Showing posts with label Փարիզ. Show all posts
Showing posts with label Փարիզ. Show all posts

13.8.25

Փարիզի «Հ. Սամուէլեան» գրատան ճակատագիրը. աճուրդի հանուած հազուագիւտ հաւաքածոն - փրկուած է երեք գիրք


 ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Փարիզի Լատինական թաղամասի պատմական շունչով փողոցներէն մէկուն մէջ, երկար տասնամեակներ շարունակ կը գործէր հաստատութիւն մը, որուն անունը ամրօրէն կապուած է հայկական մշակոյթի եւ ընդհանրապէս արեւելեան մտաւոր ժառանգութեան հետ։ «Հրանդ Սամուէլեան արեւելեան գրատուն»ն է, որ հիմնուած է 1930 թուականին՝ Հրանդ Սամուէլեանի (Հրանդ Սամուէլ) ձեռքով եւ ժամանակի ընթացքին դարձած է ո՛չ միայն գիրքերու վաճառատուն, այլեւ կամուրջ՝ Արեւելքի ու Արեւմուտքի միջեւ։ Գրատունը այդ տարիներուն Փարիզի մէջ կազմաւորուող հայ համայնքի, բայց նաեւ գաւառաբնակ ամբողջ հայութեան հանդիպման վայրն էր։ 

 «Հրանդ Սամուէլեան» գրատունը երբեք պարզ առեւտրական կեդրոն մը չէր։ Ան եղած է հայ գիրքի, մտքի ու սփիւռքեան յիշողութեան սրբավայր մը՝ միաժամանակ լեցուած բազմալեզու հրատարակութիւններով եւ եզակի նիւթերով։ Այնտեղ դարերու հեռաւորութենէն եկած հայկական ժառանգութիւնը կը հանդիպէր նոր ժամանակներու ձայնին՝ պահելով լեզուի եւ մշակոյթի շունչը։

27.10.16

7րդ տարեդարձին առթիւ. անդրադարձ

Ժ.Չ.
 
27 Հոկտեմբեր 2009-ին «Նոր Յառաջ» իր առաջին թիւը հրատարակեց։ 7 տարիներ անցան եւ շուտով 1000-րդ թիւը լոյս պիտի տեսնէ։ Իսկ ֆրանսերէն յաւելուածը որ դարձաւ շաբաթաթերթ՝ իր 6-րդ տարեդարձը պիտի տօնէ։

30.6.16

Էջ մը եւս փրթաւ Փարիզի հայ մտաւորական կեանքի պատմութեան գիրքէն. Արմէն Սամուէլեան


Յու­նիս 24-ին, 85 տա­րե­կա­նին իր մահ­կա­նա­ցուն կնքեց Հրանդ Սա­մուէ­լի որ­դին՝ Ար­մէն Սամուէ­լեան, ո­րու ա­նու­նը սեր­տօ­րէն ա­ռն­չուած պի­տի մնայ Փա­րի­զի հայ մտա­ւո­րա­կան կեան­քի պատ­մու­թեան:
Իր հօր­մէն վա­րա­կուած՝ գրա­կա­նու­թեան սի­րա­հար, ող­բա­ցեա­լը ա­նոր «Սա­մուէ­լեան» գրա­տան գիր­քե­րու բոյ­րին եւ փո­շի­նե­րուն մէջ հա­սակ ա­ռած էր:

29.6.14

Արշակ Գառնի՝ արուեստագէտ-մտաւորականը

Վ. ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
 
Բուն անու­նով Ար­շակ Գառ­նի­կեան, ծնած է 1931-ին, Պէյ­րութ։ Ծնող­քը ջար­դե­րէն ազա­տած կը հաս­տա­տուին Պէյ­րութի Քա­րան­դի­նա կո­չուած աղ­քա­տիկ թա­ղամա­սը, որ մաս կը կազ­մէր հայ­կա­կան քով-քո­վի բու­սած թի­թեղա­շէն բա­նակա­վայ­րե­րու։ Այդ տա­րինե­րուն տա­րաբախտ հա­յու­թիւնը լծո­ւած էր նոր գաղ­թաշխարհ մը կա­ռու­ցե­լու աշ­խա­տան­քին՝ եկե­ղեցի, դպրոց եւ ար­հեստա­նոց­ներ հիմ­նե­լով, վե­րապ­րե­լու հա­մար նոր կեան­քի պայ­մաններ ստեղ­ծե­լու, նոր թափ տա­լու եկող սե­րունդնե­րուն։ Այդ մթնո­լոր­տին մէջ Ար­շակ հա­սակ առած է ու կազ­մա­ւորո­ւած։

12.10.13

Ռուդիկ Հարոյեանի յիշատակին

Ռուդիկ Հարոյեան, այնքան ալ ծանօթ անուն մը չէ սփիւռքահայութեան, թէեւ պէ՛տք է ըլլար։ Հոյակապ պարող, պարուսոյց եւ աւանդական պարերու հաւաքագրող, որ հակառակ Հայաստանի մէջ տարածուած «սովետակերտ» ժողովրդական պարի «անսաբլ»ներու աւանդոյթին, աւանդական երգարուեստը նորարարող՝ Հայրիկ Մուրատեանի հետեւողութեամբ վերագտաւ, վերարծարծեց, վերարժեւորեց, վերակենդանացուց հայկական աւանդական պարը՝ զայն զետեղելով հայկական տօներու պարունակին մէջ։

29.12.12

Ֆրանսիայի Հայկական Թանգարանի ճակատագրի մտահոգութեամբ


ՄԵԼԱՆԻԱ ԲԱԴԱԼԵԱՆ

Արտերկրում գտնուող հայկական մշակութային-կրթական իւրաքանչիւր հաստատութիւն որպէս համասփիւռքեան օրգանիզմի անբաժանելի մաս, իր դերն ու նշանակութիւնը եւ ազդեցութիւնը ունի ամբողջ կառոյցի վրայ: Եւ, բնականաբար, դրանց հետ կապուած որեւէ փոփոխութիւն, աշխատանքների դադարեցում, փակում եւ այլն ակնյայտօրէն թուլացնում են հայկական ինքնութեան պատնէշները, յուսահատական տրամադրութիւններ առաջացնում հայութեան մէջ: Նման ցաւալի իրողութիւն ապրեց սփիւռքահայութիւնը վերջերս Կիպրոսի «Մելգոնեան» վարժարանի փակման հետ կապուած: