաչում են որպէս հին ու լաւագոյն առեւտրականներից մէկի: Դեռ 15 տարի առաջ, երբ տիկին Անահիտը վաճառեց Երեւանում գտնուող իր տունը ու մեկնեց Ստամբուլ, հաւատում էր հարստանալու, լաւ կեանք ունենալու մտքին: Հիմա նա 70 տարեկան է, միայնակ ու յոգնած:
Subscribe to:
Posts (Atom)