ԼԵՒՈՆ ԱՐՏԱԶԵԱՆ
Շաբաթ, Յունիս 15ին, 85 տարեկան հասակին, Պէյրութի մէջ իր մահկանացուն կնքած է բանաստեղծ ու թարգմանիչ Աբրահամ Ալիքեանը, որ տարիէ մը ի վեր փոխադրուած էր Պուրճ Համուտի ազգային ծերանոցը։ Անոր յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցած է Յունիս 17ին եւ մարմինը ամփոփուած է Պուրճ Համուտ ազգային գերեզմանատան մէջ։
Աբրահամ Ալիքեան ծնած էր Ալեքսանտրէթ, 1928ին։ Իր ուսումը ստացած էր Պէյրութի հայ ճեմարանին մէջ, 1947ին ներգաղթելով Հայաստան։ Սակայն, ստալինեան ժամանակի բռնաճնշումներուն հետեւանքով, որոնց զոհերէն եղած է 25ամեայ ներգաղթող բանաստեղծ Անդրանիկ Թէրզեանը՝ 1952ին, Ալիքեան փոխադրուած է Մոսկուա, ուր ապրած է յաջորդ քառասուն տարիներուն՝ իր գրական եւ ուսուցչական գործունէութիւնը շարունակելով հոն մինչեւ խորհրդային վարչակարգին փլուզումը։ Այնուհետեւ հաստատուած է Պէյրութ։ Ալիքեան պարտադրուած է արեւելահայերէն գրել՝ Հայաստան ու Ռուսաստան ապրած տարիներուն, իսկ Պէյրութ հաստատուելէ ետք կրկին վերադարձած է արեւմտահայերէնի։ Իր սեփական հատորներուն կողքին, ան հրատարակած է նաեւ բազմաթիւ թարգմանութիւններ ֆրանսերէնէ։
Վ.Մ.