ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Երբեմն
ափսոսանքով կը նկատեմ, թէ մեր շուրջբոլորը որքա՜ն մեծ է թիւը այն մարդոց,
որոնք կ՛անգիտանան տարբերութիւնը ընդմէջ ԳՐԱԴԱՐԱՆին ու ԳՐԱՏՈՒՆին: Կը
շփոթեն զանոնք իրարու հետ, կը կարծեն, թէ նոյն բաներն են ատոնք…
Ի՞նչ է պատճառը այս լեզուական մոլորումին: Գրատան մը դիմացէն չե՞ն
անցած, գրադարանի մը օդը չե՞ն շնչած, թէ՞ առհասարակ ամէն տեսակ կապ շատո՜նց
խզեր են ԳԻՐՔ կոչուած թուղթէ իրեղէնին հետ…