2007ին Երեւանի Մատենադարանի հաւաքածոն 17.250 ձեռագիր ունէր, իսկ այդ թիւը 2015ին 22.550ի հասած է։ Մատենադարանին մէջ ներկայիս ռազմավարական նշանակութիւն մը ունեցող ծրագիր մը կը գործադրուի՝ մեծադիր ձեռագիրներու, հազուագիւտ արխիւային փաստաթուղթերու եւ հնատիպ գիրքերու գիտական մշակումի ու վերականգնումի ծրագիրը։ Այս եւ ուրիշ հարցերու մասին, «Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը զրուցած է Մատենադարանի տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեանի հետ։ Հարցազրոյցը արեւմտահայերէնի վերածուած է «Ազդակ»ի կողմէ։
Blog for informed opinions / Կայքագիր իրազեկ կարծիքներու համար / Blog para opiniones informadas
Showing posts with label հայկական ձեռագրեր. Show all posts
Showing posts with label հայկական ձեռագրեր. Show all posts
22.8.16
7.10.13
«Հերիթէյճ» աճուրդի տունը հայերէն ձեռագրեր կը վաճառէ
Աշխարհի երրորդ մեծագոյն աճուրդի տունը հանդիսացող «Հերիթէյճ
Օքշընզ»ը (Heritage Auctions) յառաջիկայ Հոկտեմբեր 17ին վաճառքի պիտի հանէ հայկական եզակի
ձեռագիր մատեաններ ու տպագիր հատորներ Նիւ Եորքի մէջ: Մինչեւ աճուրդին օրը, անոր կարելի է
մասնակցիլ նաեւ համացանցի միջոցաւ (www.ha.com):
Subscribe to:
Posts (Atom)