Showing posts with label Վլադիմիր Միկոյեան. Show all posts
Showing posts with label Վլադիմիր Միկոյեան. Show all posts

22.6.14

Անաստաս Միկոյեանի թոռը կը խօսի մեծ հօր կերպարին եւ անոր արձանին մասին

Չեխիա լոյս տեսնող «Օրեր» ամսագիրը Մայիս 25-ին հարցազրոյց կատարած է Եւրապայի մէջ Ռուսաստանի առեւտրական առաքելութեան ղեկավար, Անաստաս Միկոյեանի թոռան՝ Սերգօ Միկոյեանի որդի Վլադիմիր Միկոյեանի հետ: Յայտնի լրագրող եւ «Օրեր»ու կայքէջի խմբագիր Աննա Կարապետեանի ընդարձակ հարցազրոյցը, որուն ամբողջական բնագրին կարելի է ծանօթանալ ամսագրի կայքէջին մէջ (www.orer.eu), տեղի ունեցած է բանավիճային «տաք» մթնոլորտի մէջ՝ Ա. Միկոյեանի գործունէութեան պաշտպանութեան (անշուշտՙ թոռան կողմէ) եւ անոր համաշխարհային մեծութեան պետական գործիչ ըլլալու համապատկերին մէջ: Ըստ «Ազգ» շաբաթաթերթի հաղորդումին, որ տուած է հարցազրոյցին վերջին հատուածը Յունիս 6ի թիւով, Վլադիմիր Միկոյեանը Երեւանի աւագանիի որոշումով տեղադրուելիք արձանի կառուցման հիմնական նախաձեռնողն է: