Showing posts with label «Խաչիկ Պապիկեան» հրատարակչական հիմնադրամ. Show all posts
Showing posts with label «Խաչիկ Պապիկեան» հրատարակչական հիմնադրամ. Show all posts

6.9.14

Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Խաչիկ Պապիկեան» հրատարակչական հիմնադրամին մրցանքը՝ Մեծ Եղեռնի 100ամեակին առիթով

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Խաչիկ Պապիկեան» հրատարակչական հիմնադրամի յանձնախումբը, հրատարակչական ծրագիրներուն առընթեր եւ Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով որոշեց քաջալերել երիտասարդական շրջանակներու գիտահետազօտական բնոյթի աշխատասիրութիւնները եւ այդ նպատակին համար հաստատեց դրամական պարգեւներ: Իւրաքանչիւր մրցանակի արժանացողը կը ստանայ 5000 ամերիկեան տոլար: