Showing posts with label Մուսուլ. Show all posts
Showing posts with label Մուսուլ. Show all posts

1.8.14

Մուսուլի հայութեան տագնապը. մտածենք այս մասին

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ըստ Իրաքի հայոց առաջնորդ Տ. Աւագ արք. Ասատուրեանի,  «2003  թուականին Մուսուլի մէջ  կ’ապրէին 380 հայ ընտանիքներ, բայց այսօր ո՛չ մէկ հայ մնացած է: Ամիս մը առաջ եղած դէպքերէն յետոյ,  56  ընտանիքներ  հեռացան  Մուսուլէն եւ հաստատուեցան Իրաքի քրտական հատուածի տարբեր քաղաքներու մէջ, ինչպէս Տհոք, Իրպիլ եւ սահմանային շրջանին  մօտ  եղող  Աղաջանեան  անունով յայտնի հայկական  գիւղին մէջ»:

Հայերը Մուսուլի մէջ


ՏՈՔԹ. ՎԵՀՈՒՆԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ

ՀԱՅ ԿԵԱՆՔԻ ՍԿԶԲՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄՈՒՍՈՒԼԻ ՄԷՋ

Այժմու Իրաքի հիւսիսային հինգ նահանգներէն մէկն է Նինուէն: Սահմանակից է հիւսիսէն` Թուրքիոյ, իսկ արեւմուտքէն` Սուրիոյ: Նահանգին կեդրոնն է Մուսուլը, որ ներկայիս Իրաքի երկրորդ մեծագոյն քաղաքն է: Մուսուլը պատմական հին ասորական Նինուէ քաղաքի դիմացի կողմը` Տիգրիս գետի աջ ափին է, հիմնուած` հին ժամանակներէ մնացած փոքր գաղթավայրերու միացումով: Միջագետքի հիւսիսային սահմանին վրայ հայ գաղթօճախներ սկսան ստեղծուիլ 10-րդ դարուն, երբ Բիւզանդական կայսրութիւնը յաջողեցաւ խալիֆայութեան ձեռքէն գրաւել Սուրիոյ եւ Միջագետքի հիւսիսային շրջանները: Այս շրջաններու բնակչութիւնը ձգելով իր բնակավայրը` կը հեռանայ նահանջող բանակին ետեւէն: Բիւզանդացիներ իրենց գրաւած վայրերուն մէջ կը բերէին ու կը բնակեցնէին հայեր, յոյներ եւ ասորիներ: