Showing posts with label Տիգրան Զարգարեան. Show all posts
Showing posts with label Տիգրան Զարգարեան. Show all posts

18.12.18

Որոնում եւ թուայնացում

Հայաստանի Ազգային Գրադարանի տնօրէն Տիգրան Զարգարեան «Արմէնփրէս» գործակալութեան տեղեկացուց, որ իր ղեկավարած կառոյցի աշխատակիցները Իսթանպուլի մէջ հայկական գիրքեր կը փնտռեն ու կը թուայնացնեն։ Տիգրան Զարգարեան վերջին օրերուն ուշագրաւ յայտարարութիւններ ըրաւ Ազգային Գրադարանի աշխատակիցներուն կողմէ Իսթանպուլի մէջ տարուած աշխատանքներուն շուրջ։ Ըստ իրեն, անոնք ներկայիս Իսթանպուլի քաղաքապետութեան «Աթաթիւրք» գրադարանէն ներս, Թաքսիմ, հայկական գիրքեր կը փնտռեն, կը գտնեն եւ անոնց թուայնացումները կը կատարեն։ Ըստ Զարգարեանի, այս նիւթին մէջ «Հրանդ Տինք» հիմնարկը մեծ աջակցութիւն կը ցուցաբերէ Ազգային Գրադարանին։

21.1.18

Յաջողած ենք փակ սահմանադուռը հատել ակադեմական երկխօսութեան միջոցով

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
  
Պոլսոյ «Հրանդ Տինք» հիմնարկի հայագիտական բանախօսութիւններու շարքին, Յունուար 12-ին Անարատ Յղութիւն շէնքի «Հաւաք» սրահին մէջ բանախօսեց Հայաստանի Ազգային Գրադարանի տնօրէն Տիգրան Զարգարեան։ Տոքթ. Զարգարեան իր բանախօսութեան մէջ նիւթ առած էր Ազգային Գրադարանի աշխատնանքները եւ մանաւանդ գրադարանի հաւաքածոյին թուայնացումը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք արժէքաւոր ակադեմականին հետ «Ակօս»-ի ունեցած հարցազրոյցը։

9.3.17

Թուային աշխարհի բանալին. պոլսահայ բարերարին նուէրը Հայաստանի Ազգային Գրադարանին

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
 
«Ժամանակ»-ը ա­ռի­թը ու­նե­ցած է անդ­րա­դառ­նա­լու Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին Գրա­դա­րա­նի գործու­նէու­թեան: Մեր է­ջե­րուն մէջ ծա­ւա­լուն հար­ցազ­րոյց մը հրա­տա­րա­կած էինք գրադարանի տնօ­րէն Տիգ­րան Զար­գա­րեա­նին հետ, որ ման­րա­մասն ներ­կա­յա­ցու­ցած էր հաստա­տու­թեան ներ­կայ աշ­խա­տանք­նե­րը եւ հպան­ցիկ անդ­րա­դարձ մը կա­տա­րած՝ Ազ­գա­յին Գրա­դա­րա­նի ժա­ռան­գու­թեան թուայ­նաց­ման մա­սին: Այս ան­գամ ո­րո­շե­ցինք կրկին այ­ցե­լել գրա­դա­րան եւ ա­ւե­լի ման­րա­մասն տե­ղե­կու­թիւն­ներ ստա­նալ թուայ­նաց­ման աշխատանքներուն մա­սին, որ վեր­ջին շրջա­նին մեծ թափ ստա­ցած է: