Showing posts with label ՈՒԷՖԱ. Show all posts
Showing posts with label ՈՒԷՖԱ. Show all posts

15.10.11

Ֆութպոլային մեկնաբանութիւններ բաց նամակի մը առիթով

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականը, իր լաւագոյն ելոյթները ունենալով քսան տարուան ընթացքին, հասած էր մինչեւ Եւրոպայի ախոյեանութեան 2012ի աւարտականներուն դուռը։ Վերջին խաղին (Հոկտեմբեր 11), պարտուելով Իրլանտայէն 2-1 արդիւնքով՝ Տապլինի մէջ, դուրս մնացած է աւարտականի մասնակցութենէն։ Հայրենի հաւաքականը մինչեւ վերջին վայրկեան իր լաւագոյնը փորձած է արդիւնքը փոխելու համար (միայն յաղթանակ մը իրեն կու տար յաջորդ հանգրուանի անցագիրը), հակառակ անոր, որ 55 վայրկեան տասը հոգիով խաղացած է, իսկ 59րդ վայրկեանին 2-0 կը կորսնցնէր։ Խաղի այս ընթացքին մէջ անկասկած իր բաժինը ունեցած է բերդապահ Ռոման Բերեզովսկիի դաշտէն վտարումը 26-րդ վայրկեանին՝ իրաւարարին գործած կոպիտ սխալի մը պատճառով. իբրեւ թէ ան գնդակը թեւով դպած էր տուգանային հրապարակէն դուրս՝ վերջին պաշտպանը ըլլալով, ինչ որ ինքնաբերաբար վտարումի ազդանշան է։ Սակայն, թէ՛ դրուագին տեսագրութեան կրկնութիւնը եւ թէ՛ իրլանտացի յառաջապահ Սայմըն Քոքսի խոստովանութիւնը, թէ ի՛նքն էր եւ ոչ թէ Բերեզովսկին, որ գնդակը կանխաւ ձեռքով դպած էր (ուստի՝ խաղը պէտք է այդ պահուն կասեցուէր), բաւարար են ցոյց տալու վճիռին անարդարութիւնը։