Showing posts with label յեղափոխութիւն. Show all posts
Showing posts with label յեղափոխութիւն. Show all posts

19.5.18

Բոլորի երկիրը


ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

«... [Կ]այ այսօր մի երկիր, որ կոչւում է Հայաստան, եւ այդ հին երկրում ապրել են երէկ եւ ապրում են այսօր շատ սովորական մարդիկ՝ սովորական մարդու սովորական յատկութիւններով»։
Եղիշէ Չարենց («Երկիր Նայիրի»)
 
Սպաներէն թեւաւոր խօսքը կ՚ըսէ. “Hecha la ley, hecha la trampa”։ Լատինական հաւանական ծագումով (Inventa lege, inventa fraude) ասոյթը, որուն մօտաւոր թարգմանութիւնն է «Օրէնքը ստեղծուած է, խարդախութիւնն ալ հետը», աւելի վերապահ ու մինչեւ իսկ յոռետեսական բանաձեւում մը ունի Հայաստանի մէջ, որուն գոյութիւնը խորհրդային ժամանակներէ կու գայ.
«Օրէնքը ստեղծուել է խախտուելու համար»։

3.5.18

Թաւշեայ յեղափոխութեան նկարիչը՝ Ռուբէն Մալայեան

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
 
Հայաստանի համար շատ կարեւոր այս օրերուն ստեղծուեցան խորհրդանիշներ, որոնք յեղափոխութեան անբաժանելի մասը դարձան: Բազում խորհրդանիշներու կարգին ինքնատիպ պաստառներ գրուեցան եւ հրապարակ հանուեցան: Պաստառը նոյնպէս թաւշեայ յեղափոխութեան անբաժանելի մասը դարձաւ այնպէս, ինչպէս պաստառները, լոզունգները, կարգախօսները անբաժան մասն են որեւէ յեղափոխութեան: Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող թաշւեայ յեղափոխութեան պաստառները ինքնաբուխ էին եւ կը ծնէին շարժումին տրամաբանութենէն: Անոնք շարժման առաջնորդներուն ելոյթներէն եւ խօսքերէն կարգախօսներ էին եւ անպատրաստից ծնած արտայայտութիւններ, որոնք արագ շրջանառուեցան ընկերային ցանցերուն վրայ եւ դարձան պաստառներու գրութիւններ:
Բոլոր պաստառներուն մէջ նկատուեցան եւ առանձնացան վայելչագրութեամբ ձեւաւորուած պաստառները, որոնց հեղինակը նկարիչ Ռուբէն Մալայեանն է: Ան գեղագրական շունչ հաղորդեց յեղափոխութեան՝ այս շարժումին զուգընթաց յիշեցնելով նաեւ հայկական գրանշաններուն եւ վայելչագրական արուեստին մասին, որ մոռցուած ասպարէզ մըն էր: Երիտասարդութիւնը սիրեց Ռուբէնի ստեղծած գրութիւնները եւ ամէն առտու կը սպասէր, թէ իր արուեստանոցին նկարիչը ինչ նոր բան կը բերէ եւ կը բաժնէ ցուցարարներուն…