Showing posts with label Ազգային Ժողով. Show all posts
Showing posts with label Ազգային Ժողով. Show all posts

1.5.18

Ներառական քաղաքական ինստիտուտների անհրաժեշտութեան մասին

ՀԱՄԱԶԱՍՊ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ

ՆԵՐԱԾՈՒԹԵԱՆ ՓՈԽԱՐԷՆ
Այս յօդուածը սկսել եմ գրել դեռ Ապրիլի 19-ից, երբ նոր էր տեղի ունեցել Սերժ Սարգսեանի՝ վարչապետ դառնալու քուէարկութիւնը Ազգային Ժողովում, եւ ամենեւին էլ յստակ չէր, թէ ինչպիսի ելք կարող էր ունենալ թափ առնող քաղաքական շարժումը, եւ բացառուած չէին նաեւ շատ աւելի դրամատիկ զարգացումները: Յօդուածի նպատակը պարզ էր՝ նախանշել քաղաքական համակարգի զարգացման որոշակի սկզբունքներ՝ ի ցոյց դնելով, որ ստեղծուած իրավիճակի պատճառը տարիներ շարունակ մասնակցային քաղաքական ինստիտուտների կառուցման յետաձգումն է կամ, լաւագոյն դէպքում, իմիտացիան: Ուստի, կարեւր էր ոչ միայն ախտորոշում իրականացնել, այլեւ կոնկրետ առաջարկներով ներկայացնել այդ սկզբունքների իրականացման որոշակի եղանակներ: Այս մէկ շաբաթուայ ընթացքում դէպքերը այնպիսի արագութեամբ են զարգացել, որ առանձին դրուագների վերանայման անհրաժեշտութիւն է եղել: Այդուհանդերձ, յօդուածի առանցքային գաղափարը, որ փորձելու եմ փաստարկել ստորեւ, հաւատացած եմ, որ արդիական է եղել եւ մնում` անկախ քաղաքական դերակատարների անուններից եւ քաղաքական ուժերի յարաբերակցութիւնից: Սա նշանակում է, որ պնդումս հիմնաւոր է, եւ աւելի երկարաժամկէտ համակարգային լուծումների հասնելու անհրաժեշտութիւնից է ելնում:

30.8.16

Խանգարուած պետական համակարգ

Ժ. Չ.
 
Յուլիս-Օգոստոսին Հիմնադիր Խորհրդարանի «Սասնայ ծռեր» զինեալ խումբին կողմէ պարեկապահակային ոստիկանական գունդի գրաւումը դեռ կը զբաղեցնէ հայաստանեան քաղաքական օրակարգը։ Հանրահաւաքները իրենց ուժականութիւնը կորսնցուցած են, այսուհանդերձ երեւանեան ժողովրդային խաւերու մօտ իշխանութեան հանդէպ զայրոյթը կը մնայ բարձր աստիճանի։ Այս երեւոյթը կը սնանի նաեւ դատական հետապնդումներու ամէնօրեայ իրադարձութիւններով։ Արդարադատութեան ոտնձգութիւնները կը հրահրեն դժգոհութեան ճակատը։

19.11.13

Նիստի խափանումն ու արտախորհրդարանական միջավայրերը

Դրական միտում կարելի էր նկատել Հայաստանի օրէնսդիր դաշտին մէջ կենսաթոշակային համակարգի մասին բարեփոխումներ բերելու նախաձեռնութիւնները։ Ի վերջոյ սկզբունքով անոնք պէտք է միտուած ըլլային աղքատութեան յաղթահարման փորձերով ժողովրդագրական վիճակագրութիւններու եզրակացուցած տխուր տուեալները բարելաւելու։ Այդպէս չեղաւ սակայն։

10.9.13

Սամուէլ Ալեքսանեանը իր հարստութեամբ միայն Գագիկ Ծառուկեանին կը զիջի Ազգային Ժողովին մէջ

«Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութիւնը Հայաստանի Ազգային Ժողովի ամենահարուստ խմբակցութիւնն է. խմբակցութեան 36 պատգամավորները միասին յայտարարագրած են 98.100.000 տոլարի համարժէք գումարի ունեցուածք: «Արմենփրէս»-ի հաղորդումով, այս տուեալները Սեպտեմբեր 5-ին ներկայացուեցան «Մանդատ» հասարակական կազմակերպութեան կողմէ, որ հետեւած էր Ազգային Ժողովի պաշտօնական կայքէջի տուեալներուն:

27.6.13

Հայաստան եւ realpolitik

Ժ.Չ.

Հայաստանի ընտրութիւններէն ետք, Հանրապետական կուսակցութեան բացարձակ «յաղթանակ»ի գինը այսօր կը վճարէ Հայաստանի հանրապետութիւնը եւ իր հետ՝ Արցախն ու Սփիւռքը։ Դեռ հազիւ մէկ ու կէս ամիս անցած Երեւանի քաղաքապետական ընտրութենէն, ահա «ռէալփոլիթիք»ի բոլոր հետեւորդները, Սերժ Սարգսեանի պաշտպանները, որոնց համար Սերժիկը ճիշդ անձն էր, որ գիտէր ռուսին հետ խօսիլ իր լեզուով, միաժամանակ բանակցիլ՝ եւրոպացիներուն հետ՝ անոնց լեզուով, այսօր ալ նոյն անմեղութեամբ կը դիտեն «ռէալփոլիթիք»ի միւս երեսը՝ ռուսական կազի գինին 68 տոկոսի յաւելումը, Գազպրոմ ընկերութեան կողմէ ՀայՌուսԳազԱրդ-ի (Հայաստանի մէջ կազի բաշխիչ ցանցերու սեփականատէր ընկերութիւնը) մէջ պետութեան մնացեալ 20 տոկոսի շահաբաժինի գնելու մասին բանակցութիւնը, իրանական կազի գինին մասին գաղտնապահութիւնը, Ատրպէյճանին մէկ միլիառ արժողութեամբ ռուսական զէնքի վաճառքի ընկալումը, վարչապետին եւ Արարատեան թեմի առաջնորդի «օֆշոր» ընկերութեան յայտնաբերումը, որ տուրքերէ խուսափումի միջոց է, այսինքն՝ պետական եկամուտի կողոպուտ, Ազգային Ժողովի մէջ Վերահսկիչ պալատի նախագահ՝ Իշխան Զաքարեանի ներկայացուցած 2012ի հաշուետուութիւնը, ուր բացէ ի բաց կ՚ընդգծուի կառավարութեան կողմէ պետական պիւտճէի 70 առ հարիւրի կողոպուտը նախարարութիւններու կողմէ, Ազգային Ժողովի նախագահին եւ վարչապետին՝ երկրին հարստութիւնը կողոպտելու մեղքով իրարու յղած ամբաստանութիւնները։

27.1.12

Թեղո՞ւտ, Պղնձո՞ւտ, թէ՞ Վալեքսուտ. յանցագործութիւնների խրոնիկա

ՍՏԵՓԱՆ ՍԱՖԱՐԵԱՆ
 
Յունուարի 15-ին, երբ բնապահպան ակտիւիստներով հասանք Թեղուտ, գիւղը կարծես նիրհում էր Շնող գետի աջ ափին` սարալանջին: Չհաշուած Շնողի մօտակայքում մեզ սպասող ոստիկանների կողմից «հարցաքննվելը», թէ ինչ ծրագիր ունենք օրուայ համար, ամէն ինչ շատ խաղաղ էր մինչեւ որ հատուած թեղիների, կաղնիների ու հաստաբուն այլ ծառերի սարսափազդու գերեզմաննոցը տեսնելուց ու մի քանի կիլոմետր սարն ի վեր բարձրանալուց յետոյ հասանք լանջի գագաթից դէմներս բացուող հրաշքին. ձախ թեւին փռուած էր Թեղուտ գիւղը, իսկ դիմացներս` Խառատանոց անուանումը կրող հովիտը, որտեղ հանքի պոչամբարն է լինելու: Իսկ հեռուի բարձունքում` կուսական անտառն էր, որը հատւում է ու դեռ պէտք է հատուի:

20.4.11

Բոլոր քաղաքացիները «հաւասար» են օրէնքին առջեւ

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

Քսանամեակ մը առաջ, «մաֆիա» բառը եկած ու բազմած էր հայաստանեան կեանքին մէջ։ Որքան որ սկիզբը ճիգեր կը թափէինք հասկնալու եւ մենք մեզ համոզելու, որ սիկիլիական մաֆիան եւ նորանկախ Հայաստանի տնտեսական լծակները իրենց ձեռքը առնող մարդիկը նոյն բանը չէին, ի վերջոյ հեռատեսիլը եկաւ մեզ հերքելու եւ «Որոգայթ» ու այլեւայլ պէսպիսուն անուններով «սերիալներ» անգամ մը եւս փաստեցին, որ արուեստը կը հետեւի կեանքին։ (Հոգ չէ, թէ ատիկա ո՛չ արուեստ է, իսկ նկարագրածը՝ ո՛չ կեանք)։ «Մաֆիա»յին յաջորդեց, բնականաբար եւ ի հետեւումն ռուսական օրինակին (արդէն կարծէք ամէն ինչ կը հետեւի ռուսական «մեծ եղբօր» օրինակին), «օլիգարխ» բառը, որ առօք-փառօք մտած է հայաստանեան կեանքին մէջ։