ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ըստ Իրաքի հայոց առաջնորդ Տ. Աւագ արք.
Ասատուրեանի, «2003 թուականին Մուսուլի մէջ կ’ապրէին 380 հայ
ընտանիքներ, բայց այսօր ո՛չ մէկ հայ մնացած է: Ամիս մը առաջ եղած դէպքերէն
յետոյ, 56 ընտանիքներ հեռացան Մուսուլէն եւ հաստատուեցան Իրաքի քրտական
հատուածի տարբեր քաղաքներու մէջ, ինչպէս Տհոք, Իրպիլ եւ սահմանային
շրջանին մօտ եղող Աղաջանեան անունով յայտնի հայկական գիւղին մէջ»:
Ասատուրեան Սրբազան, որուն հետ երէկ [Յուլիս 27] կրցայ զրուցել, կը գտնուէր Տհոք
եւ հոն հասած էր Իրպիլէն, ուր ներկայ եղած էր Իրաքի քրիստոնեայ
համայնքներու նախաձեռնած մէկ ժողովին, որուն աւարտին ժողովականները
հաղորդագրութեամբ մը դատապարտած էին Մուսուլի մէջ կատարուած
բռնադատութիւնները եւ վստահեցուցած, որ տեղահան եղած ու գաղթական
դարձած բոլոր իրաքցիներուն (յատկապէս՝ քրիստոնեայ) անհրաժեշտ
օժանդակութիւնը պիտի տրուի: Սրբազանը նաեւ կը յայտնէր, որ
ժողովականները՝ Քաղդէական Եկեղեցւոյ Լուիս Րուֆայէլ Առաջին Զաքօ Պատրիարքի գլխաւորութեամբ, հանդիպեցան Քիւրտիստանի կառավարիչ Մասուտ
Ալ Պարազանիին հետ: Պարազանի նաեւ վստահեցուցած է, թէ իրենք կարելի
բոլոր միջոցներով պիտի օժանդակեն քրիստոնեայ համայնքներու
գաղթականներուն: Այստեղ պէտք է յիշեցնել, որ Իրաքի առաջնորդութիւնը
(կեդրոնը՝ Պաղտատ) արդէն երկրորդ անգամն է , որ նիւթական նախնական
օժանդակութիւններ կը տրամադրէ Մոսուլէն հեռացած հայորդիներուն:
Այստեղ պէտք է նշեմ, որ Մուսուլի հայութիւնը Իրաքի հաստատուած
ամէնէն հին համայնքը կը նկատուի: Ըստ իրաքցի պատմաբան Սայար Քաուքապ
Ալի Ժամիլի, Մուսուլի առաջին հայկական եկեղեցին կառուցուած է
1222 թուականին: Իսկ առաջին հայ ընտանիքը որ ոտք դրած է Մուսուլ՝ 1742
թուականին, Չաքմաքճեաններու ընտանիքն էր: Մինաս Չաքմաքճեանը յայտնի
զինագործ էր, ինչպէս նաեւ մետաքսի եւ ձիերու առեւտրական: Առաւելաբար
Մուսուլ հաստատուած հայերը եղած են վարկ ունեցող առեւտրականներ ու անոնք կարեւոր կապ ստեղծած են Իրաքի եւ Օսմանեան կայսրութեան տարբեր
շրջաններուն միջեւ: Հոն զարգացած է նաեւ համեմունքի առեւտուրը, իսկ հայերէնը հռչակուած է, որպէս շրջանի երկրորդ հիմնական լեզու: Քաղաքին մէջ
մեծ հռչակ ունեցած է «Ասթարճեան» անունը կրող շքեղ պալատը, որ հիմնադրուած
էր Մարաշէն Մուսուլ հասատուած բժիշկ Գ. Ասթարճեանի կողմէ եւ կանգուն
մնացած մինչեւ 1950ական թուականներ: Պալատը համարուած է Իրաքի այն
ատենուան զբօսաշրջային կարեւորագոյն կեդրոններէն մին: Տոքթ. Ասթարճեան մինչեւ Պէյրութ հաստատուիլը նաեւ ծաւալած է քաղաքական գործունէութիւն՝
1926-ին հիմնադրելով «Իրաքի Ազատականներ»ու կուսակցութիւնը: Իսկ 1970-ականներուն Պէյրութի մէջ հրապարակած է զանազան աշխատութիւններ
որոնցմէ ամէնէն յայտնին կարելի է համարել «Պատմութիւն արաբական
գրականութեան եւ մշակոյթին» (Պէյրութ 1970):
Մուսուլի հայութեան պատմութիւնը հարուստ է, ի հեճուկս այսօր տիրող
տխուր վիճակին, ուր «Տահէշ»ը վճռած է իր յայտարարած «Իսլամական
խալիֆայութեան» օրէնքները բռնի ուժով պարտադրել: Այդ օրէնքները քաղաքը
պիտի վերադարձնեն (եթէ դեռ չեն վերադարձուցած) խաւարի
ժամանակներուն: Այս իրավիճակին դիմաց ու հակառակ քրիստոնեայ աշխարհին (ոչ
այնքան ազդու այլ միայն երեւութական) հրապարակած կոչերուն եւ
յորդորներուն կամ նոյնիսկ արդէն անիմաստ դարձած դատապարտումներուն
Մուսուլի շուրջ 15.000 քրիստոնեաներէն շրջանին մէջ մնացած են հազիւ
հարիւր անձեր որոնք առողջական խնդիրներու պատճառով չեն կրցած հեռանալ
շրջանէն:
Քաղաքի կարեւոր մէկ հատուածը եղած են քաղդէացիներն ու ասորիները, որոնք ըստ Աւագ Սրբազանին նիւթական մեծ կորուստներ ունեցած են: «Հայերս ալ նիւթական մեծ կորուստներ ունեցանք», կ’ըսէ Սրբազանը ու կը
շարունակէ. «Պատկերացուցէք, որ այն ընտանիքները որոնք Իրպիլ հասած
էին դէպքերուն սկիզբը, իմանալով, որ վիճակը աւելի ապահով է՝ Մուսուլ
վերադարձան: Ու երբ ծայրայեղականները փորձեցին ճնշել, անոնք ճարահատեալ ամէն ինչ լքելով հեռացան»։ Մուսուլի քրիստոնեաները դժուար թէ վերադառնան
յատկապէս այս հանգրուանին, հակառակ անոր որ իսլամիստ տարբեր աղբիւրներ
Ֆէյսպուքեան խումբերու (յատկապէս «Զահրաթ Ալ Նարժըս» Ֆէյսպուքեան
խումբին մէջ) մէջ 21 Յուլիսին յայտարարութիւն կատարած էին, որ այսուհետեւ անոնք կ՚երաշխաւորեն Մուսուլի քրիստոնեաներուն ապահովութիւնն ու
անվտանգութիւնը:
Քաղաքական առումով, պէտք է նաեւ նկատել որ անցնող Յունիսին
«Տահէշ»ի սկսած շարժումը միայն իսլամապաշտ խմբաւորումներով չէր
պայմանաւորուէր: Ալ Րամատէի եւ տարբեր շրջաններու մէջ սիւննի համայնքի անդամներ եւ արաբական ցեղախումբեր վերջին երկու տարիներուն
«Սահուէ» հաւաքներով իրենց բողոքը կ’արտայայտէին վարչապետ Նուրի Ալ
Մալէքիի իրենց ըսելով անարդար եւ հատուածապաշտ քաղաքականութեան դէմ: Այս
բոլորը պէտք է նկատել հասկնալու համար, որ Մուսուլի մէջ միայն «Տահէշ»ը չէ
որ կը կռուի, այլ տարբեր հատուածներ, որոնց մէջ կան նաեւ Իրաքի կախաղան
հանուած նախագահ Սատտամ Հիւսէյնի բանակին մնացորդացը եւ Պաաս
կուսակցութեան զինեալները:
Կարկինը լայն բանալով պէտք է ըսել, որ հայութիւնը, սկսած Հալէպէն,
անցնելով Սուրիոյ տարբեր քաղաքները, հասնելով Քեսապ, Լաթաքիա եւ այսօր իրաքեան Մուսուլ նիւթական ծանր կորուստներ կրեց: Աւագ Սրբազանի բառերով,
«մենք երկրորդ ցեղապանութեան մը ենթարկուեցանք»:
Այսօր քրտական շրջաններ հասած հայ ընտանիքները կը գտնուին ծանր
պայմաններու տակ: Անոնք կարիքն ունին մարդկային ամէնէն տարրական
պայմաններու: Եւ այս թեմային շուրջ մօտեցումները առհասարակ շատ
մակերեսային կը թուին ըլլալ: Եթէ նոյնիսկ տեղեկութիւն կը տրուի, այդ մէկը
պարզ լրատուական մօտեցումներով է որ կ’ըլլայ, իսկ համահայկական օժանդակութեան տրամադրութիւններ գրեթէ չկան: Ուրեմն դատապարտումէ անդին
երթալով, պէտք է արձանագրել, որ այսօր Իրաքի առաջնորդ Աւագ Սրբազանին ըրածը բառին ամբողջական իմաստով հերոսութեան համազօր քայլ է: Աւագ Սրբազան այն հովիւն է, որ տէր կը կանգնի իր հօտին առանց մտահոգուելու իր
սեփական եսով եւ այս օրինակին մասին անպայման պէտք է բարձրաձայնել:
Սրբազանին հետ իմ ունեցած կարճատեւ զրոյցիս վերջը բաւական լաւատեսական
շեշտով կ’աւարտէր: Սրբազանը կը հաւատար (կամ կ’ուզէր հաւատալ) որ ՄԱԿ-ը
արագօրէն կարեւոր հաղորդագրութիւն մը պիտի հրապարակէ եւ Մուսուլի
հայերուն եւ առհասարակ քրիստոնեաներուն համար ապահով պայմաններ պիտի
ստեղծուին ու անոնք պիտի վերադառնան իրենց բնակավայրը:
Սրբազանը այլ ճանապարհ չունի. կը հաւատայ Իրաքի անմասնատելիութեան ու դրական ակնոցով կ’ուզէ նայիլ քաղաքական յառաջիկայ զարգացումներուն,
հաւաստիացնելով, որ «ամէն ինչ պիտի կարգաւորուի եւ Մուսուլի հայերը
շուտով պիտի վերադառնան իրենց տուները»:
Յուսալի է, որ Մուսուլի գաղթական հայորդիներուն համար նախնական
օժանդակութիւններ հաւաքուին: Այսօր մեր թիրախը անոնք են ՝ Մուսուլի
հայերը, անոնք որոնք անտուն են եւ կարիքն ունին մեր օգնութեան:
«Ժամանակ», Օգոստոս 1, 2014
No comments:
Post a Comment