Showing posts with label փտածութիւն. Show all posts
Showing posts with label փտածութիւն. Show all posts

10.12.17

Բան փոխելու համար

ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ
 
88ի երկրաշարժի տարեդարձը այս տարի եւս սփիւռքեան որոշ մամուլի մէջ կը նշուի նոյն ձեւով: Աւերուածութեան չափն ու մահերու թիւը հաշուող յօդուածներ, եկեղեցական զանգերու ձայնով ռատիոյի վրայ յարգանքի տուրքեր. դպրոցներու մէջ աւերումը ցոյց տուող նկարներ այս տարի ալ ցուցադրուեցա՞ն, այնպէս ինչպէս կ՛ըլլար երբ ես երեխայ էի՝ չեմ գիտեր:

3.8.15

Փտածութի՞ւն, թէ՞ եղծանում

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
 
«Ասպարէզ»ի էջերուն վրայ մեր ընթերցողները յաճախ կը հանդիպին «փտածութիւն» բառին, որ պէտք է բացատրէ կաշառակերութիւն, պաշտօնի եւ դիրքի չարաշահում, մենաշնորհային իրաւունքներու ապօրէն կամ օրէնքի իւրովի մեկնաբանութեամբ շնորհում, եւ այսօրինակ վիճակներու ամբողջ շարան մը:

28.9.11

Սառը ցնցուղ կամ իրերը իրենց անունով կոչելու ժամանակը

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
 
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա.ի ելոյթը Հայաստան-Սփիւռք համահայկական համաժողովի ընթացքում առաջին հերթին սթափութեան յորդոր էր` ուղղուած Հայաստանի գործող իշխանութիւններին, եւ սառը ցնցուղ համաժողովի այն մասնակիցներին, ովքեր եկել էին լաւատեսական խօսքեր լսելու ու փառաբանելու գործող իշխանութիւններին: Թւում է, թէ Հայաստանի անկախութեան 20-ամեակը կամ էլ Հայաստան-Սփիւռք խորհրդաժողովները այն տեղը չեն, որտեղ պէտք է քննադատութիւն հնչեցնել, վեր հանել մեր կեանքի բացերը, մատնանշել հայ ժողովրդին սպառնացող ներքին ու արտաքին վտանգները:

Արամ Ա. Կաթողիկոսի խօսքը Հայաստան-Սփիւռք Գ. համաժողովին

Հայաստանի անկախութեան 20-ամեակի խորհուրդէն ճառագայթող ոգիով ու շունչով, խանդով ու տեսիլքով լեցուն սա պահուն, երբ փորձենք իրապաշտ արժեւորումը կատարել վերջին քսան տարիներու Հայաստանի պատմութեան՝ իր ներքին թէ արտաքին երեսներով, կրնանք անվարան վկայել թէ՝ հակառակ Հայաստանի դիմագրաւած տնտեսական, ընկերային ու քաղաքական ահաւոր դժուարութիւններուն ու ճնշումներուն, այս կարճ ժամանակահատուածի ընթացքին հրաշքի համազօր իրագործումներ կատարուեցան: Հետեւաբար, մեր ազգին պատմահայրը Մովսէս Խորենացին երբ մեզի հետ ըլլար պիտի ըսէր.- «Թէեւ եւ եմք ածու փոքր եւ թուով յոյժ ընդ փոքու սահմանեալ…, սակայն բազում գործք արութեան գտանին եւ ի մերումս աշխարհի եւ արժանի գրոց յիշատակի»: