ՆՈՐ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՈՒ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԴԻՄԱՑ...
ԴՈԿՏ. ԿԱՐԱՊԵՏ ՄՈՄՃԵԱՆ
ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
Ա- ՄՈՒՏՔՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
Շատ
հաւանաբար, ընթերցողը որոշ զարմանք ու շուարում պիտի զգայ կարդալով մեր
յօդուածին խորագիրը: Խնդիրը այն է, որ սոյն յօդուածով արծարծուող
պատմա-քաղաքական հարցերը ծայր աստիճան խրթին են ու անոնց վերլուծական
պարզացումը հատորներու կը կարօտի: Չունենալով նման լայնածաւալ հարթակ՝ պիտի
փորձենք այս խիտ տողերով կատարել որոշ ընդգծումներ: Հետեւաբար, եթէ որոշ
պարագաներու մանրազնին վերլուծման կարօտող հարցերը ներկայացնենք քանի մը
նախադասութեամբ՝ այդ պարագային կ’ապաւինինք հարցերուն տեղեակ ընթերցողին՝
անոնց նկատմամբ որոշ ծանօթութեան: