«Հայկականք».- Ջերմօրէն կ՚ողջունենք այս կարեւոր քայլը, մաղթելով որ Մատենադարանի մասնագէտ աշխատակիցները շուտով այս նիւթերը հետազօտողներու տրամադրութեան տակ դնեն։
Կոստան Զարեանի ժառանգորդները Յուլիս 24-ին Մաշտոցեան Մատենադարանին նուիրած են հայ մեծ գրողի,
բանաստեղծի,
վիպասանի եւ արուեստաբանի ձեռագրերուն արխիւը,
ինչպէս նաեւ իրենց հօր՝ ճարտարապետ Արմէն Զարեանի ճարտարապետութեան,
քաղաքաշինութեան,
արուեստի մասին տարբեր լեզուներով գրուած,
անտիպ ու հրատարակուած ձեռագիր,
մեքենագիր նիւթերը: