Showing posts with label «Հալէպ» հասարակական կազմակերպութիւն. Show all posts
Showing posts with label «Հալէպ» հասարակական կազմակերպութիւն. Show all posts

9.12.16

Երեւանի մէջ արեւմտահայերէնի մասին հերթական քննարկումներ

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
 
Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը կրկին քննարկ­ման ա­ռար­կայ էր վեր­ջերս Ե­րե­ւա­նի մէջ: 26 Նո­յեմ­բե­րին, Երե­ւա­նի մէջ գոր­ծող «Հա­լէ­պ» հայ­րե­նակ­ցա­կան բա­րե­սի­րա­կան հա­սա­րա­կա­կան կազմակերպու­թեան ե­րի­տա­սար­դաց խոր­հուր­դը Կրթու­թեան եւ Գի­տու­թեան նախարարութեան եւ Հայ­կա­կան Բա­րե­գոր­ծա­կան Ընդ­հա­նուր Միու­թեան (ՀԲԸՄ) աջակցութեամբ կազ­մա­կեր­պեց «Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը Հա­յաս­տա­նի մէջ. մար­տահ­րա­ւէր­ներ, հեռան­կար­նե­ր» խո­րագ­րեալ հա­մա­ժո­ղո­վը, ո­րուն ա­ւար­տին մաս­նա­կից­նե­րու եզ­րա­յան­գու­մը մէկ էր՝ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի լե­զուա­կան հայ­րե­նի­քը պէտք է ըլ­լայ Հա­յաս­տա­նը:

17.9.16

Սուրիահայերը Երեւանի մէջ. բախում երազային Հայաստանի եւ իրական Հայաստանի միջեւ

ՀՐԱՅՐ ԵՍԱՅԵԱՆ

Սուրիոյ աւերիչ պատերազմի բռնկումին հինգ տարին լրացաւ արդէն: Սուրիան, որ տասնամեակներէ ի վեր եռացող տարածաշրջանի մը անդորր ովասիսը կը սեպուէր, դարձաւ համաշխարհային քաղաքական ուժերու միջեւ կռուախնձոր` պատերազմի դաշտի վերածուելով: Սուրիոյ հայութիւնը, ինչպէս ամբողջ Սուրիոյ ժողովուրդը, ծանր կորուստներ կրեց պատերազմին պատճառով եւ տեղաշարժի ենթարկուեցաւ: Անոր ստուար մասը իր ասպնջական հայրենիքին թոհուբոհէն ազատելու համար դիմեց գաղթի` թափառելով քաղաքէ քաղաք, երկրէ երկիր, հայրենիքէ հայրենիք, միլիոնաւոր համաքաղաքացիներու նման` գաղթականի աննախանձելի կարգավիճակին մատնուելով:
Սուրիահայերէն շատերը դիմեցին Հայաստան` իբրեւ ապահով ապաստան: