Showing posts with label «Առաստաղին միւս կողմը». Show all posts
Showing posts with label «Առաստաղին միւս կողմը». Show all posts

5.9.16

Ռ. Հատտէճեան – 90. առաստաղէն դէպի առաստաղին միւս կողմը

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
 
Հոն` Վոսփորի ափին,Պոլիս, կայ հայու սիրտ մը, որ հեւքով ու աշխուժով կը տրոփէ 90 տարիէ ի վեր:
Սիրտ մը, որուն բաբախումները կ՛արագանան կամ կը դանդաղին` ըստ հայ կեանքի ելեւէջներուն, ըստ մեր ժողովուրդին խանդավառութիւններուն կամ տագնապներուն, ըստ մեր մշակութային ձեռքբերումներուն կամ տոհմային ընկրկումներուն:
Սիրտ մը, որ երբ 10 տարի առաջ (2006) վիրահատութեան ենթարկուեցաւ, վիրաբոյժները զարմանքով նշմարեցին, որ անոր մաշած դռնակին տակ բոյն դրած էին հայոց այբուբենին 38 տառերը…
Ռ. Հատտէճեանին սի՜րտը…