Showing posts with label Համշէն. Show all posts
Showing posts with label Համշէն. Show all posts

12.4.17

Սերգէյ Վարդանեան. «Ե՛ւ քրիստոնեայ, ե՛ւ մահմեդական համշէնցիներն ունեն մէկ ընդհանուր խնդիր` ազգային ինքնութիւնը պահպանելու խնդիրը»

8-րդ դարուն Համամ Ամատունի նախարարին հիմնադրած Համամաշէն-Համշէնը 1489-ին գրաւուեցաւ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ: 18-րդ դարուն համշէնահայերուն մէկ մասը բռնի մահմեդականացուեցաւ, իսկ մեծամասնութիւնը, պահպանելու համար քրիստոնէական հաւատքը, փախուստի դիմեց եւ բնակութիւն հաստատեց Սեւ ծովու հարաւային ափերուն, իսկ 19-րդ դարու վերջերուն՝ համիտեան ջարդերու օրերուն,  եւ 20-րդ դարու սկիզբին՝ Մեծ Եղեռնի օրերուն, նաւերով տեղափոխուեցաւ Սեւ ծովու հիւսիսային կողմը՝ Աբխազիա եւ Կրասնոդարի երկրամաս:

29.12.13

Իսլամաց(ու)ած հայեր՝ հարցում եւ պատասխան («Իսլամաց(ու)ած հայեր» խորհրդաժողովի երկայնքին)

