Showing posts with label ներգաղթ. Show all posts
Showing posts with label ներգաղթ. Show all posts

17.9.16

Սուրիահայերը Երեւանի մէջ. բախում երազային Հայաստանի եւ իրական Հայաստանի միջեւ

ՀՐԱՅՐ ԵՍԱՅԵԱՆ

Սուրիոյ աւերիչ պատերազմի բռնկումին հինգ տարին լրացաւ արդէն: Սուրիան, որ տասնամեակներէ ի վեր եռացող տարածաշրջանի մը անդորր ովասիսը կը սեպուէր, դարձաւ համաշխարհային քաղաքական ուժերու միջեւ կռուախնձոր` պատերազմի դաշտի վերածուելով: Սուրիոյ հայութիւնը, ինչպէս ամբողջ Սուրիոյ ժողովուրդը, ծանր կորուստներ կրեց պատերազմին պատճառով եւ տեղաշարժի ենթարկուեցաւ: Անոր ստուար մասը իր ասպնջական հայրենիքին թոհուբոհէն ազատելու համար դիմեց գաղթի` թափառելով քաղաքէ քաղաք, երկրէ երկիր, հայրենիքէ հայրենիք, միլիոնաւոր համաքաղաքացիներու նման` գաղթականի աննախանձելի կարգավիճակին մատնուելով:
Սուրիահայերէն շատերը դիմեցին Հայաստան` իբրեւ ապահով ապաստան:

21.11.13

Վարդան Պետրոսեան՝ քաղաքական հաշիւներու զոհ

Ժ.Չ.
Հայաստանի անկախացումը տնտեսական ճգնաժամի առաջնորդեց երկիրը։ Ղեկավար դասը կը մեղադրէ ազերիները, թուրքերը, ռուսերը, սովետական կարգերը, երկրաշարժը … սակայն ո՛չ մէկ պահու խնդրոյ առարկայ դարձուցած է իր գործելակերպը։ Յաջորդական կառավարական վարչախումբերը, անձնական ու գլանային շահերէ մեկնած՝ կողոպտեցին երկիրը եւ անտանելի դարձուցին անկախութիւնը եւ Արցախեան յաղթանակը գործածեցին ժողովուրդը ստրկացնելու համար։ Այսօր անկախութենէն 22 տարի անց կարելի է առանց վարանումի պնդել, որ Հայաստանի երեք կառավարութիւններու լաւագոյն արտադրութիւնը, մեծագոյն ձեռքբերումը՝ «արտագաղթ» արտադրելը եղած է։ Նախարարական բոլոր կոչերը կը հաստատեն այս կարեւոր արտադրութեան իրականութիւնը՝ հայրենադարձութիւն, ներդրում, նուիրատուութիւն … եւ պէտք է ըսել «նպարավաճառ»ի հաշիւով, լրիւ շահ է.

18.6.13

Մահ բանաստեղծ Աբրահամ Ալիքեանի

ԼԵՒՈՆ ԱՐՏԱԶԵԱՆ
 
Շաբաթ, Յունիս 15ին, 85 տարեկան հասակին, Պէյրութի մէջ իր մահկանացուն կնքած է բանաստեղծ ու թարգմանիչ Աբրահամ Ալիքեանը, որ տարիէ մը ի վեր փոխադրուած էր Պուրճ Համուտի ազգային ծերանոցը։ Անոր յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցած է Յունիս 17ին եւ մարմինը ամփոփուած է Պուրճ Համուտ ազգային գերեզմանատան մէջ։
Աբրահամ Ալիքեան ծնած էր Ալեքսանտրէթ, 1928ին։ Իր ուսումը ստացած էր Պէյրութի հայ ճեմարանին մէջ, 1947ին ներգաղթելով Հայաստան։ Սակայն, ստալինեան ժամանակի բռնաճնշումներուն հետեւանքով, որոնց զոհերէն եղած է 25ամեայ ներգաղթող բանաստեղծ Անդրանիկ Թէրզեանը՝ 1952ին, Ալիքեան փոխադրուած է Մոսկուա, ուր ապրած է յաջորդ քառասուն տարիներուն՝ իր գրական եւ ուսուցչական գործունէութիւնը շարունակելով հոն մինչեւ խորհրդային վարչակարգին փլուզումը։ Այնուհետեւ հաստատուած է Պէյրութ։ Ալիքեան պարտադրուած է արեւելահայերէն գրել՝ Հայաստան ու Ռուսաստան ապրած տարիներուն, իսկ Պէյրութ հաստատուելէ ետք կրկին վերադարձած է արեւմտահայերէնի։ Իր սեփական հատորներուն կողքին, ան հրատարակած է նաեւ բազմաթիւ թարգմանութիւններ ֆրանսերէնէ։

Վ.Մ.
  


11.11.11

Մնացածներն առանց հրաւէրի էլ կը գան

ՍԱՐԳՒՍ ՄԿՐՏՉԵԱՆ
Արտագաղթի ու ներգաղթի հետ կապուած հետաքրքիր հակասութիւն է նկատելի ոչ միայն Հայաստանի պետական քաղաքականութեան եւ առկայ իրավիճակի միջեւ, այլ հէնց պետական քաղաքականութեան ներսում իսկ։
Մէկ կողմից հայկական եւ միջազգային կազմակերպութիւնները, զանգուածային լրատուամիջոցները, եւ վերջերս նաեւ պետական մարմիններն ու պատասխանատուները, ընդհուպ մինչեւ Հանրապետութեան նախագահը, ահազանգում են Հայաստանից արտագաղթի մասին, հրապարակում են վիճակագրական տուեալներ, կազմակերպում են քննարկումներ եւ միւս կողմից, այս անգամ միայն պետական որոշ մարմիններ ու պատասխանատուներ, սփիւռքահայերին հրաւիրում են Հայաստան՝ կայք հաստատելու եւ աշխատանք սկսելու։ Այսինքն փորձում են ներգաղթ կազմակերպել։