Showing posts with label Հրանտ Սամուէլ. Show all posts
Showing posts with label Հրանտ Սամուէլ. Show all posts

13.8.25

Փարիզի «Հ. Սամուէլեան» գրատան ճակատագիրը. աճուրդի հանուած հազուագիւտ հաւաքածոն - փրկուած է երեք գիրք


 ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Փարիզի Լատինական թաղամասի պատմական շունչով փողոցներէն մէկուն մէջ, երկար տասնամեակներ շարունակ կը գործէր հաստատութիւն մը, որուն անունը ամրօրէն կապուած է հայկական մշակոյթի եւ ընդհանրապէս արեւելեան մտաւոր ժառանգութեան հետ։ «Հրանդ Սամուէլեան արեւելեան գրատուն»ն է, որ հիմնուած է 1930 թուականին՝ Հրանդ Սամուէլեանի (Հրանդ Սամուէլ) ձեռքով եւ ժամանակի ընթացքին դարձած է ո՛չ միայն գիրքերու վաճառատուն, այլեւ կամուրջ՝ Արեւելքի ու Արեւմուտքի միջեւ։ Գրատունը այդ տարիներուն Փարիզի մէջ կազմաւորուող հայ համայնքի, բայց նաեւ գաւառաբնակ ամբողջ հայութեան հանդիպման վայրն էր։ 

 «Հրանդ Սամուէլեան» գրատունը երբեք պարզ առեւտրական կեդրոն մը չէր։ Ան եղած է հայ գիրքի, մտքի ու սփիւռքեան յիշողութեան սրբավայր մը՝ միաժամանակ լեցուած բազմալեզու հրատարակութիւններով եւ եզակի նիւթերով։ Այնտեղ դարերու հեռաւորութենէն եկած հայկական ժառանգութիւնը կը հանդիպէր նոր ժամանակներու ձայնին՝ պահելով լեզուի եւ մշակոյթի շունչը։