31.1.16

Քանի մը տող Զարեհ Խրախունիի համար

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
 
Երկրի հարաւ-արեւելեան բնակավայրերը կը ռմբակոծուին, պետութիւն կոչուող ուժը իր ամբողջ կոշտութեամբ կը հալածէ քաղաքացիները, անթաղ մեռելներ ոստիկանական կառքերուն կապուած գետինները կը քաշկռտուին, լաւագոյն պարագային՝ անթաղ, կը մնան փողոցները։ Հուր ու ծուխ ամենուր։ Ոճրագործը վերադարձած է դէպքի վայրը, հարիւրամեակ մը վերջ, նորէ՛ն։ Խօսքի ու խղճի ազատութիւնը կը կաշկանդուի, լրագրողներ կը բանտարկուին։
Բօթը՝ հեռաւոր, անգոյ վայրէ մը, կարծես, կը լսէի նման մթնոլորտի մը մէջ եւ հիմա կը ջանամ քանի մը տող սեւագրել նոյն այդ մթնոլորտին թելադրած հոգեվիճակով։ Տարիներէ ի վեր քաշուած կեանք մը ապրող, մենակեաց, «մոռցուած» բանաստեղծը, որ յետեղեռնեան պոլսահայ գրականութեան մղիչ ուժերէն մէկն էր իրաւամբ, «առարկայական խորհրդապաշտութեան» տեսաբանը, բանաստեղծական զուլալ միջավայրի մը դռները կը բանայ վերստին՝ իր ծանր շուքը սփռելով անոնց վրայ։
Յետեղեռնեան պոլսահայ գրականութիւնը, յատկապէս քերթողութիւնը, որու հիմքերը գրական տարբեր հոսանքները ի մի ձուլելով դրած էին Ճանճիկեան-Գալուստեան զոյգը՝ գրչակից այլ անուններով անշուշտ, որակական նոր փուլի մը պիտի հասնէր նախ Զահրատի եւ ապա Խրախունիի ասպարէզ մուտքով։
Առաջիններու ընկերային առօրեայ մտահոգութիւնները Խրախունիին մօտ իրենց տեղը պիտի զիջէին համայնական յաւերժական գաղափարներու արծարծումին՝ թելադրելով ձեւի փնտռտուք մը նաեւ, որ վերջապէս պիտի պսակուէր Խրախունիի մտորումներուն եւ ուսումնասիրութիւններուն արդիւնքը եղող հասկացողութեամբ մը։
Զարեհ Խրախունի «առարկայական խորհրդապաշտութիւնը» կը նկատէր իսթանպուլահայ արդիապաշտ շարժումին ամենէն հաւասարակշռեալ ձեւը, որ կը բացառէ գրական-ձեւական ճամարտակութիւններն ու աճպարարութիւնները եւ կը կեդրոնանայ քերթուածի ամբողջական իմաստին, տրուած պատգամին կամ թելադրուած պատկերին բնորոշ երեսակներուն վրայ։ Այս երեսակները, միշտ Խրախունիին ըսելով, ընդհանրապէս շօշափելու ըլլալու աստիճան առարկայական են՝ հասկնալի ու հաղորդական, եւ  կը ծառայեն ամբողջացնելու եւ համակարգելու ամբողջ կառուցուածքը՝ բաղկացած բառերէ, առարկայական խորհրդանիշներէ եւ գաղափարէ կամ սկզբնական ներշնչումէ, որոնք քերթուածին շարժիչ ուժերն են։ Խրախունի այդ գաղափարը կամ ներշնչումը նոյնպէս կը նկատէ մտապատկեր մը՝ «զարգանալիք գաղափարով մը բեռնաւոր, աւելի ճիշդ՝ խորհրդանշաններու աստղաբոյլով մը բեռնաւոր, որոնք մէկիկ մէկիկ պիտի պայթին ու պիտի լուսաւորեն ամբողջ քերթուածը» (1) ։
Տեսաբա՞նը բանաստեղծ դարձած է իր մէջ, թէ բանաստեղծը տեսաբան։ Հարցում մը որ դժուար է պատասխանել մահագրութեան մը սահմաններուն մէջ, արդէն ինք եւս այս հիմնական ուղղութեամբ տարիներ շարունակ ստեղծագործելէ ետք, որակումը թողած է հմուտ ու բարեացակամ քննադատներու։ Յամենայնդէպս, յանձինս Խրախունիի հայ գրականութիւնը կ՚ողջունէ իմացական խոր հմտութեան տէր, փորձառական արուեստի բաւիղներուն մէջ պտտկող, գրական օտար հոսանքներուն հետեւող քերթող մը։
Զարեհ Խրախունի մէկն էր յետեղեռնեան շրջանի իսթանպուլահայ գրականութեան այն դէմքերէն, որոնք գրական նախկին այս ոստանը վերստին կը տեղադրէին հայ գրականութեան անդաստանին վրայ՝ թէ՛ սփիւռքահայ գրական մամուլին բերած իրենց աշխատակցութեամբ, թէ արտատպումներու միջոցով։ Պոլսահայ բանաստեղծութիւնը, Զարեհ Խրախունիի բնորոշմամբ, պայծառ եւ թելադրական էր, ինչ որ կը բխէր պոլսահայ քերթողներուն ի գործ դրած ձեւազեղծումի թեքնիքէն։ «Ասիկա՝ ընդլայնումն է»։ Կտորին ողնասիւնը կազմող պատկերը տրամաբանօրէն կ՚ընդլայնի մինչեւ իր վերջին սահմանը։ Բոլոր բառերը, գաղափարները, երկրորդական պատկերները կը հիւսուին անոր շուրջ։ Խրախունի դեռ եւս 1959-ին կ՚ըսէր, թէ այս քերթուածները յատուկ են միայն իսթանպուլահայ բանաստեղծութեան՝ պատասխանելով նաեւ եղած այն «ամբաստանութիւններուն», թէ իրենք կը կապկեն թրքական նոր գրականութիւնը։ «Անոնց նախատիպարները կարելի չէ գտնել նաեւ թուրք նոր գրականութեան մէջ, որուն կապկումովը կ՚ամբաստանուի իսթանպուլահայ գրականութիւնը՝ ա՛յնքան յաճախ, այնքա՜ն ձրիօրէն․․․» (2)։
Մանկութեանս Պոլիսը՝ իր դպրոցներով, մամուլով, միութիւններով, Զահրատ-Խրախունի երկուորեակութիւն մը դրոշմած էր մտապատկերիս վրայ (արձակագիր Ռ․ Հատտեճեանի ալ մասնակցութեամբ այս զոյգը կը վերածուէր երրորդութեան, զոր գեղեցիկ բառով մը եռոտանի կ՚որակէր, կարծեմ, նոյն Հատտեճեանը)։ Հետագայ տարիներուն սակայն, երբ պիտի մտերմանայի Զահրատին, պիտի տեսնէի, որ բոլորովին տարբեր բնաւորութեան տէր անձեր են անոնք։ Զահրատի մտերմիկ, ընկերական, զուարթախոհ անձին դիմաց, Խրախունի ծանրաբարոյ էր, դժուար էր իրեն մօտենալ, մտերմանալ, զրուցել հետը։ Սակայն դարձեալ անոնք էին որ Մխիթարեան սանուց միութեան «Նոր Սան» գրական հանդէսին շուրջ իրենց հմայքն ի գործ դնելով կրցան հաւաքել բազմաթիւ երիտասարդներ, գրական ճաշակ մը ձեւաւորելով անոնց մէջ, քերթուած գրել սորվեցնելով անոնց, ուղղութիւն ցոյց տալով նոր սերունդին։
Զահրատէն ու թատերագիր Արման Վարդանեանէն ետք, Զարեհ Խրախունիի ալ մահով պոլսահայ գրական աշխարհը կ՚ամայանայ աւելի եւս։ Նոր սերունդը իր բանաստեղծներով վաղ թէ ուշ ներկայութիւն մը պիտի թելադրէ անխուսափելիօրէն, սակայն աւա՜ղ այդ թելադրանքը կ՚ըլլայ հիներու մահուան հաշւոյն եւ ոչ թէ որակի ճնշումով։

(1) Մաքրուհի Պ․ Յակոբեան, «Անվերջակէտ զրոյց՝ մեր գրականութեան երախտաւորներուն հետ», էջ 406-407, Իսթանպուլ, 2013։
(2) «Սփիւռքահայ արդի գրականութիւն», խմբագրեց ու համադրեց՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան, հտ․ Ա, էջ՝ 13, Միշիկըն, 1994։

«Առօրեայ անկիւններ» (narekian.wordpress.com), 31 Յունուար 2016

No comments:

Post a Comment