ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
Se non è vero, è ben
trovato
(«Եթէ
ճշմարիտ չէ, ճիշդ գտնուած է»)
Իտալական ասացուածք
Նոր չէ, ոչ ալ հայկական «հիւանդութիւն» պէտք է սեպել,
անձի մը ինքնութեան, լեզուներու փոխյարաբերութեան կամ նիւթի մը վերաբերեալ չնաշխարհիկ տեսութիւններու հրապարակ նետուիլը։ Ժամանակին,
անոնք միայն թերթերու կամ գիրքերու մէջ կը գտնուէին, իսկ հիմա համացանցը՝
ամէնուրեք իր մուտքով, նման տեսութիւններու զարգացման անսահմանափակ դաշտ մըն է։ Եթէ խորհրդաւոր
կամ կասկածելի թուացող երեւոյթ մը կայ, կամ
կիսափաստ
մը գոյութիւն ունի որ իբրեւ մեկնակէտ կրնայ
ծառայել, ատիկա բաւարար կը դառնայ, որպէսզի գիտական խստապահանջութիւնը մէկ կողմ
դրուի եւ «ինչո՞ւ
չէ» ըսուի, ապա վարկածը
իբրեւ ճշմարտութիւն ներկայացուի եւ, վերջաւորութեան, «պաշտօնական» գիտնականներու «լռութիւնը»
կամ «հայամերժութիւնը» ձաղկուի։