ԱՆՈՅՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
6 Օգոստոս 1917 թուականին, Իտալիոյ Ֆլորանս քաղաքին մէջ ծնած
է հայ մեծ գրող Կոստան Զարեանի դուստրը՝ Նուարդ Զարեան, որ
հետագային դարձած է Իտալիոյ մէջ նշանաւոր արձանագործ, նկարիչ։
Սակայն անոր կեանքի եւ գործունէութեան մասին քիչ տեղեկութիւններ
կան Հայաստանի եւ առհասարակ Սփիւռքի եւ հայաշխարհի մէջ: Այս
անդրադարձը պատրաստելու համար առիթ հանդիսացաւ տաղանդաւոր
հայ արձանագործի ծննդեան օրը եւ մահուան 10-ամեակը: Ճիշդ տասը
տարի առաջ, 31 Յունուար 2005 թուականին Իտալիոյ Սանթա Մարինելլա
քաղաքին մէջ իր մահկանացուն կնքեց Հայաստանէն եւ հայութենէն
հեռու, առանձնութեան մէջ ապրող եւ մինչեւ կեանքի վերջին
տարիները ստեղծագործող հայ արուեստագիտուհին: