Ինչպէս մամուլով յայտարարուած էր, 28 Ապրիլին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը
Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին մօտ դատ բացաւ՝ պահանջելով Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի
վերադարձը։ Նկատի
ունենալով սոյն իրաւական քայլին պատմական նշանակութիւնը ու եզակի կարեւորութիւնը հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան ծիրին մէջ, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պաշտօնաթերթ «Հասկ»ը հարցազրոյց մը
ունեցած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա.ի հետ, որ եղաւ նախաձեռնողը եւ մղիչ ուժը իրաւական այս աննախընթաց
քայլին։