ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Հոն` Վոսփորի ափին,Պոլիս, կայ հայու սիրտ մը, որ հեւքով ու աշխուժով կը տրոփէ 90 տարիէ ի վեր:
Սիրտ մը, որուն բաբախումները կ՛արագանան կամ կը դանդաղին` ըստ հայ
կեանքի ելեւէջներուն, ըստ մեր ժողովուրդին խանդավառութիւններուն կամ
տագնապներուն, ըստ մեր մշակութային ձեռքբերումներուն կամ տոհմային
ընկրկումներուն:
Սիրտ մը, որ երբ 10 տարի առաջ (2006) վիրահատութեան ենթարկուեցաւ,
վիրաբոյժները զարմանքով նշմարեցին, որ անոր մաշած դռնակին տակ բոյն դրած
էին հայոց այբուբենին 38 տառերը…
Ռ. Հատտէճեանին սի՜րտը…