Showing posts with label Գեղամ Սեւան. Show all posts
Showing posts with label Գեղամ Սեւան. Show all posts

9.10.14

«Մալխասեան բառարան»ը եւ յարակից բաներ

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

Օգոստոս 23իր իր ամառ­նա­յին թի­ւին մէջ, «Նոր Յա­ռաջ»ը ար­տատպած էր Ռո­պէր Հատ­տէ­ճեանի «Յու­շա­տետր» շար­քին 78րդ գիր­քին՝ «Պտոյտ մը Հա­յոց լե­զուի բա­ռարա­նին մէջ»ի առա­ջին հա­տորին պատ­կա­նող չորս գրու­թիւններ։
Խոս­տո­վանիմ, որ 2012ին հրա­տարա­կուած այս հա­տորը ին­ծի միայն ծա­նօթ էր մա­մու­լի լրա­տուու­թիւննե­րէ։ «Մար­մա­րա»յի վաս­տա­կաւոր խմբագ­րին եր­կա­րամեայ ու ան­դուլ հե­տաքրքրու­թիւնը բա­ռարան­նե­րու հան­դէպ ամ­բողջո­վին կի­սելով, ա՛լ աւե­լի հե­տաքրքրու­թեամբ կար­դա­ցի գրու­թիւննե­րը։