Showing posts with label գիրքի մայրաքաղաք. Show all posts
Showing posts with label գիրքի մայրաքաղաք. Show all posts

8.3.12

Գիրքի մայրաքաղա՞ք, թէ՞ մեռելաքաղաք

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

2011ին, Արժանթինի մայրաքաղաքը՝ Պուէնոս Այրէսը, գիրքի միջազգային մայրաքաղաքն էր։ Ընթերցողը թերեւս տեղեակ է (քանի որ երկար տարիներէ ի վեր հայ գաղութն ալ կը մասնակցի, վերջին երկու տասնամեակներուն՝  Հայաստանի Հանրապետութիւնը ներկայացնելով), որ Պուէնոս Այրէսը՝ սպանական աշխարհի գրահրատարակչութեան երբեմնի մայրաքաղաքը, մօտ 40 տարիներէ ի վեր կը հիւրընկալէ գիրքի միջազգային ցուցահանդէս մը՝ աւելի քան մէկ միլիոն այցելուներով եւ բազմատասնեակ երկիրներու մասնակցութեամբ։ Բայց ան թերեւս չի գիտեր, որ ըստ որոշ պնդումներու, Պուէնոս Այրէսը աշխարհի մէջ ամենաշատ գրախանութ ունեցող քաղաքն է՝ մէկ քառակուսի մեթրի վրայ, եւ թերեւս նաեւ՝ իւրաքանչիւր բնակիչի դիմաց։ Ան ունի բազմահարիւր գրախանութներ, ո՛չ միայն կեդրոնի շրջանին, այլեւ կեդրոնէն հեռու թաղամասերու մէջ, թէ՛ նոր եւ թէ՛ հին գիրքերու, որոնք յաճախ կը բանան շաբթուան եօթը օրերը եւ երբեմն՝ մինչեւ առաւօտեան վաղ ժամերը։ Ալ չխօսինք հանրային զանազան պարտէզներու մէջ լայնատարած բացօթեայ գիրքերու տօնավաճառներու, կրպակներու, եւ այլ մերձ գրախանութային երեւոյթներու մասին։

25.2.12

Գիրքի մայրաքաղաք հռչակուած Երեւանի մէջ գիրքերը կրկնակի կը թանկանան

Ա. ՍԱՀԱԿԵԱՆ

 
Երեւանը համաշխարհային գիրքի մայրաքաղաք հռչակուելէ ետք չուշացուց իր անակնկալը եւ ըստ 2011 Դեկտեմբերին ընդունուած «Աւելացած արժէքի մասին ՀՀ օրէնքում փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին» օրէնքի, գիրքի գինին մէջ կը մուծուի յաւելեալ արժէքի հարկ (VAT), որուն արդիւնքով տպագիր հրատարակութիւններուն գիները կտրուկ կերպով կ՚աւելցնան։
Որոշ լաւատեսներ կը կարծէին, թե գիրքերը պիտի թանկանային մօտ 20 առ հարիւր համեմատութեամբ: Սակայն, զանոնք պիտի հիասթափեցնենք, քանի որ այսուհետեւ բազմաթիւ գիրքերու համար ընթերցողները ստիպուած պիտի ըլլան կրկնակի վճարել: Օրինակ, մայրաքաղաքի կեդրոնը գտնուող «Նոյեան Տապան» գրատունը արդէն հեղինակներուն խնդրած է գալ գրախանութ եւ նոր պայմանագրեր կնքել: Ըստ այդ թարմացումին, մինչեւ օրս 3000 դրամ արժող գիրքը այսուհետեւ կրնաք ձեռք բերել 6000 դրամով:
«Վերջին լուրեր» (verjinlurer.am), Փետրուար 24, 2012
(Արեւմտհայերէնի վերածուած)