ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Կիպրոսի սրտին վրայ հանգչող
Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը (ՄԿՀ) 2005 թուականէն ի վեր չի
գործեր: Տարբեր առիթներով դպրոցի վերաբացման օրակարգը կը
յայտնուի թէժ քննարկումներու առանցքին, սակայն այդ քննարկումները
չեն անցնիր սոսկ քննադատութիւններու ծիրը: Շատեր մեղաւորներ կը
փնտռեն Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան փակման որոշումը
գործադրող կողմը համարելով գլխաւոր մեղսակից: Ոմանք՝ աւելի
հեռուն երթալով, «դաւադրական» մօտեցումներ կը շարահիւսեն, ըսելով, թէ Մելգոնեանը փակող մարմինը՝ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնն (ՀԲԸՄ) է, որուն տուած որոշումը
դատապարտելի է բոլոր առումներով:
Իր կարգին, ՀԲԸՄ-ը մասնաւորապէս
վերջին երկու տարուան ընթացքին խորհրդաւոր լռութիւն կը պահէ սոյն
հարցին վերաբերեալ: