5.5.14

Արա Սանճեան. Արձանները չեն լուծեր պատմութեան «սպիտակ բիծեր»ը

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ 


«Խորհրդային Միութեան ստալինեան ժամանակաշրջանը մեկնաբանելը շատ բարդ է այդ օրերը անձամբ չապրած ուսումնասիրողներու համար։ Նոյնիսկ մեզի հասած պետական կամ կուսակցական փաստաթուղթերը բաւարար չեն զանոնք ծնունդ տուած հանգամանքները լրիւ հասկնալու համար։ Պետական բարձրագոյն այրերն անգամ մշտապէս կ’ապրէին մէկ վայրկեանէն միւսը իբրեւ ժողովուրդի թշնամի պիտակուելու եւ իրենց կեանքը կորսնցնելու վտանգին տակ։ Ատոր համար իրենց խօսքերն ու գրութիւնները, իրենց ստորագրած փաստաթուղթերը միշտ չէ, որ հարազատօրէն կ’արտայայտեն իրենց ներքին համոզումները»: ԽՍՀՄ-ի պատմութեան 1928-1953 տարիները այս բառերով կը բնորոշէ ԱՄՆ-ի մէջ Միշիկընի համալսարանի Տիրպորն քաղաքի մասնաճիւղի պատմութեան դասախօսներէն դոկտ. Արա Սանճեանը: Մէկ կիսամեակի վրայ երկարող Խորհրդային Հայաստանի մանրամասն պատմութիւնը մաս կը կազմէ իր դասաւանդած առարկայացանկին։
«Ես անձնապէս արձանապաշտ չեմ, եւ Երեւանը արդէն իսկ գերյագեցած է արձաններով»: Սանճեան նաեւ ճիշդ կը նկատէ, որ եթէ այսօր նոր արձաններ պիտի զետեղուին, ապա անոնք կին գործիչներու արձաններ ըլլան: Ան կ’առաջարկէ, որ լրագրողներ այս առումով աշխատանք տանին եւ կազմեն մեր հաւաքական կեանքին մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած կանանց համառօտ ցուցակ մը` որպէսզի յետագային անոնց արձանները տեղադրուին: Սոյն զրոյցը կը հրապարակուի վերջերս Երեւանի քաղաքապետարանի աւագանիին կողմէ Անաստաս Միկոյեանի արձանի տեղադրման մասին եղած որոշումէն անմիջապէս ետք` երբ այդ որոշումին դէմ բողոքի լայն ալիք բարձրացած է:

-Ձեր խօսքէն կը հասկնամ, որ վերապահ էք Անաստաս Միկոյեանի արձանի տեղադրութեան նկատմամբ:
-Այո՛, վերապահ եմ:

-Պատճա՞ռը։
-Թեմային մասին խօսելէ առաջ, եկէ՛ք ընդունինք, որ գաղափարախօսութիւնները կը փոխուին, բայց մենք կ’ուզենք հաւատալ, որ գոյութիւն ունի մէկ, անփոփոխ գաղափարախօսութիւն, որ չափանիշ պէտք է հանդիսանայ  տարբեր ժամանակներու ընթացքին ապրած գործիչները միակերպ արժեւորելու:

-Այսի՞նքն։
-Մենք դժուարութիւն ունինք հասկնալու, որ տարբեր ժամանակաշրջաններուն տարբեր ձեւով «լաւ հայ» ըլլալու ընկալումներ եղած են: Ես բնաւ պիտի չըսեմ, որ Միկոյեանը հակահայ էր կամ հայ չէր, բայց հայ ըլլալու իր հասկացողութիւնը տարբեր էր իր ժամանակակիցներէն շատերուն կամ մերօրեայ մօտեցումներէն նոյն երեւոյթին հանդէպ:

-Կրնա՞ք բացատրել։
-Օրինակ՝ Միկոյեանին ժամանակակից դաշնակցական գործիչ Դրոն կամ հայ կաթողիկէ կարտինալ Գրիգոր-Պետրոս Աղաճանեանը իրմէ եւ նոյնիսկ իրարմէ բոլորովին տարբեր մօտեցումներ ունէին հայութեան իրենց ժամանակուան իրավիճակին ու ապագայի երազանքներուն նկատմամբ: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր ձեւով, իր համոզումներով ծառայեց հայ ժողովուրդին: Աղաճանեանը կը հաւատար, որ բոլոր հայերը կաթողիկէ պէտք է դառնան, բայց միաժամանակ համոզեց Հռոմի պապը, որ լատինածէս հայերը Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցիին եւ վերջինիս հայկական աւանդոյթներով լեցուն եւ հայալեզու ծէսին վերադառնան: Դրոն իր գործունէութեան ընթացքին  շատերու հետ գործակցեցաւ` սկսած խորհրդային վարչակարգէն եւ հասնելով մինչեւ հիթլերականներ ու ամերիկեան Կեդրոնական Հետախուզական Վարչութիւն:Կը կարծեմ, որ ժամանակն է, որ մենք հասկնանք թէ կան տարբեր ըմբռնումներու տէր հայեր: Պարտադիր չէ տարբեր մօտեցումներ ունեցող այս հայերը խցկել բացառապէս «դաւաճան» կամ «հերոս» պիտակներուն մէջ: Ի հարկէ, վիճայարոյց անձնաւորութիւններու արձանները դնելէն հրաժարիլը կը դիւրացնէ բազմակարծութիւնն ու բազմազանութիւնը յարգելու գործընթացը, եւ հայութիւնը` բանավէճի մէջ մտնելով, կրնայ թերեւս կամաց-կամաց ընդհանուր եզրակացութիւններու հասնիլ:

-Երեւանի մէջ եւ յատկապէս այս օրերուն բաւական ծանր ու յաճախ պատմական փաստերով յագեցած մեղադրանքներ կը հնչեն Միկոյեանի հասցէին։ Ի՞նչ պիտի ուզէիք ըսել այս մասին:
-Գաղտնիք չէ, որ ստալինեան ժամանակշրջանին ոտնակոխ եղած էր մարդու արժանապատուութիւնը, եւ երբեմն երկընտրանքն այն էր, որ կա՛մ մեղասկից կ’ըլլաս ի վերուստ հրահանգուած ոճիրին եւ կամ ալ` դուն եւս կը սպաննուիս իբրեւ ժողովուրդի թշնամիները թաքցնող:Ստալինէն բացի, բոլորը կ’ապրէին վախի այդ մթնոլորտին մէջ: Սիստեմն այդպէս էր: Միկոյեանը նոյնպէս մաս կը կազմէր այդ սիստեմին:

-Ըստ ձեզի այդ ժամանակաշրջանը ամբողջութեամբ սեւով նկարագրելը ճի՞շդ է:
-Բնականաբար՝ ո՛չ:

-Ինչպէ՞ս։
-Զարմանալիօրէն, եթէ ինչ որ մեր կողմէ դրական համարուող իրագործում տեղի ունեցած է Ստալինի օրերուն, մենք այսօր զանիկա բացառապէս կը վերագրենք հայ անհատներու գործունէութեան, իսկ ինչ որ ժխտական եղած կը կարծենք, համարեա բացառապէս կը վերագրենք Ստալինին: Ըստ իս, նման տարանջատում բոլորովին սխալ է: Օրինակ, այսօր «թամանեանական» կոչուող Երեւանը կառուցուած է ստալինեան ժամանակաշրջանին: Բայց անիկա մեզմէ շատերուն համար տակաւին հոգեհարազատ է, եւ չենք ուզեր, որ անիկա այսօր մազաչափ անգամ փոխուի: Նոյնն է պարագան 1937-1953 թուականներուն Հայաստանի Կոմունիստական Կուսակցութեան առաջին քարտուղար Գրիգոր Յարութիւնեանին։ Երբ զինք կը մեծարենք Կարս-Արտահանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի պահանջատիրութեան, ներգաղթին համար, միաժամանակ համարեա չենք նշեր, որ անոր ստորագրութիւնը եւս կայ տեղի ունեցած գնդակահարումներն ու աքսորները օրինականացնող որոշումներուն տակ (*):

-Ձեր կարծիքով՝ Միկոյեանի մասին հրապարակուած նիւթերը ունի՞ն պատմական հիմք: Ինչպէ՞ս կը վերաբերիք անոր սորագրութիւնը կրող եւ Երեւանի մէջ կատարուած մասշտաբային սպանութիւններուն վերաբերեալ գոյութիւն ունեցող փաստաթուղթին: Ի՞նչ կարելի է ըսել այդ առումով:
-Ճիշդ է, որ կայ նման փաստաղթութ։ Այդ մասին ես տեղեակ էի վաղուց, բայց ինչքա՞նով գիտենք այն պայմաններուն մասին, զորս Միկոյեանը մղեցին այն ստորագրելու։ Կրկնելու գնով ըսեմ, որ ես զգուշութեամբ կը մօտենամ սովետական ժամանակաշրջանի ծնունդ բազմաթիւ փաստաթուղթերու: Օրինակ, 1945-ին ներգաղթ կազմակերպելու խնդրանքը ստորագրուած է Գրիգոր Յարութիւնեանի կողմէ, բայց ատիկա կրնայ Ստալինի նախաձեռնութեամբ եղած ըլլալ: Կրնայ ըլլալ, որ Ստալինը բանաւոր առաջարկած ըլլայ Յարութիւնեանին ներկայացնել նման դիմում եւ նախօրօք արտայայտած զանիկա մակագրելու իր պատրաստակամութիւնը։ Այսպիսի փաստաթուղթերու հանդէպ պէտք է մակերեսային չըլլանք, նաեւ անոր համար, որ այդ շրջանէն յուշագրութիւններ կամ բանաւոր պատմութիւններ գրեթէ չկան: Նորէն կ’ըսեմ, որ մենք լիարժէք չենք գիտեր, թէ ի՛նչ մթնոլորտ կը տիրէր Միկոյեանի ստորագրութիւնը կրող գնդակահարութեանց քանակի աւելացման վերաբերող փաստաթուղթին ստորագրութեան պահուն։ Չմոռնամ ըսել նաեւ, որ Միկոյեանի նման այլ վիճայարոյց կերպարներ կան, որոնց էութեան քննարկման ու ամբողջական վերարժեւորման համար մենք երկար ժամանակի կը կարօտինք եւ թերեւս երբեք ալ ընդհանուր յայտարարի չհասնինք։

-Օրինակներ կրնա՞ք տալ։
-Ամէնէն ցայտուն օրինակներէն կարելի է համարել Հրաչեայ Քոչարն ու Նայիրի Զարեանը: Անոնք 1930-ականներուն հրապարակային կամ գաղտնի վատաբանած ու մեղադրած են իրենց ժամանակակից գրողներէն շատերը եւ գաղափարական հիմք տրամադրած վերջիններուս ֆիզիքական ոչնչացումը արդարացնելու համար: Սակայն, աւելի ուշ, այսօր դրական համարուող կարեւոր գործեր ալ ըրած են: Օրինակ, նոյն Քոչարը մեծ աշխատանք տարած է Արեւմտահայասատանի եւ Եղեռնի յիշողութիւնը խորհրդային Արեւելահայաստանի մէջ վառ պահելու ուղղութեամբ:

-Իսկ Հայաստանի մէջ այսօր առկայ արձաններուն մասին ըսելիքներ ունի՞ք:
-Այո՛: Օրինակ, այսօր ի՞նչ խորհուրդ կը փոխանցէ Շահումեանի արձանը:

-Կովկասի Լենինը չէ՞ր։
-Իր ժամանակակիցները կը վկայեն, թէ շատ լաւ բնաւորութեան տէր ու յարգուած մարդ եղած է` անկախ թէ ուրիշներ իր համոզումները ընդունած են կամ ոչ: Բայց այսօրուան երիտասարդութեան համար, 1991-էն ետք, Ստեփան Շահումեանը ի՞նչ կը խորհրդանշէ։ Ա՛յս է հարցումը: Ես պատասխան չունիմ։

-Ձեր խօսքէն կը հասկնամ, որ կարգ մը արձաններ պէտք է հանուի՞ն: Ճի՞շդ եմ:
-Չեմ գիտեր։ Դժուար է ըսել: Չեմ առաջարկեր, որ հանուին։ Ատիկա նոր բանավէճերու դուռ կը բանայ։ Բայց նոր արձաններ կանգնեցելու թափը պէտք է դանդաղեցուի:

-Իսկ Միասնիկեանի արձա՞նը:
-Միասնիկեանը այսօրուան տեսանկիւնէն բախտաւոր մարդ էր: Ան պաշտօնի կոչուեցաւ 1921-ին, երբ իր` Նոր Տնտեսական Քաղաքականութիւնն իրագործելու կոչուած սերունդին առջեւ Լենինի կողմէ մէկ խնդիր դրուած էր` Խորհրդային երկրի, ներառեալ` Հայաստանի կառուցումը` բոլոր ոլորտներուն մէջ: Ան, մեր ըմբռնումով, դրական շատ մեծ դեր կատարեց, որովհետեւ այդ էր 1920-ականներու խորհրդային քաղաքականութեան ընդհանուր գիծը:
Ըսեմ նաեւ, որ քանի մը այլ կերպարներ կան, որոնք կրնային որպէս հերոս ամրագրուիլ հայ ժողովուրդի յիշողութեան մէջ, բայց անոնց սպանութիւնը 1937-ի Սեպտեմբերին եւ յաջորդող քանի մը ամիսներուն զիրենք նետեց պատմութեան փոշիներուն մէջ: Օրինակ, Ամատունին (Վարդապետեան), որ 1936-ին Աղասի Խանճեանէն ետք իշխանութեան եկաւ, կրնար այսօր դրական գնահատուիլ, եթէ 1937-ի Սեպտեմբերին չսպաննուէր:

-Ինչո՞ւ։
-Ստալինը այսպէս կոչուած մաքրագործումներուն վերջ տուաւ 1938-ին։ Չենք գիտեր, թէ ինչո՛ւ ընտրեց այդ թուականը։ Եթէ 1937-ի Սեպտեմբերէն առաջ կանգնեցնէր այդ ահաւոր արիւնահեղութիւնը, Գրիգոր Յարութիւնեանի տեղ Ամատունին կրնար մնացած ըլլալ Հայկոմկուսի գլուխ եւ ինքը կրնար ղեկավարել Հայաստանը Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմի, 1945-ին Կարս-Արտահանի պահանջատիրութեան եւ ներգաղթի օրերուն: Ստալինեան սիստեմին մէջ ստորադաս անհատները մեծ դերակատարութիւն չունէին եւ ստիպուած էին կա՛մ համակերպիլ, կա՛մ մարտիրոսանալ:

-Նիւթին սկիզբը ակնարկութիւն ըրած էիք մեզի համար գրեթէ յատկանիշ դարձած պիտակաւորումի համատարած ախտին: Կրնա՞ք բացատրել:
-Տխուր է, որ հայերս պատրաստ ենք արագօրէն պիտակաւորումներ ընելու: Այդ պիտակաւորումները յաճախ շատ սուր եւ անվիճելի ըլլալու գնով կը դրուին: Ասոր փոխարէն, ճիշդ պիտի ըլլայ, որ մենք ժամանակ առ ժամանակ, նորէն ու նորէն վերարժեւորենք մեզ հետաքրքրող դէպքերն ու դէմքերը: Կրնանք, օրինակ, հարիւր տարի բանավիճիլ Զարեանի կամ Քոչարի մասին, բայց ատիկա չի նշանակեր, որ անոնք արժէքաւոր ու մնայուն գործեր չեն տուած հայ գրականութեան: Հակասականութիւն դրսեւորող պատմական հանգրուաններուն հետ մենք ստիպուած ենք հաշտ ապրիլ, ու ինչքան քիչ արձան տեղադրենք, այդքան հեռու կը մնանք վիճարոյց խնդիրներէ: Ստալինեան մթնոլորտը մահ տարածող քաղցկեղի պէս էր: Կրնաք պատկերացնել, որ 1937-ին Հայաստանի մէջ աւելի քան հինգ հազար հոգի գնդակարուած է: Երբ ընկերներէս շատեր 1991-էն ետք յառաջացած այս կամ այն իրավիճակը կը նմանեցնեն 1937-ին, ես անոնց կ’ըսեմ՝ «Տեղերնիդ նստեցէ՛ք», որովհետեւ նման համեմատութիւններ ընելը անընդունելի է: Մենք յաճախ մեր ձեռքերով եւ անտեղի համեմատութիւններով կ’արժեզրկենք մեր պատմութեան իսկապէս ողբերգական դրուագները: Կը կարծեմ, որ պէտք է վերջ տանք այդ մօտեցումին:


iLur.am, Մայիս 5, 2014

(*) Աւելորդ չէ նշել, որ այդ ստորագրութիւնը նաեւ կայ 1940ին Ստալինին ուղղուած դիմումին տակ՝ Էջմիածինը փակելու եւ թանգարանի վերածելու («Հայկականք»)։

No comments:

Post a Comment