Showing posts with label Ստալին. Show all posts
Showing posts with label Ստալին. Show all posts

13.7.16

Ուրարտուն իր ողջ շքեղութեամբ՝ էկրանին

ՆԱՅԻՐ ԵԱՆ
 
Հայոց պատմութիւնը բացառիկ հարուստ նիւթ է կինոյի համար: Մեր անցեալի բացայայտուած ու առեղծուածային էջերը հետաքրքրական ֆիլմերի վերածուելու բոլոր նախադրեալներն ունեն, բայց էկրան բարձրանալու բախտին հազուադէպ են արժանանում: Հոլիվուդը, նաեւ այլ երկրների կինոարտադրութիւննէր յաճախ պատմական ֆիլմեր են նկարահանում՝ մեծ մասամբ հիմնուած յօրինուածքի վրայ, քարոզում ու հանրահռչակում են այս կամ այն ժողովրդի, յատկապէս հրեաների հետ երեւակայական առնչութիւն ունեցող անիրական պատմութիւններ (*): Այստեղ են ասել՝ մածունն ում են տուել, ախորժակն՝ ում:

22.6.14

Անաստաս Միկոյեանի թոռը կը խօսի մեծ հօր կերպարին եւ անոր արձանին մասին

Չեխիա լոյս տեսնող «Օրեր» ամսագիրը Մայիս 25-ին հարցազրոյց կատարած է Եւրապայի մէջ Ռուսաստանի առեւտրական առաքելութեան ղեկավար, Անաստաս Միկոյեանի թոռան՝ Սերգօ Միկոյեանի որդի Վլադիմիր Միկոյեանի հետ: Յայտնի լրագրող եւ «Օրեր»ու կայքէջի խմբագիր Աննա Կարապետեանի ընդարձակ հարցազրոյցը, որուն ամբողջական բնագրին կարելի է ծանօթանալ ամսագրի կայքէջին մէջ (www.orer.eu), տեղի ունեցած է բանավիճային «տաք» մթնոլորտի մէջ՝ Ա. Միկոյեանի գործունէութեան պաշտպանութեան (անշուշտՙ թոռան կողմէ) եւ անոր համաշխարհային մեծութեան պետական գործիչ ըլլալու համապատկերին մէջ: Ըստ «Ազգ» շաբաթաթերթի հաղորդումին, որ տուած է հարցազրոյցին վերջին հատուածը Յունիս 6ի թիւով, Վլադիմիր Միկոյեանը Երեւանի աւագանիի որոշումով տեղադրուելիք արձանի կառուցման հիմնական նախաձեռնողն է:

5.5.14

Միկոյեանի արձանը որպէս յիշեցում

ՆՈՒՆԷ ՀԱԽՎԵՐԴԵԱՆ

Երեւանի քաղաքապետարանը Ապրիլի 30-ի նիստում որոշում է ընդունել տեղադրել Անաստաս Միկոյեանի արձանը: Որոշման մէջ նշուած է, որ այս գաղափարի հիմքը «Հայաստանի Հանրապետութիւնում պետական եւ հասարակական նշանաւոր գործիչներին նուիրուած յուշարձանների իրականացման կարգն է»:

Արա Սանճեան. Արձանները չեն լուծեր պատմութեան «սպիտակ բիծեր»ը

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ 


«Խորհրդային Միութեան ստալինեան ժամանակաշրջանը մեկնաբանելը շատ բարդ է այդ օրերը անձամբ չապրած ուսումնասիրողներու համար։ Նոյնիսկ մեզի հասած պետական կամ կուսակցական փաստաթուղթերը բաւարար չեն զանոնք ծնունդ տուած հանգամանքները լրիւ հասկնալու համար։ Պետական բարձրագոյն այրերն անգամ մշտապէս կ’ապրէին մէկ վայրկեանէն միւսը իբրեւ ժողովուրդի թշնամի պիտակուելու եւ իրենց կեանքը կորսնցնելու վտանգին տակ։ Ատոր համար իրենց խօսքերն ու գրութիւնները, իրենց ստորագրած փաստաթուղթերը միշտ չէ, որ հարազատօրէն կ’արտայայտեն իրենց ներքին համոզումները»: ԽՍՀՄ-ի պատմութեան 1928-1953 տարիները այս բառերով կը բնորոշէ ԱՄՆ-ի մէջ Միշիկընի համալսարանի Տիրպորն քաղաքի մասնաճիւղի պատմութեան դասախօսներէն դոկտ. Արա Սանճեանը: Մէկ կիսամեակի վրայ երկարող Խորհրդային Հայաստանի մանրամասն պատմութիւնը մաս կը կազմէ իր դասաւանդած առարկայացանկին։

24.12.11

Ապրիլ առանց Կիմ Չեն Իրի

ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ

Հիւսիսային Գորէայի բռնապետ Կիմ Չեն Իրը [Kim Jong-Il] եւ Չեխիոյ այլախոհ-նախագահ Վացլաւ Հաւէլը գրեթէ միաժամանակ մահացան: Երէկ Համացանցի մէջ կարելի էր տեսնել նկարներ երկու մահերուն՝ մարդոց առաջին արձագանքին մասին: Չեխիոյ մէջ մարդիկ լուռ կը մօտենային եւ ծաղկեփունջեր կը դնէին ու մոմեր կը վառէին Վացլաւ Հաւէլի տան մերձակայքը կամ իր հետ կապուած որեւէ այլ վայրի մէջ, իսկ Հիւսիսային Գորէայի մէջ դպրոցականներ, բանուորներ, ուսանողներ` զինուորական շարքով կանգնած կու լային-կ՚ողբային-կը հեկեկային առաջնորդի կորուստին առիթով։  Կարելի է ըսել, թէ Չեխիոյ մէջ մարդոց հակազդեցութիւնը անկեղծ է, իսկ Հիւսիսային Գորէայի մէջ` շինծու. բայց ասիկա պարզունակ մօտեցում կ՚ըլլայ: