Showing posts with label քաղաքականութիւն. Show all posts
Showing posts with label քաղաքականութիւն. Show all posts

25.8.11

Վարդան Պետրոսեան. «Իմ միտինգներն այստեղ են՝ բեմում»

1980ական թուականներու վերջերուն ծնած նշանաւոր «Ոզնիներ» խումբէն մինչեւ այսօր, դերասան ու կատակերգակ Վարդան Պետրոսեանի ստեղծագործական ճանապարհը զինքը տարած է առաջին հարթակ՝ Հայաստանի ու հայութեան հարցերը թատերական բեմէն երգիծանքի տակ թաքնուած սուր քննադատութեամբ յատկանշուելով։ Իր վերջին ներկայացումին առիթով տեղի ունեցած այս հարցազրոյցը որոշ լուսաբանութիւն կու տայ իր մտածումներուն մասին։ Վերնագիրը մերն է։

24.11.10

Մշակութային քաղաքականութիւն

Այս երկու յղացքներու դրացնութիւնը հազուագիւտ երեւոյթ է մեր մօտ։ Բառերը մաշած գունատած գորգերու պէս կորսնցուցած են իրենց ճշգրտութիւնը, ինկած են շրջուն վաճառորդներու ուսերուն։ Այնպէս որ այսօր «մշակոյթ» գաղափարը կը զուգադիպի գլխաւորաբար գրականութեան հետ, ժանանակակից հայ գրականութիւնը, այդ կոճկուած, ինքնիր շուրջ դարձող, անուշահոտ գործածող տարիքոտ ամուրին որուն կը հանդիպինք քոնսէրներու միջնարարին։ Մեր մէջ, գրականութիւնը շատ ալ տարբեր չէ գրականութեան մասին դասախօսութենէ, տարբեր չէ այդ դասախօսութեան մասին թերթի ղրկուած թղթակցութենէ։ Մշակոյթի կը կարծենք ծառայել երբ անցեալի վարկով (յաճախ խնդրական...) կը ծպտուինք, կը փորձենք մենք մեզ խաբել կամ ուշադրութիւն գրաւել միջազգային սակարանի մէջ։ Աստուած չընէ որ օտար մը գովէ մեր ժողովուրդի ձգած հետքը պատմութեան ճամբուն, երկու անուշ խօսք ընէ մեր մասին – կը ծռինք կօշիկին փոշին կ՚առնենք...։ Մշակոյթը դեռ հոմանիշ է Կովկասեան պարի, էսթրատային երաժշտութեան, կէս-ականջ պատարագին, նոյնիսկ ամավերջի հանդէսին...։ Եթէ այս բոլորը իրար խառնենք ու հասարակաց յայտարարի զարնենք, երեւան կու գայ կրաւորական ու ցեղակեդրոն նկարագիրը մեր ըմբռնումին։