Showing posts with label Յովհաննէս Թումանեան. Show all posts
Showing posts with label Յովհաննէս Թումանեան. Show all posts

8.12.18

Թումանեանը՝ ուշացած, բայց ո՛չ ուշ...

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

«Նոր Յառաջ»-ի 6 Դեկտեմբերի թիւէն ուրախութեամբ իմացանք Հայաստանի Մշակոյթի փոխնախարար Տիգրան Գալստեանի յայտարարութիւնը, թէ Յովհաննէս Թումանեանի արձանը պիտի զետեղուի Հռոմի Villa Borghese-ին մէջ, որ Յաւերժական Քաղաքի երեք ամենամեծ հանրային զբօսայգիներէն մէկն է։
Վիլլա Պորկեզէն, որ կը գտնուի Հռոմի համբաւաւոր Սպանիա հրապարակին մերձակայքը եւ ըստ մեզի կը գերազանցէ Նիւ Եորքի հռչակաւոր Սենթրալ Փարքը, իր անհատնում տեսարժան վայրերուն շարքին կը յատկանշուի գրողներու արձաններով զարդարուած քանի մը ծառուղիներով, ուր կը հանդիպինք, օրինակ, Վիքթոր Հիւկոյի, Կէօթէի, Պայրընի, Փուշկինի, Կոկոլի, Ֆիրտուսիի եւ բազմաթիւ այլ համաշխարհային դէմքերու տպաւորիչ ներկայութեան։
Մեր ուրախութիւնը յատուկ էր, քանի որ անցեալ Սեպտեմբերին առիթը ունեցած էինք քանի մը ժամով զբօսնելու Վիլլա Պորկեզէի գեղատեսիլ այգիին մէջ, հեռու մնալով անոր գեղարուեստական արժանիքներն ու վայրերը սպառելու փորձութենէն իսկ, եւ զարմանքով անդրադարձանք, որ... գրողներու խնճոյքին հայ բանաստեղծները ուշացած հրաւիրեալներ էին։

23.9.16

Անկախութեան սերմնացանը

ԱՆԱՀԻՏ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Անկախութիւնը հէնց այնպէս չեկաւ: Բառը հասկանալի էր, գաղափարը՝ հեռու: Դեռ Պարոյր Հայրիկեանի անունն ու գործը մեզ անյայտ էին: Դպրոցում անգիր էինք սովորել Միքայէլ Նալբանդեանի «Ազատութիւն»-ը, Ռափայէլ Պատկանեան էլ էինք կարդացել՝ մակերեսը միայն, բայց թէ ի՞նչ էր անկախութիւնը, ազատութիւնը, կասկածում եմ, թէ գաղափար ունէինք: Երբեմն թւում էր, թէ երբ վզկապ չենք կապել, կոմերիտական կրծքանշանը՝ մերժել, աւելի ուշ՝ կոմունիստական կուսակցութեան շարքերն անցնելու գայթակղութեանն ընդդիմացել, հէնց այդ սաղմը՝ ազատութիւն, անկախութիւն ունենալու՝ ծնունդից մարդուն շնորհուած մեր բնական իրաւունքն է շինծու պարտադրանքի առջեւ ծառս եղել: Միայն համալսարանում, օրըստօրէ ըմբռնեցի, թէ ինչ լուսաւոր կապ կայ անկախութեան, ազատութեան, հայոց լեզուով դրանք զգալու ու արտաբերելու միջեւ:

17.7.13

Դառնացած ժողովուրդ. խոհեր Յովհաննէս Թումանեանի հետ` թոշակառու գիտնականների մասին

ՆԱՅԻՐԱ ՎԱՐԴԱՊԵՏԵԱՆ

«Մտածմունքներ կան, որ սաստիկ ծանր են, բայց դուք դատապարտուած էք մտածելու, չէք կարող փախչել նրանցից»:
Մեծ Լոռեցին այս խօսքերն ասել է 100 տարի առաջ` նկատի ունենալով երկրի խնդիրները: Այսօր շարունակում ենք մնալ այդ նոյն մտածմունքների մէջ. խնդիրները շարունակում են կուտակուել, նրանց աւելանում ու աւելանում են նորերը:
Այդ 1000 ու մի խնդիրներից ահա մէկը։

15.5.12

Ռօտտեր՝ ծանօթ ու անծանօթ նկարիչը մեր աւանդական առասպելներուն

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

«Նոր Յառաջ»ի Մարտ 15ի թիւին մէջ, սուրիահայ բանասէր Լեւոն Շառոյեան շահեկան անդրադարձ մը ունէր Յովհաննէս Թումանեանի «Գիքոր»ի նոր հրատարակութեան մասին, որ իրագործուած է Հալէպի մէջ, «Կիլիկիա» գրատան նախաձեռնութեամբ։
Այս հրատարակութեան լուրը տեղին արծարծում մըն էր՝ Սուրիոյ մտահոգիչ իրավիճակին մէջ դէմ յանդիման, կերպով մը յիշեցնելու հալէպահայ գաղութի վերջին երկու տասնամեակներու հրատարակչական-մշակութային աշխուժութիւնն ու զարթօնքը։