ԻՇԽԱՆ ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Ա.
Աւարտին հա­սաւ Հրանդ Տինք Հիմ­նարկի, Իս­թանպու­լի Պո­ղազի­չի հա­մալ­սա­րանի եւ Մալաթիահա­յերու Միու­թեան («Մա­լաթիահայ­տէր») հա­մագոր­ծակցու­թեամբ կազմակերպուած եռօ­րեայ գի­տաժո­ղովը (2-3 Նո­յեմ­բեր 2013, Իս­թանպուլ, Պո­ղազի­չի համալսա­րան), որ իբ­րեւ «խորհրդա­ժողով» բնո­րոշուած էր: Ու այս բնո­րոշու­մը շատ աւե­լի գործնա­կան էր, որով­հե­տեւ, թէեւ ձեռ­նարկը հա­մալ­սա­րանի մը յար­կին տակ տե­ղի ու­նե­ցաւ, գի­տական զե­կու­ցումնե­րուն քովն ի վեր ան տեղ մը ու­նէր խորհրդակ­ցա­կան բնոյթ: Բուն գիտաժո­ղովէն, այ­սինքն տար­բեր նիւ­թե­րու ու­սումնա­սիրու­թեանց ներ­կա­յացու­մէն առաջ, ողջոյնի պաշ­տօ­նական խօս­քե­րէն ետք տե­ղի ու­նե­ցած սկիզ­բի զրոյ­ցը, ինչպէս նաեւ վեր­ջին օրուան կլոր սե­ղանը պարզ իմաստներ կրնա­յին ու­նե­նալ, իբ­րեւ աշ­խա­տելա­ձեւեր, որոնք գուցէ ամէն գի­տաժո­ղովի ալ օրա­կար­գին կա­րելի է գտնել: Հոս, սա­կայն, ու­րիշ կա­րեւոր հանգա­մանք մը կը տես­նեմ: Գի­տաժո­ղովին սկիզբն ու վեր­ջը կը կե­նային այս զրոյցնե­րը, կը պա­տէին բուն մար­մի­նը ձեռ­նարկու­թեան, ինչ որ կրնայ նշա­նակել, թէ իս­լա­մաց(ու)ած Հայերուն վե­րաբե­րող այս նիւ­թը, գի­տական վեր­լուծու­մէն առաջ եւ վերջ ու­նի զրու­ցա­յին բաժին մը, ուր ան նախ կը խմո­րուի ու ապա գի­տու­թե­նէն ան­դին կը թե­ւակո­խէ, այսպէս բանալով տա­րածուն ոլորտ մը: Զրոյ­ցը անհրա­ժեշ­տօ­րէն կը բա­ցուի, որով­հե­տեւ իսլամացուած Հա­յերուն մա­սին ու­սումնա­սիրու­թիւններ կը պակ­սին: Անոնց գո­յու­թեան, պատմութեան ու ներ­կա­յին մա­սին աղ­բիւրնե­րը եւ քա­ղաքա­կան պայ­մաննե­րը պա­կասա­ւոր են ու կրնա­յին շատ աւե­լի հա­րուստ ըլ­լալ, եթէ պայ­մաննե­րը թոյ­լա­տու ըլ­լա­յին ու հետաքրքրութիւնը քա­ջալե­րուէր: Ան­տե­սումն ու լռու­թիւնը իբ­րեւ լու­ծում միշտ խափանարար են:
2005 թուակա­նին նո՛յն (նո՞յն) Իս­թանպու­լին մէջ ահա­գին հարց ստեղ­ծած էր հա­յու­թեան նուիրուած գի­տաժո­ղով մը, առա­ջինը իր տե­սակին ու նիւ­թին մէջ, ու՝ Մա­յիսէն Սեպ­տեմբեր յե­տաձ­գուած, Պո­ղազի­չի պե­տական հա­մալ­սա­րանէն Պիլ­կի անձնա­կան հա­մալ­սա­րան փոխադ­րուած, բո­ղոքա­րար ցու­ցա­րար­նե­րու ներ­կա­յու­թեան ար­ժա­նացած: Ու հի­մա, ութ տարի ետք, առանց որե­ւէ հար­ցի (ար­դեօ՞ք՝ չենք գի­տեր), գո­նէ՝ առանց ցու­ցա­րար­նե­րու, «ցեղաս­պա­նու­թիւն» բա­ռին ալ առատ օգ­տա­գոր­ծումով առօք-փա­ռօք տե­ղի կ’ու­նե­նայ այս գի­տաժո­ղովը: Ութ տա­րուան մէջ բա՞ն կը փո­խուի: Թէ՞ հա­րիւ­րա­մեակի ժա­մանա­կային մօտեց­ման թրքա­կան պատ­րաստու­թեանց մաս կը կազ­մէ այս գի­տաժո­ղովն ալ...: Ա՞յս է ձեր ու­զա­ծը. հրամ­մե­ցէ՛ք, եկէ՛ք, խօ­սեցէ՛ք՝ - ըսել կ’ու­զեն, կ’երե­ւի, պա­տաս­խա­նատու վեր­նա­կան մար­միններ, - միայն թէ պաշ­տօ­նական ճա­նաչում մի՛ պա­հան­ջէք: Ասի­կա քու­նի դեղ մըն է ձե­զի հա­մար: Ատոր պա­տաս­խա­նը հե­տեւեալն է՝ Մեր ու­զա­ծը, պա­հանջքին բովանդակութենէն առաջ, քա­ղաքա­կան կե­ցուած­քի վե­րին ու վերջնա­կան յստա­կու­թիւնն է: Մնա­ցեալը՝ երկրոր­դա­կանօ­րէն կա­րեւոր է: Բայց թո­ղունք այս հա­սարակ են­թադրու­թիւննե­րը, հա­սարա­կացումնե­րու պա­հանջնե­րը:

24.9.12

Նամականի. Ո՞վ է հայը

Գ. Կ.

Հայոց լեզո՞ւն, քրիստոնեայ կրօ՞նքը, թէ՞ իր երակներուն մէջ հոսող հայկական արիւնն է (թէկուզ կաթիլ մը), որ կը բնորոշէ  անձի մը հայկականութիւնը:
Աւելի առարկայական ըլլալու համար նկատի ունիմ թէ՛ թրքական եւ թէ՛ հայկական մամուլին մէջ յաճախակի դարձած գաղտնի հայերուն «լոյս աշխարհ» գալը, փշրելէ ետք իրենց կարծր պատեանը: