Showing posts with label Վաչէ Ղազարեան. Show all posts
Showing posts with label Վաչէ Ղազարեան. Show all posts

8.11.26

Լոյս տեսաւ «Ժողովածոյ Գրիգոր Քէօսէեանի նամակներու եւ յարակից նիւթերու»

«Մայրենի» հրատարակչութեան միջոցով Հոկտեմբեր ամսու կիսուն Ռոտ Այլընտի մէջ լոյս տեսաւ դոկտ. Վաչէ Ղազարեանի կազմած, խմբագրած եւ ծանօթագրած «Ժողովածոյ Գրիգոր Քէօսէեանի Նամակներու Եւ Յարակից Նիւթերու» խաւաքարտեայ կողքով հատորը, որ իր 748 էջերուն մէջ կ՚ընդգրկէ 114 անձերէ ստացուած կամ անոնց ուղարկուած նամակներ, Քէօսէեանի հրատարակած հատորներուն մասին հրատարակուած եւ անտիպ գրախօսականներ, նոյնին նախապէս հրատարակուած ժողովածոներուն մէջ չամփոփուած կարգ մը գրութիւններ, նորագոյն շրջանի գունաւոր երգիծանկարներ,- որոնք կ՚առնչուին Արցախի եւ Կազայի ողբերգութիւններուն ու պայթուցիկ համաշխարհային կացութեան,- ինչպէս նաեւ լուսանկարներ, որոնք կը ներկայացնեն Քէօսէեանը զանազան տարիներու եւ այլազան առիթներով՝ հրապարակային, ընկերական, բարեկամական եւ ընտանեկան միջավայրերու մէջ:

15.12.17

«Ազգային Պատուիրակութեան գործունէութիւնը 1915-1916 (Վաւերագրեր)» (ներածական եւ ծանօթագրութիւններ՝ դոկտոր Վաչէ Ղազարեան)

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Պէյրութի մէջ 2017-ին լոյս տեսաւ դոկտոր Վաչէ Ղազարեանի պատրաստած »Ազգային պատուիրակութեան գործունէութիւնը 1915-1916 (վաւերագրեր)» գիրքը, բաղկացած` 480 էջերէ: Գիրքը հրատարակուած է ՀԲԸ Միութեան Վահրամ Ապտալեան մշակութային հիմնադրամի միջոցներով:
Ներածականին մէջ դոկտոր Վաչէ Ղազարեան կ՛ըսէ, որ լոյսին բերուող բանակցային արձանագրութիւնները, թղթակցութիւններն ու յուշագրերը կը վերաբերին Ազգային Պատուիրակութեան գործունէութեան 1915-1916 տարիներու գործունէութեան:

18.10.17

Վահան Թէքէեանի «Երկու դրախտները»՝ մամուլի մէջ ցրուած էջերու նոր հաւաքածոյ մը


Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթի «100-ամեակ»ի մատենաշարը հարստացաւ նոր հրատարակութեամբ մը։ Վահան Թէքէեանի «Երկու դրախտները» կու գայ միանալու ցարդ տպագրուած չորս հատորներուն՝ Քասիմի «Օրուան մտածումներ», Ռուբէն Զարդարեանի «Յօդուածներ», Երուխանի «Փոքր Ասիոյ մէջէն» եւ նոյն Թէքէեանի «Կեսարիա» հատորներուն։ «Ժամանակ»-ի հրատարակութեան 100-ամեակին առթիւ կը հրատարակուին հաւաքածոներէն պեղուած յօդուածներ, յօդուածաշարքեր կամ ամբողջական երկեր, որոնք նոր լոյս մը կը սփռեն անցեալին եւ ի յայտ կը բերեն արեւմտահայ հեղինակներու գրական ժառանգութենէն նոր գործեր։