Showing posts with label Հրաչեայ Քոչար. Show all posts
Showing posts with label Հրաչեայ Քոչար. Show all posts

16.6.15

Արքմենիկ Նիկողոսեան. «Չարենցի, Բակունցի, Թոթովենցի դահիճները չպէտք է ներկայացուեն լուսապսակի ներքոյ»



Թէեւ անցել է աւելի քան 70 տարի, սակայն ստալինեան բռնութիւնների եւ հայ մտաւորականների սպանդի շրջանը լիովին բացայայտուած չէ. դատապարտուել են արարքները, սակայն ողբերգական իրադարձութիւնների մեղսակիցներն իրենց արժանի գնահատականը չեն ստացել:
Վերջին շրջանում գրականագէտները շատ են խօսում այն մասին, որ պէտք է վերարժեւորել այն, ինչ տեղի ունեցաւ 1937 թուականին: Նրանց թւում է գրաքննադատ Արքմենիկ Նիկողոսեանը:

5.5.14

Արա Սանճեան. Արձանները չեն լուծեր պատմութեան «սպիտակ բիծեր»ը

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ 


«Խորհրդային Միութեան ստալինեան ժամանակաշրջանը մեկնաբանելը շատ բարդ է այդ օրերը անձամբ չապրած ուսումնասիրողներու համար։ Նոյնիսկ մեզի հասած պետական կամ կուսակցական փաստաթուղթերը բաւարար չեն զանոնք ծնունդ տուած հանգամանքները լրիւ հասկնալու համար։ Պետական բարձրագոյն այրերն անգամ մշտապէս կ’ապրէին մէկ վայրկեանէն միւսը իբրեւ ժողովուրդի թշնամի պիտակուելու եւ իրենց կեանքը կորսնցնելու վտանգին տակ։ Ատոր համար իրենց խօսքերն ու գրութիւնները, իրենց ստորագրած փաստաթուղթերը միշտ չէ, որ հարազատօրէն կ’արտայայտեն իրենց ներքին համոզումները»: ԽՍՀՄ-ի պատմութեան 1928-1953 տարիները այս բառերով կը բնորոշէ ԱՄՆ-ի մէջ Միշիկընի համալսարանի Տիրպորն քաղաքի մասնաճիւղի պատմութեան դասախօսներէն դոկտ. Արա Սանճեանը: Մէկ կիսամեակի վրայ երկարող Խորհրդային Հայաստանի մանրամասն պատմութիւնը մաս կը կազմէ իր դասաւանդած առարկայացանկին։

18.11.09

Ո՞վ տէր պիտի կանգնի

Յոբելինական տարի էր 2007ը։ Ի շարս բազմաթիւ նշանաւոր ու աննշան տարելիցներու, բայց նաեւ անոնցմէ գերիվեր, “սեւ” տարելից մըն ալ նշուեցաւ. 1937ի ստալինեան մաքրագործումներուն 70ամեակը։
Եթէ 1915ը մեր յիշողութեան մէջ այնքան ծանր կը կշռէ իբրեւ մեր հաւաքական գոյութիւնը սասանող Աղէտ մը՝ իր բազմաճիւղ ու բազմապիսի երկարաձգումներով, նոյնքան ծանր պէտք է կշռէ այդ արձագանգներէն մէկը՝ 1937ը, որուն զոհերը՝ չարչարուած, բանտարկուած, գնդակահարուած, Սիպերիոյ սառնամանիքներուն թէ անոնց ճանապարհին մեռած, նոյնիսկ՝ սակաւաթիւ ազատողները, յաճախ Աղէտին վերապրողներ էին, ուղղակի կամ անուղղակի կերպով անոր երախէն ճողոպրած, թրքական բռնատիրութենէն ազատելով համայնավար ամբողջատիրութեան ճանկերուն մէջ իյնալու համար։