ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Երբեմն
ափսոսանքով կը նկատեմ, թէ մեր շուրջբոլորը որքա՜ն մեծ է թիւը այն մարդոց,
որոնք կ՛անգիտանան տարբերութիւնը ընդմէջ ԳՐԱԴԱՐԱՆին ու ԳՐԱՏՈՒՆին: Կը
շփոթեն զանոնք իրարու հետ, կը կարծեն, թէ նոյն բաներն են ատոնք…
Ի՞նչ է պատճառը այս լեզուական մոլորումին: Գրատան մը դիմացէն չե՞ն
անցած, գրադարանի մը օդը չե՞ն շնչած, թէ՞ առհասարակ ամէն տեսակ կապ շատո՜նց
խզեր են ԳԻՐՔ կոչուած թուղթէ իրեղէնին հետ…
Մինչդեռ «գրադարան»-ը նոյնինքն մատենադարանն է, գիրքերու մեծաքանակ
ժողովածուներ պարունակող վայրը, ուր հին ու նոր հատորներ կը շնչեն (կամ…կը
մրափեն) կողք-կողքի, դասաւորեալ ու թուագրեալ շարքերով: Ու չմոռնալ, որ կան
ՍԵՓԱԿԱՆ գրադարաններ (մեր տուներուն մէջ) եւ ՀԱՆՐԱՅԻՆ գրադարաններ
(ակումբներու, դպրոցներու կամ միութիւններու երդիքին տակ):
Մեր
երէցները յաճախ կը գործածէին «գրադխանա» բառը` փոխան «գրադարան»-ի: Կը
յիշեմ, որ առիթով մը Կիլիկիոյ բարեյիշատակ Գարեգին Բ. կաթողիկոսն ալ
գործածեր էր այս բառը` հրապարակային իր ելոյթներէն մէկուն ընթացքին, ի
Հալէպ, յիշելով իր մանկութիւնը Քեսապի մէջ ու այն երկու «տուն»-երը,
որոնցմէ բնաւ չէր հեռանար. Աստուծոյ տունը (եկեղեցին) եւ գիրքերու տունը`
«գրադխանա»-ն…
Ինչո՞ւ յիշեցի այս բոլորը:
Որովհետեւ անդրադարձայ, որ Հալէպի մեր հանրային գրադարաններէն մին այս տարի դարձեր է 95 տարեկան…
Պատկառելի տարիք:
Խօսքը կը վերաբերի Հալէպի ՀԵՄ-ի «Քրիստափոր գրադարան»-ին:
Բոլոր անոնք, որոնք քիչ-շատ միութենական կեանք մը ապրած են ՀՄԸՄ-ի,
ՍԵՄ-ի կամ ուղեկից միութիւններու երդիքին տակ, շատ լաւ գիտեն «Քրիստափոր
գրադարան»-ը, որ հիմնուած էր 1919-ին, ու, հետեւաբար, հալէպահայութեան
հանրային հնագոյն գրադարանն է ապահովաբար:
Շուրջ 25 տարիէ ի վեր «Քրիստափոր»-ը տեղադրուած է «Արամ Մանուկեան»
ժողովրդական տուն, Ա. յարկ: Բայց իմ սերունդս եւ աւելի հիները կը յիշեն անշուշտ
գրադարանին այն երանելի շրջանները, երբ անիկա կը գտնուէր Թիլել պողոտայի
ակումբին բակին մէջ, փոքր ու ոչ ընդարձակ սենեակի մը մէջ:
Հայ գիրքի իսկական շտեմարան մըն էր այդ սենեակը, որուն չորս պատերը,
գետնէն մինչեւ առաստաղ ծածկուած էին գիրքերով, փոքրածաւալ կամ հաստափոր
հազարաւոր մատեաններով: Կազմուած ու թուագրուած հատորները կը յորդէին
դարաններէն:
70-ականներու վերջերը կամ 80-ականներու սկիզբը, իբրեւ ընթերցասէր
աշակերտներ, ամէն կիրակի Թիլելի այդ գրադարանը կը վազէինք` մեր ձեռքերուն
մէջ գիրքերու ցուցակ մը, զոր «Հայկազեան» վարժարանի մեր ուսուցիչները տուած
կ՛ըլլային մեզի` իբրեւ ուղեցոյց կամ նախաճաշակ:
«Քրիստափոր գրադարան»-ը այդ տարիներուն մեղուի իսկական փեթակ մըն էր:
Աննկարագրելի եռուզեռ մը կ՛ըլլար հոն: Շաբաթներ շարունակ կարգի կը
սպասէինք` պահանջուած գիրքը ձեռք բերելու համար:
Այդ օրերէն կը յիշեմ երեք գրադարանավարներ` Համբիկ Ճապաղջուրեանը,
Միհրան Մինասեանը եւ Սեպուհ Տանակէօզեանը: Երեքն ալ` բծախնդիր եւ աչալուրջ:
Աչալո՞ւրջ: Բայց ի՞նչ բանի համար, հարց պիտի տաք թերեւս:
Օր մը, Զ. կարգի աշակերտ էի, երբ գրադարանավարէն խնդրեցի…«Բերայի
գիշերները» վէպը: Հերթապահ գրադարանավարը վերէն վար չափչփեց զիս ու ըսաւ.
– Ատիկա քու տարիքիդ յարմար գիրք չէ՛…
Գլխիկոր տուն վերադարձայ` բախտս երկրորդ անգամ մըն ալ փորձելու
վճռակամութեամբ: Երկու շաբաթ անց, օգտուելով Ա. գրադարանավարին պատահական
բացակայութենէն, դարձեա՛լ խնդրեցի «Բերայի գիշերները»…
Չեղա՛ւ ու չեղա՛ւ: Բ. գրադարանավարն ալ տուաւ նո՛յն պատասխանը.
– Ատիկա քու տարիքիդ յարմար գիրք չէ՛…
Շատ տարիներ ետք, երբ այլեւս պեխ-մօրուք կար դէմքիս վրայ, ի վերջոյ կրցայ կարդալ այդ գիրքը…Բայց մի՛ հարցնէք, թէ ինչե՛ր կային հոն…
«Քրիստափոր գրադարան»-ին պատմութիւնը գրեթէ կը նոյնանայ Հալէպի յետեղեռնեան հայ գաղութին պատմութեան հետ:
Բարի՛ երթ այս սիրելի գրադարանին` դէպի իր փառաւոր դարադարձը:
* * *
Այդ հի՜ն ու երջանիկ օրերուն, դէպի Թիլելի «Քրիստափոր գրադարան» մեր
ճամբուն վրայ, ակումբին դրան անմիջապէս քովը, կար հայկական գրատուն մըն ալ:
Գիրքերու վաճառատուն մը:
«Գրատուն Օմար Խայեամ»: Սեփականատէր` Զաւէն Սապունճեան:
Ան, ուրկէ՞ ուր, ԺԲ. դարու պարսիկ միսթիք բանաստեղծին անունը բերեր,
դաջեր էր իր գրատան ճակտին, չեմ գիտեր: Սիրահա՞ր մըն էր արդեօք Խայեամի
քառեակներուն, ո՜վ գիտէ:
Փոքր խանութ մըն էր Սապունճեանին գրատունը, անհամար հայերէն գիրքերով
լի. այնքան առատ ու ճոխ, որ գնորդը խանութին շեմէն ներս ոտք դնել չէր
կրնար: Ճիշդը խոստովանելու համար պիտի համարձակիմ ըսել, որ քաոսի ու
խառնարանի մանրանկար մըն էր այս գրատունը:
Բայց ես յաճախ կանգ կ՛առնէի անոր ցուցափեղկին առջեւ եւ երկա՜ր կը դիտէի
ներսի գիրքերը, կը փորձէի հեռուէն կարդալ վրայ վրայի դիզուած հատորներուն
խորագիրները: Հոս կարելի էր գտնել Լիբանան տպուած գեղատիպ
հրատարակութիւններ ու պարբերականներ ալ, ինչպէս` «Մկոն ու Չալոն», «Բժիշկ»,
«Բագին» եւ այլն:
Առիթով մը աչքիս զարկաւ Ալ. Խատիսեանի «Հայաստանի Հանրապետութեան
ծագումն ու զարգացումը» հաստափոր ու գեղակազմ հատորը: Իմ գրպանին համար
սուղ գիրք մըն էր: Սակայն, առանց տատամսումի, ամառնային երեքշաբաթեայ
աշխատանքովս վաստկած դրամով ի՜նչ ուրախութեամբ գնեցի այդ գիրքը ու զայն
տուն բերի յաղթական… Երանելի՜ պատանեկութիւն:
Ափսո՜ս, այդ գրատունը փակուած է արդէն, ա՛լ չկայ:
* * *
«Քրիստափոր»-ի ու «Օմար Խայեամ»-ի միջեւ այս ակնթարթային երթեւեկը չէր
կրնար իրականանալ անշուշտ, եթէ չանցնէինք ՀԵՄ-ի ակումբին բակէն:
Հնամաշ միայարկ շէնքի մը ընդարձակ բակն էր ասիկա:
Հոն կը տեսնէի տարեց հայ մարդիկ, որոնք քառակուսի նեղ սեղաններու առջեւ
դէմ յանդիման նստած` նարտ կը խաղային: Այդ սեղաններուն վրայ նարտ
խաղցողները մի՛շտ ալ կ՛ունենային իրենց թէյի փոքրիկ ու երկարաւուն
գաւաթները, որոնք արտակարգ փայլք մը ունէին կարծէք, եւ որոնց մէջ անպայման
դրուած կ՛ըլլար լեմոնի շերտ մը… Օ՜, ինչ համով էր ակումբին այդ թէյը…
Յետոյ, ակումբի այդ բակին մէջ ես միշտ կը տեսնէի «Ազդակ» կարդացող
մարդիկ: «Ազդակ»-ը առաջին անգամ հո՛ն տեսած եմ ու թղթատած: Ո՜վ գիտէ,
թերեւս ընթերցանութեան կիրքը իմ մէջ սողոսկեցաւ ա՛յդտեղ, ընթերցողներու այդ
մթնոլորտին մէջ:
Դեռ կար բակին ճակատը նեղ դռնէ մը բացուող սրահը, իրարու ագուցուած քանի
մը սենեակներով, ուր ամէն ապրիլ 24-ի լուսանկարներու եւ գիրքերու շատ
հետաքրքրական ու տպաւորիչ ցուցահանդէսներ կը սարքուէին: Դպրոցի
աշակերտներս, խմբովին, կ՛այցելէինք այդ ցուցահանդէսները, ուր երիտասարդ
պատասխանատուներ բացատրութիւններ կու տային մեզի Մեծ եղեռնի զոհերուն եւ
մեր հողային պահանջներուն մասին: Ու մենք կը տոգորուէինք հայկականութեամբ…
«Ազդակ», Հոկտեմբեր 23, 2014
No comments:
Post a Comment