Showing posts with label Աբրահամ Ալիքեան. Show all posts
Showing posts with label Աբրահամ Ալիքեան. Show all posts

19.8.16

«Անիծեմ՝ վարժապետ դառնաս»

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
 
Նոյեմբեր 2000-ի աշնան պայծառ առաւօտ մը աշակերտներու բազմութիւն մը հաւաքուած էր Մելգոնեան վարժարանի մեծ  բակին  մէջ: Հանդէս չէր այդ օրուան հաւաքը: Աշակերտներէն ոմանք՝ բողոքելու նպատակովուրիշներ՝ իրենց ուսուցիչներուն հրաժեշտ տալու համար, եկած էին վերջին անգամ տեսնելու դպրոցէն վտարուած իրենց երկու ուսուցիչները: Կորիւն եւ Մարալ Քէհէեան ամոլը, ովքեր Մելգոնեան կրթական հաստատութեան հայերէն լեզուի եւ գրականութեան  ուսուցիչներ էին, վտարուած էին դպրոցէն: Բողոքի ալիք մը բարձրացած էր Մելգոնեան վարժարանի պատմութիւն բուրող դեղին շէնքերու դասարաններուն  մէջ: Բանադրանքի, մեղադրանքի, այպանումի ամբողջ բեռը նետուած էր մանաւանդ վերին կարգերու սիրուած ուսուցիչ Կորիւն Քէհէեանի  ուսերուն:

18.6.13

Մահ բանաստեղծ Աբրահամ Ալիքեանի

ԼԵՒՈՆ ԱՐՏԱԶԵԱՆ
 
Շաբաթ, Յունիս 15ին, 85 տարեկան հասակին, Պէյրութի մէջ իր մահկանացուն կնքած է բանաստեղծ ու թարգմանիչ Աբրահամ Ալիքեանը, որ տարիէ մը ի վեր փոխադրուած էր Պուրճ Համուտի ազգային ծերանոցը։ Անոր յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցած է Յունիս 17ին եւ մարմինը ամփոփուած է Պուրճ Համուտ ազգային գերեզմանատան մէջ։
Աբրահամ Ալիքեան ծնած էր Ալեքսանտրէթ, 1928ին։ Իր ուսումը ստացած էր Պէյրութի հայ ճեմարանին մէջ, 1947ին ներգաղթելով Հայաստան։ Սակայն, ստալինեան ժամանակի բռնաճնշումներուն հետեւանքով, որոնց զոհերէն եղած է 25ամեայ ներգաղթող բանաստեղծ Անդրանիկ Թէրզեանը՝ 1952ին, Ալիքեան փոխադրուած է Մոսկուա, ուր ապրած է յաջորդ քառասուն տարիներուն՝ իր գրական եւ ուսուցչական գործունէութիւնը շարունակելով հոն մինչեւ խորհրդային վարչակարգին փլուզումը։ Այնուհետեւ հաստատուած է Պէյրութ։ Ալիքեան պարտադրուած է արեւելահայերէն գրել՝ Հայաստան ու Ռուսաստան ապրած տարիներուն, իսկ Պէյրութ հաստատուելէ ետք կրկին վերադարձած է արեւմտահայերէնի։ Իր սեփական հատորներուն կողքին, ան հրատարակած է նաեւ բազմաթիւ թարգմանութիւններ ֆրանսերէնէ։

Վ.Մ.