ԺԻՐԱՅՐ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ
Կոմիտասի տառապակոծ կեանքը վերջ պիտի գտնէր 1935
թուականի Հոկտեմբերի 20-ին: Շաբաթ մը ետք, Հոկտեմբեր 27-ին, այդ առիթով
Փարիզի «Ապագայ» լրագրին մէջ լոյս կը տեսնէ Շահան Շահնուրի «Ազատն Կոմիտաս»
հիասքանչ գրութիւնը: Ատենին, այդ գրութիւնը իր ազգային-գրական
արժանիքներուն համար կ"արտատպուէր, ամբողջութեամբ կամ մասնակի, բազմաթիւ
թերթերու մէջ, «...առանց որ յարուցանէ դոյզն իսկ դժգոհութիւն», պիտի գրէ
Շահան Շահնուր յետագային, եւ պիտի աւելցնէ. «Ընդհակառակն: Դժուա՜ր էր
երեւակայել թէ ան մէջտեղ պիտի ելլէ օրին մէկը, երեսունհինգ տարուան թմբիրէ
ետք եւ գլխի փորձանք պիտի ըլլայ դուռ-դրացիի, այլ մանաւանդ ինծի» (տե՛ս Շահան Շահնուր, Անիմանալի գրոհը, «Պայքար», 4 մարտ 1970, «Զարթօնք», 20 մարտ 1970, նոյնը տե՛ս «Սփիւռք», 29 մարտ 1970) :