ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
Օգոստոս 23իր իր ամառնային թիւին մէջ, «Նոր Յառաջ»ը արտատպած էր Ռոպէր Հատտէճեանի «Յուշատետր» շարքին 78րդ գիրքին՝ «Պտոյտ մը Հայոց լեզուի բառարանին մէջ»ի առաջին հատորին պատկանող չորս գրութիւններ։
Խոստովանիմ, որ 2012ին հրատարակուած այս հատորը ինծի միայն ծանօթ էր մամուլի լրատուութիւններէ։ «Մարմարա»յի վաստակաւոր խմբագրին երկարամեայ ու անդուլ հետաքրքրութիւնը բառարաններու հանդէպ ամբողջովին կիսելով, ա՛լ աւելի հետաքրքրութեամբ կարդացի գրութիւնները։
Ռ. Հատտէճեանի պտոյտը, ի հարկէ, նաեւ ներսուզում մըն է իր յիշողութիւններուն դաշտին մէջ, ուր ընթերցողը կը ներքաշէ անդիմադրելի կերպով։ Ստեփանոս Մալխասեանցի քառահատոր բառարանին նուիրուած անոր էջը նաեւ անձնական դրուագ մը վերապրեցուց։ Եթէ Հատտէճեան բախտը ունեցած է Պէյրութի վերատպումը պրակ առ պրակ ձեռք բերելու՝ 1950ական թուականներու հրատարակութեան ժամանակ, ես բախտը ունեցայ... այդ վերատպումը լուսապատճէնով ձեռք բերելու 1980ին։
Մալխասեանի բառարանին օրինակները հազուագիւտ էին գրադարաններուն մէջ, հանրային թէ անձնական, իսկ անոր որեւէ մէկ հրատարակութիւնը ձեռք ձգելը Արժանթինէն՝ նիւթապէս անկարելի բան այդ տարիներուն։
Այդ տարին, չեմ յիշեր ի՞նչ պայմաններու տակ, կարողացայ հատոր առ հատոր մեր դպրոցի գրադարանէն փոխ առնել պէյրութեան 1955-56ի հրատարակութիւնը։ Բուն դրդողը հայրս էր, որ տարիներով տքնած էր ու դեռ պիտի տքնէր հայերէն-սպաներէն եւ, կեանքի վերջին չորս-հինգ տարիներուն, սպաներէն-հայերէն զոյգ բառարաններու վրայ (որոնք մնացին կիսաւարտ)։ Այդ տարիներուն լուսապատճէնի մեքենաները նոր-նոր սկսած էին մուտք գործել Արժանթին։ Ան հատորները մէկ առ մէկ ամբողջութեամբ լուսապատճէնահանեց իր գործատե-ղիին մեքենայով։ Պատճէնահանւած Մալխասեանին 2400 էջերը՝ 20 օղակաւոր թղթակալներու մէջ կոկիկ զետեղուած, յաջորդ 16 տարիներուն մեր յարկաբաժնին ամբողջ մէկ դարակը գրաւեցին եւ անընդհատ գործածուեցան։ 1996ի ամրան էր միայն, որ Երեւանի «Վերնիսաժ»էն 1944-1945ի հրատարակութիւնը ձեռք բերի եւ մեր յարկաբաժնին գրադարանային համեմատաբար սուղ պայմանները «բարելաւեցի»՝ թղթակալները (որոնք այլ հետաքրքրասէրի մը սեփականութիւնը դարձան) փոխարինելով տպագիր չորս հատորներով։
«Մարմարա»յի խմբագիրը կը գրէ, թէ «ես եթէ Հայոց երկրին Հանրապետութեան Նախագահը ըլլայի, տասը հազար օրինակ տպել կու տայի Մալխասեան Բառարանէն ու զայն ձրիաբար կը տրամադրէի հայ ընթերցողներու»։ Մարդ կրնայ միայն երեւակայել, թէ այդ բառարանը քանի՞ անգամ կը տպուէր՝ եթէ, օրինակ, անգլերէնի, ֆրանսերէնի կամ սպաներէնի բառարան ըլլար...։ Բայց բառարաններու վերատպումները հազուագիւտ եղած են Խորհրդային Հայաստանի մէջ, բացի՝ դպրոցական եւ որոշ երկլեզուեան բառարաններէ։ (Գուցէ Աճառեանի արմատական բառարանն իսկ չվերատպուէր, եթէ առաջին տպագրութիւնը ապակետիպ եղած չըլլար եւ իսկապէս անգտանելի)։ Ամէն պարագայի, ինծի ծանօթ է, որ բառարանին հինգերորդ տպագրութիւնը (երկրորդը՝ Հայաստանի մէջ) իրականացած է 2008ին, Երեւանի համալսարանի հրատարակչատան կողմէ եւ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հովանաւորութեամբ, թէեւ պարզ է, որ ո՛չ 10.000 օրինակով լոյս տեսած է եւ ո՛չ ալ ձրի կը բաժնուի։
Արդ, չեմ գիտեր, թէ սփիւռքեան Գ. եւ Դ. տպագրութիւններէն (Թեհրան, 1982 եւ Պէյրութ, 1983) օրինակներ մնացա՞ծ են։ Փակագիծի մէջ, կ՚արժէ արծարծել, երբ ետ կը նայինք, թէ ինչո՞ւ, յատկապէս անկախութեան առաջին տարիներուն, երբ Հայաստանի մէջ սփիւռքեան հրատարակութիւններու սով կար եւ բազմաթիւ կարեւոր ու անկարեւոր հրատարակութիւններ կը վերատպուէին լուսանկարչական միջոցներով, Սփիւռքի կազմակերպութիւնները փորձեր չըրին՝ Սփիւռք տպուած ու չծախուած գիրքերու բազմահարիւր օրինակներէ բաժին հանել Հայաստանի ընթերցողին։ (Ւնծի յայտնի է, որ Ալեքսանդր Խատիսեանի «Հայաստանի Հանրապետութեան ծագումն ու զարգացումը» հատորի 1968ի երկրորդ ու վերջին հրատարակութենէն հարիւրաւոր օրինակներ կային 1990ականներուն սկիզբը Պուէնոս Այրէսի մէկ գրադարանին պահեստին մէջ։ Չեմ կարծեր, որ վերջին քառորդ դարուն հայերէն գրեթէ չկարդացող արժանթինահայ համայնքը սպառած ըլլայ այդ գիրքը, իսկ Խատիսեանի հատորը այդպէս ալ չէ տպուած Հայաստանի մէջ)։ Պիտի առարկուի, որ այդ տարիներուն նիւթական ամէն ինչի սով կար երկրին մէջ, եւ, որքան որ կրկնենք «ոչ միայն հացիւ կեցցէ մարդ....», մարդոց ֆիզիքական գոյութեան ապահովումը առաջնահերթ էր։ Բայց եթէ ոչ 1990ական թուականներուն, հապա աւելի ո՞ւշ։ Սփիւռքի մտաւոր գոյութիւնն ու ժառանգութիւնը ինչպէ՞ս պիտի հաստատուէր, եթէ ոչ գիրքով։
Փակագիծը գոցելով, կ՚արժէ նշել, թէ այսօր Մալխասեան քառահատոր բառարանին վեցերորդ «տպագրութիւն» մը իրականացած է, շնորհիւ համացանցային «Նայիրի» ծրագրին (www.nayiri.org), որ մէկ հոգիի՝ Սէրուժ Ուրիշեանի մտայղացումն ու թուային զաւակն է, բարեբախտաբար՝ «Համազգային»ի եւ «Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան նիւթական աջակցութեամբ։ Ան 2005էն ի վեր համակարգիչ (բայց նաեւ խելախօս՝ smartphone) գործածող հայ մարդու ձեռքը բառարաններու մեծածաւալ հարստութիւն մը դրած է (այսօր՝ կայքէջը 45 բառարան եւ 1 գիրք ունի), զոր միայն կարելի է տեսնել նոյն յարկի տակ աշխարհի մեր ամենէն մեծ գրադարաններուն մէջ, այսինքն՝ տասնեակ մը տեղ լաւագոյն պարագային։ Թուայնացած ու որոնելի այդ բառարաններուն շարքին է Մալխասեանը, եւ կանխաւ յայտնեմ, որ 70ամեայ հնութեամբ այդ հատորները շօշափել ու համակարգիչի պաստառի վրայ զանոնք տեսնել նոյն բանը չէ՝ գէթ ինծի համար, բայց պէտք չունիմ ընդգծելու այդ նախաձեռնութեան բարիքները։
Հատտէճեանի մալխասեանական վերյուշը յատկապէս շահեկան էր նաեւ Արմենուհի Միսաքեանի իր ոգեկոչումով։ Չէի գիտեր, որ «Յառաջ»ի համբաւաւոր հիմնադիր ու Սփիւռքի (բայց ինչո՞ւ միայն Սփիւռքի) հրապարակագրութեան վաւերական սիւներէն Շաւարշ Միսաքեանը քոյր մը ունէր Պոլիս, որ շարունակած էր իր եղբօր 1910ական թուականներու երբեմնի ասպարէզը՝ գրավաճառութիւնը, 1950ական թուականներուն հայ գիրքը բերելով արտասահմանէն՝ մեծ դժուարութիւններու գնով։ «Այդ թուականներուն հայերէն գիրք ներածելն ու վաճառելը ինքնին արկածախնդրութիւն էր», կը գրէ Հատտէճեան, յիշելով որ ոստիկանութիւնը յաճախ գիրքեր կը բռնագրաւէր կամ զայն կը հրաւիրէր բացատրութիւն տալու սա կամ նա գիրքին առընչութեամբ։ Գուշակ ըլլալու պէտք չկայ, հասկնալու համար, որ Թուրքիոյ հանրապետական շրջանի հայ գիրքի ու թերթի տարածման ու պահպանման (կամ՝ ոչ-պահպանման) պատմութիւնը համայնքի բազմաթիւ չխօսուած ու չգրուած «սպիտակ էջեր»էն մէկը ըլլալու է։
Վերյուշը առիթ մըն է նաեւ կատարելու փոքրիկ, սակայն անհրաժեշտ ճշդումը յիշողութեան վրէպի մը, որ սպրդած է պոլսահայ խմբագրի գրութեան մէջ։ Մալխասեանի առաջին սփիւռքեան տպագրութիւնը կատարուած է Պէյրութի «Սեւան» հրատարակչատան կողմէ։ Այդ առիթով, Հատտէճեան վերյիշած է իր նախկին դասընկեր, արձակագիր Գեղամ Սեւանը (1926-1996), որ Պոլիսէն հեռանալով Պէյրութ, այնուհետեւ յաջողած է իրագործել Խորհրդային Հայաստան հաստատուելու իր փափաքը՝ հոն գրականագիտական վաստակ մը գումարելով։ Ծանօթ չէի այն փաստին, որ, ինչպէս յիշած է Ռ. Հատտէճեան, Գ. Սեւան պէյրութեան տարիներուն գրած է «քանի մը դժբախտ գիրքեր ալ, որոնց մէջ ան կը պախարակէր իր հին ընկերները, նաեւ զիս, յականէ յանուանէ, մեզ ամբաստանելով որպէս քաղքենի բարքերով սնած երիտասարդներ»։ Անունները չեն տրւած, բայց հետաքրքրասէրները կրնան հաւանաբար զանոնք լոյսի բերել գրադարանի մը կորսուած մէկ անկիւնէն։
Սակայն, զարմանքով կարդացի հեղինակին պնդումը, թէ Գեղամ Սեւանը կատարած է այդ բառարանին վերահրատարակութիւնը։ Արդարեւ, հանրայայտ իրողութիւն է, որ այդ բառարանին պէյրութեան երկու վերատպումները կատարած «Սեւան» հրատարակչատան հիմնադիրն ու տնօրէնը մինչեւ վերջ եղած է ծանօթ խմբագիր ու արձակագիր Սիմոն Սիմոնեանը (1914-1986), որ 1954ին վերակենդանացուցած էր նախորդ տասնամեակին գոյութիւն ունեցող համանուն ձեռնարկը [1]։ Ի դէպ, Գեղամ Սեւան իր պէյրութեան հատորներէն գէթ երկուքը՝ «Բիւրեղեայ դղեակ» (1959) եւ «Ծիծեռնակները ցածէն անցան» (1961), հրատարակած է «Սեւան» տպարանին մէջ [2]։ Արդեօք այդ փա՞ստն է, որ Ռ. Հատտէճեանի շփոթին աղբիւրը հանդիսացած է։ Կա՞մ այն, որ, ինչպէս տեղ մը կարդացած եմ (եւ կը յուսամ, որ յիշողութիւնս ինծի՛ չի դաւաճաներ), Գ. Սեւան շրջան մը գրատուն ունեցած է Պէյրութ՝ «Օմար Խայեամ» անունով [3]։
Ամէն պարագայի, գուցէ աւելորդ չէ այս փոքրիկ ճշդումը՝ Սիմոնեանի ծննդեան 100ամեակին առիթով գէթ պահ մը վերյիշելու անոր հրատարակչատան կատարած բարերար դերը՝ Պէյրութի ոսկեայ օրերուն...։
«Նոր Յառաջ», Հոկտեմբեր 6, 2014
_____
(1) Այս մասին, տե՛ս լիբանանահայ բանասէր Ժիրայր Դանիէլեանի շահեկան ակնարկը (Ժ. Դանիէլեան, Բանասիրութեան բաւիղներուն մէջ, Երեւան, 2011, էջ 473-480)։
(2) Անդրանիկ Տագէսեան եւ Արմէն Իւրնէշլեան, Լիբանանահայ գիրքը 1894-2012. մատենագիտական ցանկ, Պէյրութ, 2013, էջ 352։
(3) Այդ գրատունը 1957ին հրատարակած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Վազգէն Ա.ի ուղեւորութեան մասին հատոր մը՝ «Սեւան» հրատարակչատան հետ (անդ, էջ 34)։
_____
(1) Այս մասին, տե՛ս լիբանանահայ բանասէր Ժիրայր Դանիէլեանի շահեկան ակնարկը (Ժ. Դանիէլեան, Բանասիրութեան բաւիղներուն մէջ, Երեւան, 2011, էջ 473-480)։
(2) Անդրանիկ Տագէսեան եւ Արմէն Իւրնէշլեան, Լիբանանահայ գիրքը 1894-2012. մատենագիտական ցանկ, Պէյրութ, 2013, էջ 352։
(3) Այդ գրատունը 1957ին հրատարակած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Վազգէն Ա.ի ուղեւորութեան մասին հատոր մը՝ «Սեւան» հրատարակչատան հետ (անդ, էջ 34)։
No comments:
Post a Comment