ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
«Ժամանակ»-ը
առիթը ունեցած է անդրադառնալու Հայաստանի Ազգային Գրադարանի գործունէութեան: Մեր էջերուն մէջ ծաւալուն
հարցազրոյց մը հրատարակած էինք գրադարանի տնօրէն Տիգրան
Զարգարեանին հետ, որ մանրամասն ներկայացուցած էր հաստատութեան
ներկայ աշխատանքները եւ հպանցիկ անդրադարձ մը կատարած՝ Ազգային Գրադարանի ժառանգութեան թուայնացման մասին: Այս անգամ
որոշեցինք կրկին այցելել գրադարան եւ աւելի մանրամասն
տեղեկութիւններ ստանալ թուայնացման աշխատանքներուն մասին, որ
վերջին շրջանին մեծ թափ ստացած է: