Showing posts with label «Մրջիւններու վերջալոյսը». Show all posts
Showing posts with label «Մրջիւններու վերջալոյսը». Show all posts

5.8.15

Հերվէ Ժորժըլէն. «Զաւէն Պիպեռեանի վէպը իմ կեանքս լուսաւորեց»

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
 
Ֆրանսացի պատմաբան  Հերվէ  Ժորժըլէն  ֆրանսերէնի թարգմանած է պոլսահայ    վիպագիր Զաւէն Պիպեռեանի «Մրջիւններու վերջալոյսը» կոթողական  վէպը: «Արեւելք» այս առթիւ  հարցազրոյց մը ունեցաւ  թարգմանիչին հետ: Թէեւ  Զաւէն Պիպեռեանի անունը  մեծ  ճանաչում չի վայելեր հայկական  գրասէր հանրութեան մօտ, սակայն անոր արժէքաւոր գործը կը հաւատանք, որ երկար  ժամանակ պիտի   հանդիսանայ ուշադրութեան եւ միանագամայն գնահատանքի արժանի ուրոյն գործ:  Նշենք, որ Հէրվէ Ժորժըլէն ներկայիս կ'ապրի Ֆրանսա եւ այցելու դասախօս է Աթէնքի մէջ: