6.9.14

Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Խաչիկ Պապիկեան» հրատարակչական հիմնադրամին մրցանքը՝ Մեծ Եղեռնի 100ամեակին առիթով

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Խաչիկ Պապիկեան» հրատարակչական հիմնադրամի յանձնախումբը, հրատարակչական ծրագիրներուն առընթեր եւ Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով որոշեց քաջալերել երիտասարդական շրջանակներու գիտահետազօտական բնոյթի աշխատասիրութիւնները եւ այդ նպատակին համար հաստատեց դրամական պարգեւներ: Իւրաքանչիւր մրցանակի արժանացողը կը ստանայ 5000 ամերիկեան տոլար:
Մրցանակներու արժանացող ուսումնասիրութիւնները պիտի հրատարակուին: Մասնակիցները պէտք է նկատի ունենան հետեւեալ պայմանները.
1. Աշխատանքները պէտք է քննարկեն, գիտական ու ակադեմական մօտեցումով, Հայոց Ցեղասպանութեան, Հայ Դատին եւ հայ քաղաքական միտքի զարգացման վերաբերող նիւթեր.
2. Աշխատասիրութիւնները իրենց շօշափած նիւթով ու մօտեցումով կարեւոր նպաստ պէտք է բերեն վերոնշեալ մարզերուն մէջ.
3. Գործերու յանձնումի ժամկէտը նկատի ունենալ 28 Փետրուար 2015ը.
4. Աշխատանքները պէտք է ըլլան անտիպ, հայերէն կամ օտար լեզուներով.
5. Մասնակիցներուն տարիքն է 20էն 35.
6. Ուսումնասիրութիւն մը կրնայ ունենալ մէկէ աւելի հեղինակներ.
7. Տառատեսակը նկատի ունենալ «Գրապալատ» (GHEA Grapalat, http://mincult.am/fonts.html), տառաչափը՝ 12 կէտ/pt: Տողերու հեռաւորութիւնը՝ տողամիջոցը 24 կէտ/pt: Համակարգչային A4 էջաչափ՝ 29-30 տող, նուազագոյնը 200 էջ: Տողերու նշաքանակը (character count) 59-60: Իւրաքանչիւր էջի վրայ նուազագոյնը՝ 1.800 նիշ/character, միջոցները/space ներառեալ: Էջատակի ծանօթագրութիւնները (footnotes) 10 կէտ/pt տառաչափով, 20 կէտ/pt տողամիջոցով:
Աշխատասիրողները մասնակցութեան պայմաններուն վերաբերեալ որեւէ հարցի համար կրնան դիմել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Խաչիկ Պապիկեան» հրատարակչական հիմնադրամի յանձնախումբին։
Հասցէ՝
Khatchig Babikian Literary Fund
Armenian Catholicosate of Cilicia
P.O. Box 70317
Antelias, Lebanon
Email: chancellor@armenianorthodoxchurch.org




No comments:

Post a Comment