Բագրատ Էսդուգեան- Պարոն Յակոբ Չոլաքեան, եթէ համաձայն էք, զրոյցի
սկսինք շատ ընդհանուր նիւթով մը հայախօսութեան եւ հայերէնի
ուսուցման ընդհանուր խնդիրներուն շուրջ։ Յատկապէս Սփիւռքի
սահմանումով։
Յակոբ Չոլաքեան- Հայախօսութիւնը եւ
հայերէնի ուսուցումը մեր սփիւռքեան պատմութեան սկզբնական
շրջաններուն ունէր այն խնդիրները, որոնք այսօր ունինք
մենք։ Այլախօսութիւնը տարածուած էր մեր մէջ յատկապէս Մերձաւոր Արեւելքին մէջ։ Որովհետեւ այդտեղ
ապաստանած հայերուն մեծ մասը թրքախօս էր, քրտախօս
էր, արաբախօս հատուած մըն ալ կար։ Ի պատիւ մեր
դպրոցներուն, 30-ական տարեթիւերուն հայախօսութիւնը
դարձաւ գլխաւոր արտայայտութիւնը։
Քրտախօսութիւնը, թրքախօսութիւնը նահանջեց, դրուեցաւ
տուներէն դուրս։ Պէյրութ որ գացի խանութներուն
ցուցատախտակներուն վրայ գրուած կ՚ըլլար «թրքերէն
խօսողին հայերէն պատասխանէ»։ Ուրեմն 40-ական
թուականներէն վերջ հայախօսութիւնը տարածուած
երեւոյթ էր Միջին Արեւելքի մէջ։ Մենք բազմաթիւ
յուզիչ պատմութիւններ գիտենք մեր դպրոցներէն, երբ
հոգաբարձուն մէկ բառ հայերէն չէր գիտեր եւ կու գար կը հսկէր
հայախօսութեան։ Բայց ժամանակի ընթացքին Սփիւռքի
պայմաններուն մէջ հետզհետէ ծաւալեցաւ
այլախօսութիւնը։ Կային այնպիսի գաղութներ որոնք
զրկուած էին ամենօրեայ դպրոցի հնարաւորութենէն եւ
այդտեղ իշխող եղաւ օտարախօսութիւնը։ Այստեղ կ՚ուզեմ
բացառել Մերտինցի հայերը, որոնք ի սկզբանէ արաբախօս էին
եւ չենք յաջողած անոնք հայախօս դարձնել։